Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 1 էջ 8-13
  • Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ջանա՛ օրը օրին ապրիլ
  • Պատշաճ չափանիշներ դիր
  • Գիտցիր ի՛նչը քեզ կը ճնշէ
  • Ջանա՛ կազմակերպուած ըլլալ
  • Հաւասարակշռութիւն պահէ
  • Առողջութեանդ հոգ տար
  • Առաջնահերթութիւններ դիր
  • Օգնութիւն խնդրէ
  • Հոգեւոր կարիքներդ հոգայ
  • Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը
    Զարթի՛ր 2020
  • Ճնշուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 1 էջ 8-13
Երջանիկ ու ինքնավստահ կին մը մեծ քաղաքի մը մէջ։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել

Ճնշուածութենէ հանգստանալու համար, հարկ է որ մտածես ֆիզիքական առողջութեանդ մասին, ուրիշներուն հետ վարուելակերպիդ մասին եւ կեանքի նպատակակէտերուդ ու առաջնահերթութիւններուդ, այսինքն՝ քեզի համար իրապէս կարեւոր եղող բաներուն մասին։ Այս յօդուածը կարգ մը գործնական սկզբունքներ կը ներկայացնէ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլես։

Ջանա՛ օրը օրին ապրիլ

Երջանիկ ու ինքնավստահ կին մը մեծ քաղաքի մը մէջ կը քալէ։

«Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 6։34)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Առօրեայ հոգերը կեանքին մէկ մասն են։ Բայց այսօրուան հոգերուն վրայ մի՛ աւելցներ վաղուան հոգերը։ Ջանա՛ օրը օրին ապրիլ։

  • Ճնշուածութիւնը կրնայ մտահոգութիւն պատճառել։ Ուստի հետեւեալը փորձէ. Առաջին, գիտակցէ թէ անպայման որոշ ճնշուածութիւն պիտի ունենաս։ Երբ մտահոգուիս բաներու մասին, որոնք անխուսափելի են, ճնշուածութիւնդ կ’աւելնայ։ Երկրորդ, ըմբռնէ թէ յաճախ մեր մտավախութիւնները չեն իրականանար։

Պատշաճ չափանիշներ դիր

‘Վերին իմաստութիւնը բանաւոր է’ (ՅԱԿՈԲՈՍ 3։17, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Կատարելութիւն մի՛ փնտռեր։ Դուն քեզմէ կամ ուրիշներէ շատ բան մի՛ ակնկալեր։

  • Համեստ եղիր, չափաւոր ու տրամաբանական չափանիշներ դիր, եւ գիտցիր թէ՛ քու եւ թէ ուրիշներուն սահմանափակումները։ Այսպէս, ճնշող մթնոլորտը կը փարատես ու յաջողութեան հասնիլը կը դիւրացնես։ Նաեւ զուարթամիտ եղիր։ Երբ խնդաս,– նոյնիսկ եթէ սխալ բան մը պատահի,– լարուածութիւնը կը թեթեւցնես եւ տրամադրութիւնդ կը բարձրացնես։

Գիտցիր ի՛նչը քեզ կը ճնշէ

«Խորատես մարդը հանդարտ պիտի մնայ» (ԱՌԱԿԱՑ 17։27, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Ժխտական զգացումները կրնան միտքդ պղտորել, ուստի ջանա՛ հանդարտ մնալ։

  • Տես թէ ի՛նչ բան քեզ կը ճնշէ, եւ թէ ատոր ինչպէ՛ս կը հակազդես։ Օրինակ, երբ ճնշուիս, ուշադրութիւն ընծայէ մտածումներուդ, զգացումներուդ եւ վարուելակերպիդ. կրնաս նոյնիսկ զանոնք գրի առնել։ Երբ աւելի գիտակից կը դառնաս, թէ ճնշուածութեան ինչպէ՛ս կը հակազդես, կրնաս աւելի դիւրաւ անոր հետ գլուխ ելլել։ Նաեւ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ճնշուածութիւն պատճառող բաներէ ձերբազատուիլ։ Եթէ այդ մէկը անկարելի է, փնտռէ կերպեր, որոնցմով կրնաս անոնց ազդեցութիւնը տկարացնել, թերեւս աւելի լաւ կերպով կազմակերպելով պարտականութիւններդ կամ ժամանակդ։

  • Ջանա՛ հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտել։ Ի՛նչ որ քեզ կը ճնշէ, կրնայ ուրիշը չճնշել, քանի որ ի՛նչ տեսակէտ ունենալը խնդրոյ առարկայ է։ Նկատի առ հետեւեալ երեք առաջարկները.

    1. Մարդոց արագօրէն սխալ շարժառիթներ մի՛ վերագրեր։ Օրինակ, մէկը թերեւս շարքին մէջ առջեւդ կտրելով քեզմէ առաջ անցնի։ Եթէ խորհիս որ անոր ըրածը անկրթութիւն է, կրնաս տակնուվրայ ըլլալ։ Փոխարէնը, ինչո՞ւ չենթադրես թէ ան լաւ մղումով վարուեցաւ։

    2. Պարագայի մը դրական կողմը տես։ Օրինակ, հիւանդներու կամ օդակայանի սպասասրահին մէջ երկար սպասելը աւելի տանելի պիտի ըլլայ, եթէ ժամանակը գործածես կարդալու, գործիդ վերաբերեալ բան մը ընելու կամ ե–նամակներուն նայելու։

    3. Մեծ պատկերը միշտ միտքդ պահէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Այս խնդիրը վաղը կամ գալ շաբաթ մեծ հարց պիտի ըլլա՞յ’։ Չնչին կամ ժամանակաւոր հարցերը զատորոշէ աւելի լուրջ հարցերէն։

Ջանա՛ կազմակերպուած ըլլալ

Կին մը իր սմարթֆոնին մէջ էփ մը կը գործածէ, որ առօրեայ ընելիքները ծրագրէ։

«Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ» (Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 14։40)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Ջանա՛ կեանքդ կազմակերպուած պահել։

  • Կը սիրենք որոշ չափով կազմակերպուած կեանք ունենալ։ Բան մը, որ անկարգութիւն եւ հետեւաբար ճնշուածութիւն կը պատճառէ, ձգձգումն է։ Անիկա չամբողջացած պարտականութիւններու ցանկը կ’երկարէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ հետեւեալ երկու առաջարկները փորձես.

    1. Գործնական յայտագիր մը պատրաստէ, եւ անոր կառչէ։

    2. Բնորոշէ ու սրբագրէ որեւէ բան, որ քեզ կը մղէ ընելիք մը ձգձգելու։

Հաւասարակշռութիւն պահէ

«Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (ԺՈՂՈՎՈՂ 4։6)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Աշխատամոլները կրնան իրենք զիրենք զրկել իրենց ծանր աշխատանքին օգուտները քաղելէ։ Անոնք թերեւս ժամանակ կամ ոյժ չունենան իրենց աշխատանքին արդիւնքը վայելելու։

  • Գործին եւ դրամին հանդէպ իրապաշտ տեսակէտ ունեցիր։ Աւելի դրամ ձեռք ձգելը չի նշանակեր աւելի ուրախ ըլլալ կամ նուազ ճնշուածութիւն ունենալ։ Իրականութեան մէջ, հակառակը կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Ժողովող 5։12–ը կ’ըսէ. «Հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։ Ուրեմն ջանա՛ վերմակիդ չափով ոտքերդ երկնցնել։

  • Ժամանակ տրամադրէ հանգստանալու։ Ճնշուածութիւնը կը թեթեւնայ, երբ սիրած բաներդ կ’ընես։ Սակայն, գործունէութիւն չպահանջող ժամանցը, ինչպէս հեռատեսիլ դիտելը, կրնայ օգտակար չըլլալ։

  • Արհեստագիտութեան գործածութիւնդ իր սահմանին մէջ պահէ։ Անդադար մի՛ ստուգեր ե–նամակները, կարճ հաղորդագրութիւնները կամ ընկերային ցանցերը։ Գործի ժամերէն դուրս, գործին վերաբերեալ ե–նամակները մի՛ բանար, բացի եթէ պարագան կը պահանջէ։

Առողջութեանդ հոգ տար

Դաշտին մէջ, երիտասարդ մը ժպտելով կը վազէ։

«Մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են» (Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։8, ՆԹ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Կանոնաւորաբար մարզանք ընելը առողջութեան կը նպաստէ։

  • Առողջութեանդ նպաստող սովորութիւններ մշակէ։ Ֆիզիքական գործունէութիւնը կրնայ տրամադրութիւնդ բարձրացնել եւ բարելաւել մարմինիդ հակազդեցութիւնը ճնշուածութեան։ Սննդարար ուտելիք կեր, եւ մի՛ փախցներ ճաշելու սովորական պահերդ։ Անպայման բաւարար հանգիստ ըրէ։

  • Ճնշուածութեան դէմ դնելու համար վնասակար «լուծումներու» մի՛ դիմեր, ինչպէս՝ ծխել կամ թմրեցուցիչ եւ չափազանց ալքոլ գործածել։ Ժամանակի ընթացքին, ասոնք ճնշուածութիւնդ կ’աւելցնեն, թերեւս առողջութիւնդ ու ճակտի քրտինքով շահած դրամդ խլելով։

  • Եթէ ճնշուածութիւնդ ահռելի դառնայ, բժիշկիդ հետ կապ պահէ։ Մասնագիտական օգնութիւն ստանալը չի նշանակեր, որ ձախող մէկն ես։

    «ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՕԳՆԷ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆԴ ՎԵՐՋ ԴՆԵԼՈՒ»

    «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ» (ԱՌԱԿԱՑ 11։17)։

    Overcoming Stress գիրքին գլուխներէն մէկուն խորագիրն է՝ «Ազնուութիւնը կ’օգնէ ճնշուածութեանդ վերջ դնելու»։ Ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ վարուիլը, ըստ հեղինակին՝ տոքթ. Թիմ Գէնդըֆըր, կրնայ առողջութեան եւ ուրախութեան նպաստել։ Միւս կողմէ, անազնիւ կամ կոշտ անձը ինքզինք ապերջանիկ կը դարձնէ, քանի որ ուրիշները իրմէ կը խուսափին։

    Կրնանք նաեւ ճնշուածութենէն հանգստանալ՝ մեր անձին հետ ազնուութեամբ վարուելով։ Օրինակ, պէտք չէ մեր անձէն խիստ կամ անտրամաբանական բաներ պահանջենք։ Ո՛չ ալ պէտք է մեր անձին ցած աչքով նայինք։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մարկոս 12։31)։

Առաջնահերթութիւններ դիր

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1։10, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Առաջնահերթութիւններդ ուշադրութեամբ քննէ։

  • Ընելիքներդ կարեւորութեան շարքով ցուցակագրէ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ աւելի կարեւոր գործերու վրայ կեդրոնանաս, եւ պիտի յայտնէ թէ ո՛ր գործերը կրնաս յետաձգել, ուրիշի յանձնել կամ նոյնիսկ չեղեալ ընել։

  • Մէկ շաբաթ ժամանակի գործածութիւնդ գրի առ։ Ետքը, մտածէ թէ ինչպէ՛ս ժամանակդ աւելի լաւ կերպով գործածես։ Ո՛րքան աւելի ժամանակդ հակակշռի տակ առնես, ա՛յնքան նուազ ճնշուած պիտի զգաս։

  • Ժամանակ տրամադրէ հանգստանալու։ Նոյնիսկ կարճ դադար առնելը կրնայ ուժդ նորոգել եւ ճնշուածութիւնը նուազեցնել։

Հայրը եւ մայրը իրենց պզտիկ տղուն եւ աղջիկին հետ ժամանակ կ’անցընեն։

Օգնութիւն խնդրէ

«Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (ԱՌԱԿԱՑ 12։25)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Ուրիշներու ազնիւ ու կարեկից խօսքերը կրնան տրամադրութիւնդ բարձրացնել։

  • Քեզի պատահած բաները պատմէ հասկացող անձի մը։ Վստահելի անձը կրնայ քեզի օգնել, որ հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտես կամ նոյնիսկ լուծում մը գտնես, որուն մասին չէիր մտածած։ Եւ արտայայտուիլդ ինքնին կրնայ օգնել, որ աւելի լաւ զգաս։

  • Օգնութիւն խնդրէ։ Կրնա՞ս պարտականութիւն մը ուրիշի յանձնել կամ գործին բեռը մէկու մը հետ բաժնել։

  • Եթէ գործակից մը քեզի ճնշուածութիւն կը պատճառէ, կացութիւնը բարելաւելու կերպեր փնտռէ։ Օրինակ, կրնա՞ս ազնուօրէն եւ փափկանկատօրէն անձին յայտնել, թէ իր վարուելակերպը ինչպէ՛ս քեզի կ’ազդէ (Առակաց 17։27)։ Եթէ ջանքերդ ապարդիւն ըլլան, կրնա՞ս անոր հետ աւելի քիչ ժամանակ անցընել։

Հոգեւոր կարիքներդ հոգայ

Գործի մարդ մը իր գրասենեակին մէջ կ’աղօթէ։

«Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։3, ՆԱ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Մենք՝ մարդիկս, ուտելիքէն, հագուելիքէն եւ ապաստանարանէն զատ, ուրիշ բանի մըն ալ պէտք ունինք։ Մենք հոգեւո՛ր կարիք ունինք։ Երջանիկ ըլլալու համար, պէտք է այդ կարիքին գիտակից ըլլանք եւ զայն գոհացնենք։

  • Աղօթելը կրնայ մեծապէս օգնել։ Աստուած քեզ կը քաջալերէ, որ ‘ամէն հոգդ իր վրայ ձգես, քանի որ քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Աղօթելը եւ շինիչ բաներու վրայ խոկալը կրնան ներքին խոր խաղաղութիւն տալ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

  • Կարդա՛ նիւթեր, որոնք քեզ Աստուծոյ պիտի մօտեցնեն։ Այս պարբերաթերթին մէջ քննարկուած սկզբունքները Աստուածաշունչէն են, որ գրուած է մեր հոգեւոր պէտքը գոհացնելու համար։ Այս սկզբունքները նաեւ «իմաստութիւն ու խոհեմութիւն» կու տան (Առակաց 3։21)։ Կրնաս Աստուածաշունչը կարդալու նպատակակէտ դնել։ Եւ յարմար է որ սկսիս Առակաց գիրքով։

ՆԵՐԵԼՈՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է» (ԱՌԱԿԱՑ 19։11)։

Journal of Health Psychology–ին մէջ, տոքթ. Լորեն Թուսանդ կ’ըսէ, որ «ճնշուածութիւնը առողջութիւնը ետեւ կը տանի, բայց ներումը զայն կը պաշտպանէ»։ Ան նաեւ կը նշէ, որ ներումը վիրաւորողին հանդէպ եղած ժխտական զգացումներուն վերջ կը դնէ եւ կը քաջալերէ անոր հանդէպ դրական զգացումներ ու ազնիւ վերաբերմունք ունենալ։ Այսպէս, ան կ’եզրակացնէ, թէ ներողամիտ ըլլալը «կրնայ ճնշուածութեան հետ կապ ունեցող առողջապահական խնդիրները նուազեցնել»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել