Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 73
  • Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յովսիան բարի ընկերներ զատեց
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 73
Յովսիա թագաւորը եւ իր տղամարդիկը սուտ պաշտամունքին մէջ գործածուող կուռքերը կը կոտրտեն

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 73

Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը

ՅՈՎՍԻԱ ութը տարեկանին թագաւոր կ’ըլլայ Իսրայէլի հարաւային երկու ցեղեան թագաւորութեան վրայ։ Թագաւոր ըլլալու համար ան շատ պզտիկ է։ Անոր համար սկիզբը աւելի տարեց անհատներ իրեն կ’օգնեն որ ժողովուրդը կառավարէ։

Եօթը տարի թագաւորութիւն ընելէ ետք, Յովսիա կը սկսի Եհովան փնտռել։ Ան Դաւիթի, Յովսափատի եւ Եզեկիայի նման բարի թագաւորներուն օրինակին կը հետեւի։ Ապա, երբ տակաւին պատանի մըն է, Յովսիա քաջագործութիւն մը կ’ընէ։

Իսրայելացիներէն շատեր երկար ատենէ ի վեր չարացած են։ Անոնք սուտ աստուածներ կը պաշտեն եւ կուռքերու առջեւ կը խոնարհին։ Ուստի Յովսիա իր մարդոց հետ կ’երթայ եւ երկրէն ամբողջ կեղծ պաշտամունքը կը սկսի մաքրել։ Ասիկա հսկայ գործ մըն է, քանի որ մեծամասնութիւնը կեղծ աստուածներ կը պաշտեն։ Հոս կը տեսնէք Յովսիան եւ իր մարդիկը որ կուռքերը կը կոտրտեն։

Ապա, Յովսիա երեք մարդ կ’որոշէ որպէսզի Եհովայի տաճարը վերանորոգեն։ Ժողովուրդէն դրամ կը հաւաքուի եւ այս մարդոց կը տրուի որպէսզի ծախսերը կատարեն։ Երբ անոնք տաճարին մէջ կ’աշխատին, Քեղկիա քահանայապետը շատ կարեւոր բան մը կը գտնէ։ Անիկա օրէնքի գիրքն է, զոր Եհովա տարիներ առաջ Մովսէսի գրել տուած էր։ Տարիներէ ի վեր անիկա կորսուած էր։

Գիրքը Յովսիայի կը տարուի եւ ան կը խնդրէ որ զանիկա կարդան։ Մինչ մտիկ կ’ընէ, Յովսիա կը տեսնէ որ ժողովուրդը Եհովայի օրէնքը չեն պահած։ Ան շատ կը տխրի եւ իր հանդերձը կը պատռէ, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Ան կ’ըսէ. ‘Եհովա մեզմէ կը բարկանայ, քանի որ մեր հայրերը չպահեցին այս գրքին մէջ գրուած օրէնքները’։

Յովսիա թագաւոր կը տխրի մինչ Աստուծոյ օրէնքը իրեն կը կարդացուի

Յովսիա կը պատուիրէ Քեղկիա քահանայապետին որ գիտնայ թէ Եհովա ի՛նչ պատիժ կը վերապահէ իրենց։ Քեղկիա կ’երթայ Ողդա մարգարէուհիին քով եւ անոր կը հարցնէ։ Կինը Եհովայէն եկած հետեւեալ պատգամը կու տայ Յովսիա Թագաւորին. ‘Երուսաղէմը եւ բոլոր ժողովուրդը պիտի պատժուին քանի որ անոնք կեղծ աստուածներ պաշտած եւ երկիրը չարութեամբ լեցուցած են։ Բայց քանի որ դուն, ո՛վ Յովսիա, շիտակ եղածը ըրած ես, այդ պատիժը քու ողջութեանդ ատեն պիտի չգայ’։

Բ. Մնացորդաց 34։1–28

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել