Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ18 թիւ 2 էջ 12
  • 9 Ինքնութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 9 Ինքնութիւն
  • Զարթի՛ր 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
  • Ի՞նչ տեսակ անձ մըն եմ
    Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
  • Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Քրիստոնեայ ըլլալով պարծեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Պատանի զաւակիդ հետ առանց վիճելու խօսակցէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2018
զ18 թիւ 2 էջ 12
Պատանի մը հաստատ կը կենայ ծառի մը քով, որ հովէն կը ծռի

Երբ քու անձդ շատ լաւ կը ճանչնաս, զօրաւոր փոթորիկներու կրնաս դիմադրել

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

9 Ինքնութիւն

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Ինքնութիւնդ միայն անունդ եւ երեւոյթդ չէ։ Անոր մէջ կան չափանիշներդ, հաւատալիքներդ եւ անձնաւորութիւնդ։ Իրականութեան մէջ, ինքնութիւնդ կը պարփակէ որեւէ բան որ քեզի հետ կապ ունի. դուն՝ թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Երբ դուն քեզ լաւ կը ճանչնաս, հաւատալիքներդ կը պաշտպանես, փոխանակ տարեկիցներուդ թոյլ տալու, որ կեանքդ կառավարեն։

«Շատ մը մարդիկ կը նմանին խանութին ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուած արձանին. ինք չ’ընտրեր իր հագածը, ուրիշնե՛րը կ’ընտրեն» (Ատրիան)։

«Սորված եմ ճիշդին կողմը բռնել, նոյնիսկ եթէ դժուար է։ Գիտնալու համար թէ իսկական բարեկամներս որո՛նք են, կը նայիմ անհատին վարուելակերպին եւ թէ ե՛ս ինչպէս կը վարուիմ երբ իրեն հետ ըլլամ» (Քորթնի)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։2)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Զօրաւոր կէտերդ, տկար կէտերդ եւ համոզումներդ վերլուծելով՝ լաւ ճանչցիր թէ հիմա ինչպիսի՛ անձ մըն ես եւ ապագային ինչպիսի՛ անձ մը կ’ուզես ըլլալ։ Սկսելու համար, պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն։

Զօրաւոր կէտեր. Ի՞նչ տաղանդներ եւ ձիրքեր ունիմ։ Ի՞նչ բաներու մէջ լաւ եմ (օրինակ. ինքնազսպում ունի՞մ, ճշդապա՞հ եմ, աշխատասէ՞ր եմ, առատաձե՞ռն եմ)։ Ի՞նչ օգտակար բաներ կ’ընեմ։

ԱՌԱՋԱՐԿ. Եթէ դժուարութիւն կ’ունենաս մէջդ լաւ կէտեր գտնելու, ծնողքիդ կամ վստահելի բարեկամի մը հարցուր, թէ ի՛նչ զօրաւոր կէտեր կը տեսնէ քու մէջդ, եւ ատոնք ի՛նչ մասնայատուկ կերպերով յայտնի կ’ըլլան։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու» (Գաղատացիս 6։4, ՆԹ)։

Տկար կէտեր. Անձնաւորութեանս ո՞ր կէտերուն վրայ ամէնէն շատ պէտք է աշխատիմ։ Մասնաւորաբար ո՞ր պարագաները փորձութիւն են ինծի համար։ Ո՞ր մարզերուն մէջ պէտք է աւելի ինքնազսպում ունենամ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Եթէ ըսենք թէ ‘Մենք մեղք մը չունինք’, ինքզինքնիս կը խաբենք» (Ա. Յովհաննէս 1։8)։

Համոզումներ. Ի՞նչ բարոյական չափանիշներու կը հետեւիմ, եւ ինչո՞ւ։ Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատա՞մ. ի՞նչ փաստ ունիմ։ Ո՞ր արարքները անարդար կը նկատեմ, եւ ինչո՞ւ։ Ապագային նկատմամբ ի՞նչ համոզումներ ունիմ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ» (Առակաց 2։11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել