Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Միայն մէ՞կ ճշմարիտ կրօնք կայ։
Յիսուս իր հետեւորդներուն միայն մէկ կրօնք սորվեցուց՝ ճշմարիտ կրօնքը, որ կեանքի տանող ճամբու նման է։ Այդ ճամբային առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։14)։ Աստուած միայն ճշմարտութեան իր Խօսքին վրայ հիմնուած պաշտամունքը կ’ընդունի։ Բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները մէկ հաւատքի մէջ միացած են (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24. 14։6. Եփեսացիս 4։4, 5)։
2. Ինչո՞ւ բազմաթիւ տարբեր կրօնքներ կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ։
Սուտ մարգարէներ քրիստոնէութիւնը ապականած են եւ զայն գործածած են իրենց անձնական շահերը յառաջ տանելու։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, անոնք իրենք զիրենք որպէս իր «ոչխար»ները կը ներկայացնեն, բայց անօթի գայլերու նման կը գործեն (Մատթէոս 7։13-15, 21, 23)։ Կեղծ քրիստոնէութիւնը զարգացաւ մանաւանդ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք (կարդա՛ Գործք 20։29, 30)։
3. Ի՞նչ են կարգ մը երեսակներ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքը կը զատորոշեն։
Ճշմարիտ երկրպագուները կը յարգեն Աստուածաշունչը որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Անոնք կը ջանան ատոր սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Ուստի, ճշմարիտ կրօնքը կը տարբերի մարդոց գաղափարներու վրայ հիմնուած կրօնքէն (Մատթէոս 15։7-9)։ Ճշմարիտ երկրպագուները իրենց քարոզածին հակառակը չե՛ն գործեր (կարդա՛ Յովհաննէս 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։
Ճշմարիտ կրօնքը կը պատուէ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա։ Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց։ Ան օգնեց մարդոց որ Աստուած ճանչնան եւ սորվեցուց անոնց որ Աստուծոյ անուան սրբացման համար աղօթեն (Մատթէոս 6։9)։ Ապրած շրջանիդ մէջ, ո՞ր կրօնքը Աստուծոյ անուան գործածութիւնը յառաջ կը մղէ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։26. Հռովմայեցիս 10։13, 14)։
4. Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարիտ երկրպագուները ճանչնալ։
Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։ Աստուած Յիսուսը ղրկեց, որպէսզի Թագաւորութեան մասին քարոզէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է։ Յիսուս շարունակեց ատոր մասին խօսիլ, նո՛յնիսկ իր մահուան օրը (Ղուկաս 4։43. 8։1. 23։42, 43)։ Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզեն։ Եթէ անհատ մը քեզի մօտենայ, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսի, հաւանաբար ո՞ր կրօնքին կը պատկանի (կարդա՛ Մատթէոս 10։7. 24։14)։
Յիսուսի հետեւորդները այս չար աշխարհին մէկ մասը չեն։ Անոնք քաղաքական հարցերու կամ ընկերային բախումներու մէջ բաժին չեն բերեր (Յովհաննէս 17։16)։ Նաեւ, անոնք աշխարհին վնասակար սովորութիւններն ու կեցուածքները չեն ընդօրինակեր (կարդա՛ Յակոբոս 1։27. 4։4)։
5. Ճշմարիտ քրիստոնէութեան գլխաւոր նշանը ի՞նչ է։
Ճշմարիտ քրիստոնեաները իրարու հանդէպ ուշագրաւ սէր ունին։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքէն կը սորվին՝ բոլոր էթնիք խումբերու պատկանող անհատները յարգել։ Թէեւ սուտ կրօնքը յաճախ ազգերու պատերազմներուն մեծապէս աջակցած է, սակայն ճշմարիտ երկրպագուները կը մերժեն այդպէս ընել (Միքիա 4։1-4)։ Փոխարէն, ճշմարիտ կրօնքին անդամները անձնուրացօրէն իրենց ժամանակն ու նիւթականը կը գործածեն, ուրիշներուն օգնելու եւ քաջալերելու համար (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35. Ա. Յովհաննէս 4։20, 21)։
Ո՞ր խումբը իր բոլոր ուսուցումները Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը հիմնէ, Աստուծոյ անունը կը պատուէ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանէ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։ Ո՞ր խումբը սէր ի գործ կը դնէ եւ պատերազմներու չ’աջակցիր։ Իրողութիւնները կ’ըսեն՝ Եհովայի վկաները (Ա. Յովհաննէս 3։10-12)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 15–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Նկար՝ էջ 10]
«Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան» (Տիտոս 1։16)