ՄԱՍ Ա
Ստեղծագործութենէն մինչեւ Ջրհեղեղը
Երկինքն ու երկիրը ուրկէ՞ յառաջ եկան։ Արեւը, լուսինը եւ աստղերը, ինչպէս նաեւ երկրին վրայ գտնուող շատ մը բաները, ինչպէ՞ս եղան։ Աստուածաշունչը շիտակ պատասխանը կու տայ, երբ կ’ըսէ թէ անոնք Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցան։ Ուստի մեր գիրքը կը սկսի Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան պատմութիւններով։
Կը սորվինք թէ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնները իրեն նման հոգեղէն արարածներ՝ հրեշտակներ էին։ Բայց երկիրը մեզի նման մարդոց համար ստեղծուեցաւ։ Ուստի Աստուած Ադամ եւ Եւա կոչուող մարդն ու կինը ստեղծեց եւ զանոնք գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ դրաւ։ Անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ յաւիտեան ապրելու իրաւունքը կորսնցուցին։
Ադամի ստեղծագործութենէն մինչեւ հսկայ Ջրհեղեղը, ընդամէնը 1,656 տարի անցաւ։ Այս ժամանակամիջոցին, շատ մը չար մարդիկ ապրեցան։ Երկինքի մէջ, աներեւոյթ հոգեղէն արարածներ՝ Սատանան եւ իր չար հրեշտակները կային։ Իսկ երկրի վրայ, կային Կայէն եւ շատ մը ուրիշ չար անձեր, մէջը ըլլալով անբնական զօրութիւն ունեցող կարգ մը մարդիկ։ Բայց երկրի վրայ բարի անհատներ ալ կային, ինչպէս Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ։ ԱՌԱՋԻՆ Մասին մէջ, այս բոլոր մարդիկը եւ դէպքերը պիտի յիշենք։