Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 10 էջ 16-17
  • Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած հաճեցնող պաշտամունք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Սուտ կրօնքը մերժեցէ՛ք
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել ճշմարիտ պաշտամունքը
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 10 էջ 16-17

ԴԱՍ 10

Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Եթէ կ’ուզէք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է Աստուծոյ հաւնած կրօնքը գործադրէք։ Յիսուս ըսաւ որ «ճշմարիտ երկրպագողները» Աստուած պիտի պաշտեն «ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։23, 24) Աստուած պաշտելու միայն մէկ շիտակ կերպ կայ։ (Եփեսացիս 4։4-6) Ճշմարիտ կրօնքը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, իսկ սուտ կրօնքը՝ կործանումի։—Մատթէոս 7։13, 14

Քանի մը տղամարդիկ իրենց թաղին մէջ Եհովայի վկայի մը կը դիտենSeveral men observe one of Jehovah’s Witnesses in their neighborhood

Ճշմարիտ կրօնքը կրնաք ճանչնալ, անոր հետեւողները դիտելով։ Քանի որ Եհովա բարի է, անոնք որոնք իր ճշմարիտ երկրպագուներն են, իրենք ալ բարի պէտք է ըլլան։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւ նարնջենի մը լաւ նարինջներ կ’արտադրէ, նոյնպէս ալ ճշմարիտ կրօնքը լաւ մարդիկ մէջտեղ կը բերէ։—Մատթէոս 7։15-20

Եհովայի բարեկամները խոր յարգանք ունին Աստուածաշունչին հանդէպ։ Անոնք գիտեն որ Աստուած տուած է Աստուածաշունչը։ Անոնք թոյլ կու տան որ անոր խօսքերը իրենց կեանքը առաջնորդեն, իրենց խնդիրները լուծեն եւ իրենց օգնեն որ Աստուծոյ մասին սորվին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անոնք կը ջանան իրենց քարոզածը գործադրել։

Եհովայի բարեկամները իրարու հանդէպ սէր ունին։ Յիսուս մարդոց հանդէպ սէր ցոյց տուաւ, անոնց սորվեցնելով Աստուծոյ մասին եւ՝ հիւանդները բուժելով։ Ճշմարիտ կրօնքը գործադրողներն ալ ուրիշներու հանդէպ սէր ունին։ Յիսուսի նման, անոնք չեն անարգեր աղքատները կամ տարբեր ցեղի պատկանողները։ Յիսուս ըսաւ որ մարդիկ իր աշակերտները պիտի ճանչնային, իրարու հանդէպ անոնց ցուցաբերած սէրէն։—Յովհաննու 13։35

Աստուծոյ բարեկամները կը պատուեն Աստուծոյ անունը, որ է Եհովա։ Եթէ անհատ մը չուզէ ձեր անունը գործածել, անիկա կրնա՞յ ձեր մտերիմ բարեկամը ըլլալ։ Ո՛չ։ Երբ բարեկամ մը ունենանք, անոր անունը կը գործածենք եւ անոր մասին լաւ բաներ կ’ըսենք ուրիշներուն։ Ուստի, անոնք որոնք կը փափաքին Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ, պէտք է գործածեն իր անունը եւ անոր մասին խօսին ուրիշներուն։ Եհովա կ’ուզէ որ ասիկա ընենք։—Մատթէոս 6։9. Հռովմայեցիս 10։13, 14

Յիսուսի նման, Աստուծոյ բարեկամները մարդոց կը սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւնն է, որ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Աստուծոյ բարեկամները Աստուծոյ Թագաւորութեան այս բարի լուրը ուրիշներու հետ կը բաժնեն։—Մատթէոս 24։14

Եհովայի Վկաները կը ջանան Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ։ Անոնք Աստուածաշունչը կը յարգեն եւ իրարու հանդէպ սէր ունին։ Անոնք նաեւ Աստուծոյ անունը կը գործածեն ու կը պատուեն եւ ուրիշներուն կը խօսին Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Եհովայի Վկաները ներկայիս ճշմարիտ կրօնքը կը գործադրեն երկրի վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել