Աստուածաշունչը—Կարդացուելիք գիրք մը
ԳԵՐԱԴՐԱԿԱՆՆԵՐԸ կը պակսին, երբ Աստուածաշունչի մասին կը խօսինք։ Անիկա պատմութեան մէջ ամենէն լայն շրջաբերութիւն ունեցած է։ Աստուածաշունչը ամենէն հին, ամենէն շատ թարգմանուած, ամենէն շատ մէջբերուած, ամենէն ազդեցիկ եւ ամենէն յարգուած գիրքն է։ Անիկա հաւանաբար ամենէն շատ ալ հակաճառուած է։ Անիկա նաեւ վերապրած է շատ մը բանադրանքներէ, հրկիզումներէ եւ բուռն հակառակութիւններէ։ Դժբախտաբար, սակայն, գերադրութիւն մը կայ, որ այլեւս չի կիրարկուիր Աստուածաշունչին։ Հաւանաբար անիկա այլեւս աշխարհի մէջ ամենէն շատ կարդացուած գիրքը չէ։
Թէեւ մարդիկ կրնան տան մէջ Աստուածաշունչ մը ունենալ, սակայն շատեր կը խորհին որ, շատ զբաղած ըլլալով, չեն կրնար ժամանակ յատկացնել զայն կարդալու համար։ Ժամանակին, ընթերցանութիւնը ամենէն ժողովրդական ժամանցն էր։ Հիմա սակայն, շատեր կը նախընտրեն իրենց ազատ ժամանակը անցնել հեռատեսիլ դիտելով, կամ ուրիշ բան մը ընելով։ Տակաւին քիչ մը ընթերցանութիւն ընողները սովորաբար կը նախընտրեն թեթեւ եւ դիւրին բան մը կարդալ։ Աստուածաշունչը կարդալը կեդրոնացում կը պահանջէ, իսկ շատեր այլեւս խոր կերպով չեն կեդրոնանար իրենց ընթերցանութեան վրայ։
Սակայն Աստուածաշունչը պարզապէս մեր գրադարանին մէջ մնալու համար չէ, որ վերապրեցաւ այսքան դժուարութիւններէ։ Զայն կարդալու լաւ պատճառներ ունինք։ Անոր մասին կարգ մը իրողութիւններ նկատի առնենք։
Զարմանալի Չէ որ Անիկա Տոկաց
Անգլերէն «Պայպըլ» բառը կու գայ Յունարէն պիպլիա բառէն, որ կը նշանակէ «պզտիկ գիրքեր»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուածաշունչը շատ մը գիրքերէ բաղկացած է. թէեւ անոնցմէ ոմանք այդքան ալ պզտիկ չեն։ Անոր գրութիւնը հազար վեց հարիւր տարիներու ժամանակաշրջան մը առաւ։ Թէեւ գրողները մարդիկ էին, բայց անոնք աւելի բարձր Աղբիւրէ մը ներշնչուեցան։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ըսաւ. «Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ (Բ. Պետրոս 1։21) Ինչ որ ըսուած է սուրբ գրային մարգարէութիւններուն առնչութեամբ, նոյնը ճշմարիտ է նաեւ Աստուածաշունչի մնացեալ մասին համար։ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած այս «պզտիկ գիրքեր»ը Եհովա Աստուծոյ վսեմ խորհուրդներով լեցուն են։ (Եսայեայ 55։9) Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը այսքան ժամանակ տոկացած է։
Աստուծոյ ծառաներուն համար, Աստուածաշունչը կարեւորագոյն գիրքը եղած է։ Անոնք համաձայն են Աստուածաշունչի գրութեան մէջ իր բաժինը բերած Պօղոս առաքեալին հետ, որ ըսաւ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Հետեւաբար, Աստուածաշունչը ներկայիս Եհովայի Վկաներուն հաւատքի հիմը կը կազմէ։ Անիկա կ’որոշէ անոնց վարդապետութիւնները եւ կը ղեկավարէ անոնց վարքը։ Անոնք սրտանց կը յորդորեն որ ամէն մարդ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքէն մաս մը կարդայ եւ անոր պարունակութեան վրայ գնահատանքով խոկայ։—Սաղմոս 1։1–3
Աստուածաշունչը Կարդալու Սովորութիւնը
Անցեալին, Սուրբ Գրութիւնները կարդալու սովորութիւնը օգտակար եղած է։ Իսրայէլի թագաւորներուն պատուէր տրուած էր որ անոնք Օրէնքի անձնական ձեռագիր օրինակ մը ունենան, որ այն ատեն Աստուածաշունչին կարեւոր մէկ մասն էր, ու զայն ամէն օր կարդան, որպէսզի միշտ յիշեն թէ ի՛նչ էր Աստուծոյ կամքը իրենց նկատմամբ։ (Բ. Օրինաց 17։18–20) Ասոր մէջ թերացումը շատ մը թագաւորներու անկումին պատճառ եղաւ։
Սուրբ Գրութիւնները սերտելու արժէքը ցոյց կը տրուի տարեց Դանիէլ մարգարէին պարագայով։ Իր օրերուն գոյութիւն ունեցած Աստուածաշունչը անձնապէս ուսումնասիրելով, Բաբելոն աքսորուած Դանիէլ կրցաւ ‘գիրքերէն իմանալ’ թէ Երեմիայի կողմէ արձանագրուած կարեւոր մարգարէութիւն մը կատարուելու վրայ էր։—Դանիէլ 9։2
Յիսուսի ծննդեան ատեն, «արդար ու աստուածավախ» մարդ մը՝ Սիմէօն՝ վստահ ակնկալութիւն ունէր տեսնելու այն մէկը որ Քրիստոսը, կամ՝ Մեսիան, պիտի ըլլար։ Սիմէօնի խոստում տրուած էր որ իր մեռնելէն առաջ Քրիստոսը պիտի տեսնէր։ Մանուկ Յիսուսը իր թեւերուն մէջ առած ատեն, Եսայիի մարգարէութեան մասին Սիմէօնի ըրած ակնարկը ցոյց կու տայ թէ ան իր օրերուն արդէն գրուած Աստուածաշունչի գրքերը ուշադիր կերպով կարդացող մըն էր։—Ղուկաս 2։25–32. Եսայեայ 42։6
Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ կը քարոզէր, «ժողովուրդը կը սպասէր» Մեսիան։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Ասիկա կը թելադրէ որ շատ մը Հրեաներու ծանօթ էին Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած Մեսիական մարգարէութիւնները։ (Ղուկաս 3։15) Ասիկա հետաքրքրական է, քանի որ այդ օրերուն, Աստուածաշունչի գրքերը դիւրամատչելի չէին։ Աստուածաշունչի գրքերը շատ մեծ ջանադրութեամբ ձեռքով պէտք էր ընդօրինակուէին եւ հետեւաբար անիկա սուղ էր եւ դիւրամատչելի չէր։ Ժողովուրդը ինչպէ՞ս ծանօթ էր անոր բովանդակութեան։
Շատ մը պարագաներու, հանրային ընթերցանութեամբ։ Մովսէս պատուիրած էր, զոր օրինակ, որ որոշ ժամանակներու, Աստուծոյ տուած ամբողջ Օրէնքը կարդացուէր հաւաքուած Իսրայելացիներուն։ (Բ. Օրինաց 31։10–13) Հ.Դ. առաջին դարուն, Աստուածաշունչի գրքերուն ընթերցանութիւնը լայնատարած էր։ Յակոբոս աշակերտ նշեց. «Մովսէս հին դարերէն ի վեր ամէն քաղաքի մէջ զինք քարոզողներ ունի եւ ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։—Գործք 15։21
Ներկայիս, դիւրին է Աստուածաշունչի անձնական օրինակ մը ունենալ։ Այդ «պզտիկ գիրքեր»էն առնուազն մաս մը մատչելի է աշխարհի բնակչութեան 98 առ հարիւրին։ Ուստի, ցաւալի է որ շատեր չեն հետաքրքրուած թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ ունի ըսելիք։ Այս դարը կրնայ գիտական դար մը ըլլալ, բայց Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ արդարեւ տակաւին «օգտակար է սորվեցնելու»։ Անիկա բարոյականի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ շատ մը ուրիշ նիւթերու շուրջ արժէքաւոր խրատներ կու տայ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը մատուցանէ խաղաղ ապագայի մը համար միակ վստահ յոյսը։
Կանոնաւորաբար Կարդացէք Զայն
Հետեւաբար, Եհովայի Վկաներու գործին գլխաւոր մասն է Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը քաջալերել։ Պրուքլին, Նիւ Եորքի իրենց կեդրոնատեղիին գործարանի շէնքին վրայ, յստակ ու տեսանելի կերպով հետեւեալ յորդորը գրուած է. «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ՝ ԿԱՐԴԱՑԷՔ ԱՄԷՆ ՕՐ»։ Անկէ անցնող միլիոնաւոր մարդիկ տեսած են այս խօսքերը եւ կը յուսանք որ շատեր ուշադրութիւն ընծայած են անոր։
Համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներու աւելի քան 73,000 ժողովքներուն մէջ, ամէն շաբաթ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիրը կը պահուի։ Այդ դասընթացքին մէկ մասը կը բովանդակէ Աստուածաշունչէն որոշ մասի մը ընթերցանութիւնը։ Բոլոր ներկայ եղողներն ալ նշանակում ունին ամէն շաբաթ Աստուածաշունչէն քանի մը գլուխներ կարդալ իրենց տան մէջ։ Այս յայտագրին հետ քայլ պահողները վերջապէս ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած կ’ըլլան։
Այս կարգադրութիւնը ներդաշնակ է այս դպրոցին մէջ գործածուած դասագրքերէն մէկուն հետ։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրքը կ’ըսէ. «Ձեր անձնական յայտագրին մէջ ժամանակ պէտք է յատկացնէք Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։ Շատ օգուտ կը քաղէք զայն ծայրէ ծայր կարդալով։ ... Սակայն, կարդալու նպատակակէտը պէտք չէ ըլլայ պարզապէս կարդալ ու անցնիլ, այլ անոր ընդհանուր միտքը ըմբռնել, որպէսզի յիշէք։ Անոր խօսքերուն վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացուցէք»։
Եհովայի Վկաներուն պատրաստած միւս գրականութիւններն ալ կը քաջալերեն Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը։ Օրինակի համար, Զարթիրը, այս պարբերաթերթին ընկերակցող ուրիշ պարբերաթերթ մը, երիտասարդներուն հետեւեալ քաջալերութիւնը տուաւ. «Ամբողջ Աստուածաշունչը ... կարդացա՞ծ էք։ Այո, Աստուածաշունչը մեծ գիրք մըն է, բայց ի՛նչու անոր ընթերցանութիւնը պզտիկ մասերու չբաժնէք։ ... ‘Ազնիւ’ Բերիացիները ‘ամէն օր գիրքերը կը քննէին’։ (Գործք 17։11) Եթէ ամէն օր 15 վայրկեան կարդալու յայտագիր մը ընէք, ... տարուան մը մէջ կրնաք ամբողջացնել Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը»։ Այո, Եհովայի Վկաները կը խորհին որ արդի Քրիստոնեաները լաւ ծանօթ պէտք է ըլլան Սուրբ Գրութիւններուն, Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն նման։
Ասիկա ի մտի ունենալով, Վկաները Աստուածաշունչի հանրային ընթերցանութեան Ի. դարու թարգմանութիւն մը ըրած են։ Շատ մը լեզուներով, անոնք Աստուածաշունչի ամբողջ ընթերցանութիւնը ձայներիզներու վրայ պատրաստած են։ Շատերուն համար ասիկա մեծ օգտակարութիւն ունեցած է, Աստուածաշունչը կարդալու արգելքները յաղթահարելու համար։ Ոմանք այս արձանագրութիւնները կ’ունկնդրեն իրենց առտնին գործերը կատարելու, ինքնաշարժ վարելու, կամ ուրիշ բաներ ընելու ատեն։ Իրապէս հաճելի է նստիլ եւ հանդարտօրէն ունկնդրել Աստուածաշունչի մէկ մասին ընթերցանութիւնը ձեր անձնական Աստուածաշունչէն հետեւելով։
Եթէ արդէն ամէն օր Աստուածաշունչը չէք կարդար, ինչո՞ւ ասիկա ընելը սովորութիւն մը չդարձնէք։ Ամէն օր ասիկա ընելը շատ ժամանակի չի կարօտիր, բայց անոր օգուտը մեծ պիտի ըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչի կիրարկումը պիտի օգնէ ձեզի որ իմաստուն կերպով վարուիք եւ հոգեւոր վարձահատոյց կեանք մը ունենաք։ Այսպէս ընելով, վաղեմի Իսրայելացի առաջնորդ Յեսուին տրուած հետեւեալ պատուէրին համաձայն վարուած պիտի ըլլաք. «Այս օրէնքներուն գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես»։—Յեսուայ 1։8
Աստուածաշունչի էջերը հնազանդ մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի սիրալիր նպատակը կը յայտնեն։ Իր ներշնչեալ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը իրական ուրախութիւն եւ անվերջ օրհնութիւններով հոյակապ նոր աշխարհի մը մէջ, Դրախտին մէջ, յաւիտեան ապրելու յոյսը կու տայ։ (Ղուկաս 23։43. Բ. Պետրոս 3։13) Աստուածաշունչը կարդալու եւ ուսումնասիրելու ձեր պատեհութենէն օգտուեցէք եւ այս հոյակապ կեանքին հասէք։