Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 7
  • Քաջ մարդ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քաջ մարդ մը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Աստուծոյ հաճելի էր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց՝ անաստուած աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուծոյ հետ քալէ այս խռովալից ժամանակներուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ստեղծագործութենէն մինչեւ Ջրհեղեղը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 7
Ենովք

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 7

Քաջ մարդ մը

ՄԻՆՉ երկրի վրայ մարդիկ սկսան շատնալ, անոնցմէ շատեր Կայէնի նման չարութիւն ըրին։ Բայց մարդ մը կար, որ տարբեր էր։ Անոր անունն էր Ենովք։ Ենովք քաջ մարդ մըն էր։ Իր շուրջը եղող մարդիկը շատ գէշ բաներ կ’ընէին, բայց Ենովք տակաւին կը շարունակէր Աստուծոյ ծառայել։

Ենովքի օրերուն վայրագ տղամարդ մը ուրիշ տղամարդ մը կը սպաննէ

Գիտէ՞ք թէ այն ատեն մարդիկ ինչու այդքան չարութիւն կ’ընէին։ Լաւ, խորհեցէք, ո՞վ պատճառ եղաւ որ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուին եւ ուտեն Աստուծոյ արգիլած պտուղը։ Այո, անիկա չար հրեշտակ մըն էր։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ Սատանայ։ Ինքն է որ կը ջանայ բոլոր մարդիկը չարացնել։

Օր մը Եհովա Աստուած Ենովքի ըսաւ որ մարդոց լսելու անհաճելի եղող բան մը ըսէր։ Ան պիտի ըսէր. ‘Օր մը Աստուած բոլոր չարերը պիտի բնաջնջէ’։ Մարդիկ հաւանաբար շատ բարկացան երբ ասիկա լսեցին։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ փորձեցին սպաննել Ենովքը։ Ուստի Ենովք շատ քաջ պէտք էր ըլլար որպէսզի մարդոց ըսէր ինչ որ Աստուած պիտի ընէր։

Ենովքի օրերուն չար մարդիկ սնոտի կեանք կ’ապրին

Աստուած թոյլ չտուաւ որ Ենովք երկար ժամանակ ապրի այդ չար մարդոց մէջ։ Ենովք միայն 365 տարի ապրեցաւ։ Ինչո՞ւ կ’ըսենք «միայն 365 տարի»։ Քանի որ այն ատեն մարդիկ շատ աւելի զօրաւոր էին եւ շատ աւելի երկար կ’ապրէին քան հիմա։ Այո, Ենովքի որդին՝ Մաթուսաղան, 969 տարի ապրեցաւ։

Ենովքի մեռնելէն ետք, մարդիկ ա՛լ աւելի չարացան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ‘անոնց բոլոր խորհուրդները ամէն օր չար էին’ եւ թէ ‘երկիրը անիրաւութեամբ լեցուեցաւ’։

Այդ օրերուն երկրի վրայ եղող այդքան չարութեան պատճառներէն մէկը գիտէ՞ք ինչ էր։ Սատանան մարդիկը չարութեան մղելու նոր կերպ մը կը գործածէր։ Յաջորդիւ այս մասին պիտի սորվինք։

Ծննդոց 5։21–24, 27. 6։5. Եբրայեցիս 11։5. Յուդա 14, 15

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել