Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 1 էջ 5-7
  • Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՏԱԿԱՐ ԿԱՄ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԸԼԼԱԼ
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Ճնշուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
  • Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել
    Զարթի՛ր 2020
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 1 էջ 5-7
Գործի մարդ մը կ’աճապարէ դէպի գրասենեակին շէնքը։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը

Ճնշուածութիւնը (սթրես) մարմնիդ հակազդեցութիւնն է դժուար պարագայի մը։ Ուղեղդ բազմաթիւ հորմոններ կ’ուղարկէ մարմնիդ բոլոր մասերուն։ Անոնք սրտազարկը կ’աւելցնեն, արեան ճնշումը կը բարձրացնեն, շնչառութիւնը կ’արագացնեն եւ մկանները կը պրկեն։ Լիովին գիտակցելէ առաջ, թէ մարմնիդ մէջ ի՛նչ կը պատահի, մարմինդ արդէն գործի լծուելու պատրաստ է։ Երբ ճնշիչ հանգրուանը վերջ գտնէ, մարմինդ իր լարուած վիճակէն դուրս կու գայ։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՏԱԿԱՐ ԿԱՄ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԸԼԼԱԼ

Ճնշուածութիւնը բնական հակազդեցութիւն է, որ քեզի կ’օգնէ դժուար կամ վտանգաւոր պարագաներ դիմագրաւելու։ Անիկա կը սկսի ուղեղիդ մէջ։ Օգտակար ճնշուածութիւնը քեզ կարող կը դարձնէ, որ արագօրէն գործես կամ հակազդես։ Որոշ չափի ճնշուածութիւնը նաեւ կրնայ օգնել, որ նպատակակէտերուդ հասնիս կամ աւելի արդիւնաբեր ըլլաս, թերեւս երբ քննութիւն կու տաս, գործի տեսակցութիւն կ’ունենաս կամ մարզական մրցումի մը կը մասնակցիս։

Սակայն երկարատեւ, չափազանց կամ մնայուն ճնշուածութիւնը կրնայ քեզի վնասել։ Երբ մարմինդ կրկին անգամ կամ յարատեւօրէն լարուած վիճակի մէջ ըլլայ, կը սկսիս ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ մտովի տուժել։ Վարքդ, ներառեալ՝ ուրիշներու հետ վարուելու կերպդ, կրնայ փոխուիլ։ Մնայուն ճնշուածութիւնը կրնայ նաեւ ճամբան հարթել, որ անհատը թմրեցուցիչ գործածելու եւ ուրիշ վնասակար սովորութիւններու դիմէ։ Անիկա նոյնիսկ կրնայ ընկճուածութեան, գերյոգնութեան կամ անձնասպանութեան առաջնորդել։

Ճնշուածութիւնը ամէն մարդու նոյն կերպով չ’ազդեր, բայց բազմաթիւ հիւանդութիւններու դուռ կը բանայ։ Եւ կրնայ մարմնին գրեթէ բոլոր անդամներուն վնաս հասցնել։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՄԻՆԻԴ ՎՐԱՅ

Ջղային համակարգ։

Մարդ մը, ճակատը ձեռքին յենուած, ճնշուածութեան ազդեցութիւնը կը զգայ։

Ջղային համակարգդ պատճառ կ’ըլլայ, որ արձակուին հորմոններ, ինչպէս՝ էտրինէլին եւ քորթիզոլ։ Անոնք կ’աւելցնեն սրտազարկը, արեան ճնշումը եւ արեան մէջ քաղցրուցի քանակը, ինչ որ կ’օգնէ որ վտանգին արագօրէն հակազդես։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • դիւրագրգռութիւն, մտահոգութիւն, ընկճուածութիւն, գլխացաւեր, քնատութիւն

Ոսկրամկանային համակարգ։

Մկաններդ կը պրկուին քեզ վնասէ պաշտպանելու համար։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • մարմնային ցաւեր, գլխացաւեր, մկանային կծկում

Շնչառական համակարգ։

Աւելի արագ կը շնչես, որպէսզի մարմինիդ մէջ աւելի թթուածին մտցնես։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • կարճ ու ետեւ–ետեւի շնչառութիւն, ինչպէս նաեւ յանկարծական վախ եւ խուճապի մատնուիլ, անոնց պարագային՝ որոնք ատոր հակամէտ են

Սրտանօթային համակարգ։

Սիրտդ աւելի արագ եւ ուժգին կը տրոփէ, ամբողջ մարմինիդ արիւն հասցնելու համար։ Արեան անօթները կ’ընդլայնին կամ կը նեղնան, որպէսզի արիւնը ուղղեն ո՛ւր որ անոր շատ աւելի կարիք կայ, ինչպէս՝ մկանները։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • արեան գերճնշում, սրտի տագնապ, կաթուած

Ներքնահոս համակարգ։

Գեղձերդ էտրինէլին եւ քորթիզոլ հորմոնները կ’արտադրեն, որոնք կ’օգնեն որ մարմինը ճնշուածութեան հակազդէ։ Լեարդը արեան մէջ շաքարի քանակը կ’աւելցնէ, որպէսզի քեզի յաւելեալ ոյժ տայ։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • շաքարախտ, տկար վարակամերժութիւն եւ աւելի յաճախ հիւանդանալ, փոփոխական տրամադրութիւն, գիրութիւն

Ստամոքսաղիքային համակարգ։

Ուտելիքը մարսելու գործողութիւնը կը խանգարուի։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • սիրտխառնուք, փսխում, փորհարութիւն, փորի պնդութիւն

Վերարտադրողական համակարգ։

Ճնշուածութիւնը կրնայ սեռային փափաքին եւ արարքին ազդել։ Չափէ դուրս ճնշուածութիւնը կրնայ պատճառել՝

  • սեռազրկութիւն, դաշտանի խանգարում

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել