Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 9-էջ 12 պարբ. 4
  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մտիկ Ըրէք՝ Մինչ Եհովա կը Խօսի
  • Աստուածաշունչը Կարդացէք Ամէ՛ն Օր
  • Աստուծոյ Խօսքը Ամբողջութեամբ Կարդացէք
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչը—Կարդացուելիք գիրք մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 9-էջ 12 պարբ. 4

Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք

ԵՐԱՆԵԼԻ է այն մարդը, որուն «հաճութիւնը Եհովայի օրէնքին մէջ է»։ Այսպիսի մէկը Աստուծոյ Խօսքը «ցորեկ ու գիշեր ցած ձայնով» կը կարդայ։ (Սաղմ. 1։1, 2, ՆԱ) Դուք այս հաճոյքը կը վայելէ՞ք։ Աստուծոյ Խօսքին տուած ուրախութիւնը ի՞նչպէս կրնաք աւելցնել։

Մտիկ Ըրէք՝ Մինչ Եհովա կը Խօսի

Միայն բառեր մի՛ կարդաք։ Ձեր կարդացած վիճակները մտապատկերացուցէք։ Մէջբերուած անհատներուն ձայները երեւակայեցէք։ Մինչ Աստուածաշունչին առաջին գլուխները կը կարդաք, լսեցէք թէ Եհովա ինչպէս քայլ առ քայլ կը յայտնէ թէ ի՛նչ կատարուեցաւ, որպէսզի երկիրը մարդուն համար յարմար վայր մը ըլլայ։ Մտիկ ըրէք, երբ ան իր Որդւոյն՝ Ճարտարապետին, կ’ըսէ թէ ժամանակը եկած է որ առաջին մարդ արարածները գոյացուին։ Տեսարանը պատկերացուցէք. Ադամն ու Եւան կ’ըմբոստանան, Աստուած կը դատապարտէ զանոնք, ապա Դրախտէն կը վռնտէ։ (Ծննդոց, գլ. 1-3) Երկիւղ մը զգացէք, երբ կը կարդաք թէ երկնքէն ձայն մը Յիսուս Քրիստոսը կը բնորոշէ որպէս Աստուծոյ Որդի, սիրելի եւ մէկը՝ որ Աստուծմէ ղրկուած է իր կեանքը մարդկութեան ի նպաստ տալու համար։ (Մատթ. 3։16, 17) Փորձեցէք երեւակայել Յովհաննէս առաքեալի հակազդեցութիւնը, երբ կը լսէ Եհովայի ծանուցումը՝ «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ (Յայտ. 21։5) Իրապէս, Աստուծոյ Խօսքը ա՛յս կերպով կարդալը հաճելի փորձառութիւն մըն է։

Շարունակեցէք կարդալ ներշնչեալ արձանագրութիւնը եւ Եհովան ձեզի համար վեհաշուք ու երկիւղ ներշնչող անձնաւորութիւն մը պիտի դառնայ։ Զօրաւոր հրապոյր մը պիտի զգաք Անոր հանդէպ, որ մեզ կը սիրէ, մեզի հետ ողորմածօրէն կը վարուի, մեզի կ’օգնէ՝ եթէ խոնարհաբար շարունակենք փորձել իր կամքը կատարել, եւ մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ յաջողութիւն գտնել։—Յես. 1։8. Սաղմ. 8։1. Եսայ. 41։10

Աստուածաշունչ կարդալու համար ո՛րքան շատ ժամանակ յատկացնէք, ա՛յնքան մեծ պիտի ըլլայ ձեր գոհունակութիւնը, մինչ Աստուծոյ կամքին գիտութեան մէջ կ’աճիք։ Բայց անկէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ձեր հաճոյքը։ Երբ ձեր ընթերցանութիւնը ձեր խնդիրները իմաստուն կերպով ձեռք առնելու համար ձեզի հարկ եղող օգնութիւնը մատուցանէ, սաղմոսերգուին զգացումը պիտի բաժնէք, որ ըսաւ. «Քու վկայութիւններդ զարմանալի են, անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ»։ (Սաղմ. 119։129) Դուք ալ պիտի ուրախանաք, երբ Սուրբ Գրքէն սկզբունքներ հասկնաք, որոնք ձեր մտածելակերպն ու ցանկութիւնները բարեպաշտ կերպով կաղապարելու կ’օգնեն։—Եսայ. 55։8, 9

Աստուածաշունչը բարոյական առաջնորդութիւն կ’ընծայէ, որ մեզ կը պահպանէ վնասուելէ եւ մեզի շիտակ ճամբան ցոյց կու տայ։ Մինչ կը կարդանք զայն, կը զգանք որ Եհովան Հայր մըն է, որ գիտէ թէ ինչ խնդիրներ կը յառաջանան, երբ անկատար մարմնի ցանկութիւններուն տեղի տանք։ Ան չ’ուզեր որ իր բարոյական բարձր չափանիշները արհամարհելուն անխուսափելի հետեւանքներէն տառապինք։ Ան հոգ կը տանի մեզի եւ կ’ուզէ որ լաւագոյն ապրելակերպը վայելենք։ Իր Խօսքը կարդալը մեզի կ’օգնէ որ լիարժէք կերպով գնահատենք թէ ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է զինք ունենալ որպէս մեր Աստուածը եւ երկնաւոր Հայրը։

Աստուածաշունչը Կարդացէք Ամէ՛ն Օր

Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդացողին մասին սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմ. 1։3) Այո, հակառակ մեր անկատարութիւններուն, հակառակ անոր որ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութեան մէջ կ’ապրինք եւ Բանսարկուն մեզ կլլելու ջանքեր կը թափէ, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը ու անոր ըսածները կիրարկելը, մեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան հետ կապ ունեցող որեւէ բանի մէջ յաջողինք։

Քանի որ այս հին դրութեան ճնշումին ներքեւ կը գտնուինք, Ստեղծիչին խորհուրդներուն մէջ խորասուզուիլը՝ նոյնիսկ օրական քանի մը անգին վայրկեաններ՝ կրնայ մեզի ոյժ տալ։ Իրենց հաւատքին համար բանտարկուած կարգ մը անհատներ, լրագրի յօդուածներու մէջ մէջբերուած քանի մը համարներ միայն ձեռք կ’անցընէին։ Անոնք կը կտրէին այդ համարները, անգիր կը սորվէին զանոնք, եւ անոնց վրայ կը խոկային։ Եհովա օրհնեց անոնց ջանքերը, քանի որ անոնք Աստուծոյ Խօսքէն գիտութիւն առնելու համար իրենց պարագաներուն ներած չափով իրենց ձեռքէն եկածը ըրին։ (Մատթ. 5։3) Սակայն մեզմէ շատեր, ասկէ շա՛տ աւելի մեծ ազատութիւն ունին։ Պէտք չէ եզրակացնենք որ օրական մէկ անգամ հապճեպով Աստուածաշունչի համար մը կարդալը, ինքնին որոշ արտակարգ ազդեցութիւն մը ունենայ։ Բայց օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի, եթէ մեր նախասիրած բաներուն մէջ վերաճշդում ընելով, ամէ՛ն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդանք, անոր մասին մտածենք ու զայն գործադրենք մեր կեանքին մէջ։

Հասկնալի է որ մեր լաւագոյն ծրագիրներն անգամ կրնան խանգարուիլ։ Երբ ասիկա պատահի, այն ատեն նախապատուութիւնը իրապէս կարեւոր եղող բանին կու տանք։ Օրինակ, մէկ կամ երկու օր դիտմամբ առանց ջուր խմելու չենք անցըներ։ Ուստի, մեր առօրեայ կեանքին մէջ ի՛նչ որ ալ պատահի, ժամանակ պէտք է յատկացնենք ճշմարտութեան ջուրերով մենք մեզ թարմացնելու։—Գործք 17։11

Աստուծոյ Խօսքը Ամբողջութեամբ Կարդացէք

Անձնապէս ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացա՞ծ էք։ Ոմանք նեղացուցիչ գտած են Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն կարդալու գաղափարը։ Անոր համար, Աստուածաշունչը լրիւ կարդալ փափաքողներէն շատեր, նախ սկսած են Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս անոր համար որ աւելի հեշտ էր տեսնել թէ Աստուածաշունչի այդ գր քերը ի՛նչպէս կը կիրարկուին իրենց վրայ, որպէս Քրիստոսի քայլերուն հետեւիլ փափաքող անհատներ։ Կամ թերեւս անոր համար որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները աւելի նուազ կարդալիք էջեր ունին՝ Աստուածաշունչին մէկ չորրորդէն քիչ մը աւելի ըլլալով։ Բայց այս 27 գրքերուն ընթերցանութիւնը աւարտելէ ետք, անոնք իրենց ուշադրութիւնը դարձուցած են Եբրայերէն Գրութիւններու 39 գրքերուն վրայ եւ սկսած են կարդալ ու անկէ հաճոյք առնել։ Եբրայերէն Գրութիւնները աւարտելէ ետք, անոնք Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր մը հաստատած ու շարունակած են, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները երկրորդ անգամ կարդալով, եւ տակաւին կանգ չեն առած։ Կը մաղթենք որ դո՛ւք ալ Աստուծոյ Խօսքին առօրեայ ընթերցանութիւնը կենսատեւ սովորութիւն մը դարձնէք։

Ձեր ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ կա՞յ մէկը որ դժուարութիւն ունի կարդալու։ Չէ՞ք ուզեր այդ անհատին առաջարկել որ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդաք իրեն։ Դուք պիտի օգտուիք ասկէ, ի՛նքն ալ պիտի օգտուի, մինչ իր լսած բաներուն վրայ կը մտածէ ու զանոնք կը գործադրէ իր կեանքին մէջ։—Յայտ. 1։3

Ժամանակի ընթացքին, թերեւս փափաքիք ձեր Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կապակցաբար մասնաւոր ծրագիրներ ընել։ Անոնցմէ ոմանք Աստուածաշունչի տարբեր մասերուն միջեւ եղած յարակցութեան հանդէպ ձեր գնահատութիւնը կրնան աւելցնել։ Եթէ ձեր Աստուածաշունչը լուսանցքի վերագրումներ ունի, ասիկա կրնայ ձեզ ուղղել պատմական մանրամասնութիւններու եւ յարակից արձանագրութիւններու։ Անոնք կրնան ձեզի օգնել որ հասկնաք թէ ի՛նչ պարագաներ առաջնորդեցին շատ մը սաղմոսներու, ինչպէս նաեւ, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ գրի առնուած նամակներուն գրութեան։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը Աստուածաշունչին մէջ յիշուած ժողովուրդներու, վայրերու ու յատկութիւններու մասին գիտելիքներու գանձարան մըն է։ Ցուցակները Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարման վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, ցոյց կու տան թէ ո՛ր թագաւորները եւ մարգարէները ժամանակակից էին, եւ Աստուածաշունչի շատ մը դէպքերու մօտաւոր թուականները կու տան։

Մինչ ձեր սորված բաներուն վրայ կը խորհիք, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ զարգացած որոշ վիճակներուն պատճառները պիտի հասկնաք։ Նաեւ պիտի անդրադառնաք թէ Եհովա ինչո՛ւ իր ժողովուրդին հետ որոշ կերպով վարուեցաւ։ Պիտի տեսնէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’արժեւորէ կառավարութիւններու, ժողովուրդներու եւ անհատներու վերաբերմունքը։ Ասիկա պիտի օգնէ որ իր մտածելակերպը աւելի լաւ ըմբռնէք։

Աստուածաշունչի պատմութիւնը աւելի հետաքրքրական պիտի դառնայ, երբ դէպքերուն շրջանները մտապատկերացնէք։ Աստուածաշունչի երկիրներուն քարտէսները՝ վայրերուն տեղը, ինչպէս նաեւ անոնց իրարմէ ունեցած հեռաւորութիւնը կը յայտնեն։ Օրինակ, մօտաւորապէս ո՞ւր էր որ Իսրայելացիները Կարմիր Ծովէն անցան։ Խոստացեալ Երկրին տարածութիւնը ո՞րքան էր։ Յիսուս իր երկրային ծառայութիւնը կատարելու համար մինչեւ ո՞ւր քալեց։ Պօղոս իր միսիոնարական ուղեւորութիւններուն ընթացքին ի՞նչ տեսարաններ տեսաւ։ Քարտէսներն ու աշխարհագրական նկարագրութիւնները մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն, որոնք ձեր ընթերցանութիւնը վառ կը դարձնեն։ Աստուածաշունչի երկիրներուն քարտէսները ո՞ւր կրնաք գտնել։ Անոնցմէ ոմանք Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ կրնաք գտնել։ Խորաթափանց գրքին հատորները շուրջ 70 քարտէսներ կը պարունակեն, եւ առաջին հատորին վերջաւորութեան Քարտէսի Ցանկ մը կայ։ Ուրիշ քարտէսներ գտնելու համար՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը գործածեցէք։ Եթէ այս աղբիւրները մատչելի չեն ձեզի, Դիտարան–ին մէջ հրատարակուած քարտէսներէն օգտուեցէք Աստուածաշունչի ձեր ընթերցանութեան մէջ։

Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, Դաւիթ Թագաւոր Եհովան գովաբանեց, ըսելով. «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը»։ (Սաղմ. 139։17) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ Պօղոս առաքեալ Եհովան գովաբանեց, քանի որ Ինք «մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը»։ (Բ. Կորն. 4։6) Դաւիթին եւ Պօղոսին միջեւ դարեր կան, բայց երկուքն ալ հաճոյք առին Աստուծոյ Խօսքէն։ Դո՛ւք ալ նոյն փորձառութիւնը կրնաք ունենալ, եթէ ժամանակ յատկացնէք կարդալու այն բոլոր բաները, զորս Եհովա իր ներշնչեալ Խօսքին էջերուն մէջ տուած է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՌՕՐԵԱՅ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐԵՑԷՔ

Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մատուցած կրթութեան գլխաւոր մասը կը կեդրոնանայ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին վրայ։ Ձեզ կը քաջալերենք որ մասնակցիք անոր։

Ամէն շաբաթ, Աստուածաշունչէն որոշ հատուած մը կարդալու եւ դպրոցին մէջ զայն նկատի առնելու յայտագիր մը եղած է։ Ասիկա աստիճանաբար ամբողջ Աստուածաշունչը նկատի առնելու պիտի առաջնորդէ։

Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը ձեր կեանքին մէկ մասը դարձնելու համար, անոր մասնաւոր ժամանակ յատկացուցէք. թերեւս առաւօտ կանուխ, կէսօրին, ընթրիքի ժամանակ, կամ անկողին երթալէ առաջ։ Օրուան ընթացքին երբ պատահի որ ժամանակ ունենաք, անկէ մասեր կարդալը կանոնաւորութիւն չ’ապահովեր։

Եթէ ընտանիքի գլուխ մըն էք, անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուէք, ընտանիքի անդամներուն օգնելով որ լաւ վարժութիւն մը զարգացնեն։ Ընտանեօք քիչ մը Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն ընելը կրնայ ընտանիքի անդամները քաջալերել, որ անհատապէս ամէն օր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն կատարեն։

Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը ինքնակրթութիւն կը պահանջէ։ Դուք ասիկա ընելու փափաքով ծնած չէք։ Պէտք է Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ‘փափաք մշակէք’։ (Ա. Պետ. 2։2, ՆԱ) Երբ այս վարժութիւնը մշակէք, ձեր հոգեւոր ախորժակը պիտի սրի։ Այն ատեն պիտի նշմարէք որ պիտի ուզէք այս մարզին մէջ ընդլայնիլ, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան մասնայատուկ ծրագիրներ ընելով, որպէսզի Եհովայի մեզի մատչելի դարձուցած հոգեւոր գանձին նկատմամբ ձեր հասկացողութիւնն ու գնահատութիւնը խորացնէք։

Երբ Աստուածաշունչը կը կարդաք, ժամանակ տրամադրեցէք խորհելու թէ ձեր կարդացածին իմաստը ի՛նչ է. անիկա ի՛նչ կ’ըսէ Եհովայի մասին, անիկա ի՛նչպէս օգտակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ձեր կեանքին վրայ, եւ զայն ի՛նչպէս կրնաք գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել