Ի՛նչպէս Պրպտում Կատարել
ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ «խորհելով ու քննելով շատ առակներ շարադրեց»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինք «ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր» գրելով հետաքրքրուած էր։ (Ժող. 12։9, 10) Ղուկաս՝ Քրիստոսի կեանքին անցուդարձերը տրամաբանական շարքաւորումով պատմելու համար, «սկիզբէն բծախնդրութեամբ հետազօտած» էր։ (Ղուկ. 1։3, Անթիլիաս) Աստուծոյ այս երկու ծառաները պրպտումներ կ’ընէին։
Ի՞նչ կը նշանակէ պրպտում ընել։ Կը նշանակէ՝ մասնայատուկ նիւթի մը մասին ուշադիր կերպով փնտռտուք կատարել տեղեկութիւն քաղելու համար։ Անոր մէջ կայ ընթերցանութիւն, եւ անիկա ուսումնասիրութեան սկզբունքներու կիրարկում կը պահանջէ։ Անիկա մարդիկը հարցուփորձել ալ կրնայ պարփակել։
Ո՞ր պարագաներուն պրպտում ընելու կարիքը կը տեսնուի։ Ահաւասիկ քանի մը օրինակներ։ Ձեր անձնական ուսումնասիրութիւնը կամ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կարգ մը հարցեր կրնան յարուցանել, որոնք կարեւոր են ձեզի համար։ Մէկը՝ որու կը վկայէք, կրնայ հարցում մը հարցնել, որու պատասխանելու համար կ’ուզէք որոշ տեղեկութիւններ հաւաքել։ Թերեւս ձեզի դասախօսութիւն մը նշանակուած է։
Նկատի առնենք ձեզի նշանակուած դասախօսութիւնը։ Ձեզի տրուած նիւթը կրնայ շատ մասնայատուկ չըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնաք տեղական կիրարկում մը ընել։ Զայն ճոխացուցէք՝ պրպտում կատարելով։ Երբ մէկ կամ երկու վիճակագրութեամբ, կամ ունկնդիրները հետաքրքրող եւ նիւթին յարմար օրինակով մը անոր նեցուկ կանգնիք, բացայայտ թուող կէտ մը դաստիարակչական, նոյնիսկ խթանիչ կը դառնայ։ Տպագրուած տեղեկութիւնը, որուն վրայ կ’աշխատիք, թերեւս համայն աշխարհի ընթերցողներուն համար պատրաստուած է, բայց դուք պէտք է կէտերը ընդլայնէք, օրինակով մը պարզաբանէք եւ կիրարկէք ժողովքի մը կամ անհատի մը։ Ի՞նչպէս կրնաք ընել ասիկա։
Տեղեկութիւն փնտռելու համար գործի լծուելէն առաջ, ձեր ունկնդիրները ի մտի ունեցէք։ Անոնք ի՞նչ գիտեն արդէն։ Ի՞նչ գիտնալու կարիքը ունին։ Ապա ձեր նպատակակէտը բնորոշեցէք։ Ձեր նպատակը բացատրե՞լ, համոզե՞լ, հերքե՞լ, թէ՝ խթանել է։ Բացատրելը՝ նիւթ մը յստակ դարձնելու համար յաւելեալ տեղեկութիւն հայթայթել կը պահանջէ։ Թէեւ հիմնական իրողութիւնները կրնան հասկնալի ըլլալ, բայց պէտք է ընդլայնէք թէ ըսուած բաները ե՛րբ կամ ի՛նչպէս պէտք է ընել։ Համոզելը կը պահանջէ պատճառներ տալ, ուրուագծելու թէ բան մը ինչո՛ւ այդպէս է, ապացոյցներ ներկայացնելով։ Հերքելը կը պահանջէ լման գիտութիւն ունենալ հարցի մը երկու կողմերուն մասին, գործածուած ապացոյցը հոգածութեամբ վերլուծելով։ Անշուշտ մեր փնտռածը ո՛չ թէ պարզապէս զօրաւոր պատճառաբանութիւններ տալ է, հապա՝ իրողութիւնները ազնիւ կերպով ներկայացնել։ Խթանումը կը պարփակէ սրտին հասնիլ։ Կը նշանակէ՝ ձեր ունկնդիրներուն դրդապատճառ մը տալ եւ խօսուած նիւթին նկատմամբ գործի անցնելու ցանկութիւն մը կերտել։ Այսպիսի քայլեր առած անհատներու իրական կեանքէ առնուած օրինակները՝ նոյնիսկ դժուարութիւններու դիմաց՝ սրտին հասնելու կրնան նպաստել։
Այժմ, պատրա՞ստ էք սկսելու։ Տակաւին ո՛չ։ Նկատի առէք թէ ո՛րքան տեղեկութեան պէտք ունիք։ Ժամանակը կրնայ կարեւոր ազդակ մը ըլլալ։ Եթէ այս տեղեկութիւնը ուրիշներու պիտի ներկայացնէք, ասիկա ընելու համար ո՞րքան ժամանակ ունիք։ Հի՞նգ վայրկեան։ Քառասունհի՞նգ վայրկեան։ Ձեր ժամանակը սահմանափա՞կ է, ինչպէս ժողովի մը ընթացքին, թէ ոչ աւելի ազատ է, ինչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը կամ հովուական այցելութեան մը պարագային։
Վերջապէս, պրպտում ընելու համար ի՞նչ գործիքներ մատչելի են։ Տան մէջ ձեր ունեցածէն զատ, ձեր Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մէջ յաւելեալ գրականութիւններ կա՞ն։ Երկար տարիներէ Եհովայի ծառայող եղբայրներ թոյլ կու տա՞ն որ իրենց պրպտումի գործիքները գործածէք։ Ձեր շրջանին մէջ հանրային գրադարան մը կա՞յ, ուր կրնաք կարգ մը վկայակոչելի գրքեր գործածել, եթէ հարկ ըլլայ։
Պրպտումի Մեր Գլխաւոր Գործիքը՝ Աստուածաշունչը՝ Գործածենք
Եթէ ձեր պրպտումը համարի մը իմաստին շուրջ է, նախ՝ Աստուածաշունչով սկսեցէք։
Բովանդակութիւնը Քննեցէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս գրութիւնը որո՞նց ուղղուած էր։ Շուրջի համարները ի՞նչ ցոյց կու տան այդ արտայայտութեան դուռ բացող պարագաներուն, կամ անոր մէջ պարփակուած մարդոց կեցուածքին մասին’։ Յաճախ այսպիսի մանրամասնութիւններ նիւթը հասկնալու կը նպաստեն, եւ ձեր դասախօսութեան կեանք կու տան։
Օրինակ, Եբրայեցիս 4։12–ը յաճախ կը մէջբերուի, մարդոց սրտին ու կեանքին ազդող Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը ցոյց տալու համար։ Բովանդակութիւնը մեր գնահատութիւնը կ’աւելցնէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է։ Հոն կը խօսի 40 տարի անապատին մէջ Իսրայէլի ունեցած փորձառութիւններուն մասին, մտնելէ առաջ այն երկիրը զոր Եհովա Աբրահամին խոստացած էր։ (Եբր. 3։7–4։13) «Աստուծոյ խօսքը»՝ Աբրահամի հետ իր ըրած ուխտին համաձայն զիրենք հանգստանալու տեղ մը տանելու իր խոստումը՝ մեռած չէր. անիկա կենդանի էր եւ դէպի կատարում կ’ընթանար։ Իսրայելացիները ամէն պատճառ ունէին անոր հաւատալու։ Սակայն, մինչ Եհովա զիրենք Եգիպտոսէ դուրս հանելով, Սինա Լեռը ու անկէ դէպի Աւետեաց Երկիրը կ’առաջնորդէր, անոնք կրկին անգամ հաւատքի պակաս ցոյց տուին։ Ուստի, իր խօսքը կատարելու Աստուծոյ կերպին հանդէպ իրենց հակազդեցութեամբ ցոյց տուին, թէ ի՛նչ ունէին իրենց սրտին մէջ։ Նոյն կերպով, մեր օրերուն, Աստուծոյ խոստումը, մարդոց սրտին մէջ եղածը կը յայտնաբերէ։
Վկայակոչումները Ստուգեցէք։ Կարգ մը Աստուածաշունչեր վկայակոչումներ ունին, եւ ասիկա կրնայ օգտակար ըլլալ։ Անոնցմէ մէկն է Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը, զանազան լեզուներով։ Հայերէն Անթիլիաս Թարգմանութիւն–ն ալ կը պարունակէ վկայակոչումներ։ Օրինակ մը նկատի առնենք։ Ա. Պետրոս 3։6–ը Սառան կը մատնանշէ որպէս Քրիստոնեայ կիներուն կողմէ ընդօրինակուելու արժանի տիպար մը։ Ծննդոց 18։12–ի վկայակոչումը ասիկա կը հաստատէ, յայտնելով թէ Սառան իր «մտքին մէջ» Աբրահամը տէր կը կոչէր։ Ուստի անոր հնազանդութիւնը սրտանց էր։ Այսպիսի խոր հասկացողութենէ զատ, վկայակոչումները կրնան ձեզ տանիլ համարներու, որոնք Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կամ Օրէնքի ուխտին մէկ երեսակին կատարումը ցոյց կու տան։ Բայց պէտք է գիտնաք որ կարգ մը վկայակոչումներ այսպիսի բացատրութիւն մը չեն տար։ Անոնք կրնան պարզապէս զուգահեռ գաղափարի մը, կամ կենսագրական կամ աշխարհագրական տեղեկութեան մը ակնարկում ընել։
Աստուածաշունչի Համաբարբառով Պրպտում Կատարեցէք։ Աստուածաշունչի համաբարբառ մը, Սուրբ Գրքին մէջ գործածուած բառերուն այբբենական շարքով ցուցակ մըն է։ Անիկա ձեզի կ’օգնէ որ ձեր պրպտած նիւթին հետ առնչութիւն ունեցող համարներ գտնէք։ Մինչ զանոնք կը քննէք, ուրիշ օգտակար մանրամասնութիւններ պիտի գտնէք։ Աստուծոյ Խօսքին մէջի ճշմարտութեան «օրինակ»ին ապացոյցները պիտի տեսնէք։ (Բ. Տիմ. 1։13) Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը Սուրբ Գրքի հիմնական բառերու Ցանկ մը կը պարունակէ։ Ընդարձակ Համաբարբառ–ը շատ աւելի ընդլայնուած է։ Եթէ ձեր լեզուով մատչելի է, անիկա ձեզ պիտի տանի Աստուածաշունչին այն բոլոր համարներուն, ուր գործածուած է գլխաւոր բառերուն իւրաքանչիւրը։
Պրպտումի Ուրիշ Գործիքները Գործածել Սորվեցէք
Էջ 33–ի վրայ տրուած շրջագիծը կը թուէ պրպտումի շարք մը ուրիշ գործիքներ, որոնք հայթայթուած են «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ։ (Մատթ. 24։45-47) Անոնց մեծամասնութիւնը բովանդակութիւն մը ունի, եւ անոնցմէ շատեր ետեւը ցանկ մը ունին, ձեզի օգնելու համար որ որոշ տեղեկութիւն մը կարենաք գտնել։ Ամէն տարուան վերջաւորութեան, այդ տարուան Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի յօդուածներուն նիւթերու ցանկը կը հրատարակուի։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան այս գրականութիւններուն մէջ մատուցուած տեղեկութիւններու տեսակին ընտելանալը կրնայ ձեր պրպտումը արագացնել։ Ըսենք, զոր օրինակ, թէ մարգարէութեան, վարդապետութեան, քրիստոնէական վարքի, կամ Աստուածաշունչի սկզբունքներու կիրարկման մասին կ’ուզէք գիտնալ։ Հաւանական է որ Դիտարան–ին մէջ գտնէք ձեր փնտռածը։ Զարթի՛ր–ը կը խօսի ընթացիկ իրադարձութիւններու, ժամանակակից խնդիրներու, կրօնքի, գիտութեան եւ տարբեր երկիրներու բնակիչներու մասին։ Ժամանակագրական շարքաւորումով Աւետարաններուն իւրաքանչիւր պատմութեան մասին բացատրութիւններ կան՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գրքին մէջ։ Աստուածաշունչի ամբողջ գրքի մը մասին համար առ համար բացատրութիւն կրնաք գտնել՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան, եւ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար գրքին երկու հատորներուն մէջ։ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին մէջ, դաշտի ծառայութեան մէջ յարուցուած սուրբ գրային հարիւրաւոր հարցումներու մասին գոհացուցիչ պատասխաններ կրնաք գտնել։ Ուրիշ կրօնքներ, անոնց ուսուցումներն ու պատմական ենթահողը աւելի լաւ հասկնալու համար, կայ՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը։ Եհովայի Վկաներու արդի պատմութեան մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար կրնաք տեսնել՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը։ Բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեան ընթացիկ զարգացման մասին մանրամասնութեանց համար, նայեցէք վերջին տարուան Դիտարան Յունուար 1–ի հրատարակութիւնը։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը, Աստուածաշունչի համայնագիտարան մը ու աշխարհացոյց մըն է։ Եթէ Աստուածաշունչին հետ կապ ունեցող մարդոց, վայրերու, իրերու, լեզուներու կամ պատմական իրադարձութիւններու մասին տեղեկութիւններու պէտք ունիք, այս հոյակապ աղբիւրին կրնաք դիմել։
«Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ»։ Աւելի քան 20 լեզուներով հրատարակուած այս Ցանկ–ը, մեր շատ այլազան գրականութիւններէն տեղեկութիւն քաղելու պիտի առաջնորդէ։ Անիկա բաժնուած է նիւթերու ցանկի եւ համարներու ցանկի մը։ Նիւթերու ցանկը գործածելու համար, ձեր պրպտած նիւթը ներկայացնող բառ մը զատեցէք։ Համարներու ցանկը գործածելու համար, գտէք այն համարը, որ կ’ուզէք աւելի լաւ հասկնալ։ Եթէ այդ նիւթին կամ համարին մասին ձեր լեզուով բան մը հրատարակուած է Ցանկ–ին ծածկած տարիներուն մէջ, վերագրումներու ցանկին մէջ կրնաք գտնել ձեր փնտռածը։ Ցանկ–ին առաջին էջին վրայի բանալին գործածեցէք յիշուած գրականութիւններուն կրճատումները կարդալու համար։ (Անոր օգնութեամբ, զոր օրինակ, պիտի գիտնաք թէ w99 3/1 15 կ’ակնարկէ Դիտարան 1 Մարտ 1999 էջ 15–ին։) Գլխաւոր վերնագրեր, ինչպէս՝ «Դաշտի Ծառայութեան Փորձառութիւններ» եւ «Եհովայի Վկաներու Կենսագրութիւններ», կրնան օգտակար ըլլալ ժողովքին համար քաջալերական ելոյթներ պատրաստելու համար։
Քանի որ պրպտում կատարելը կրնայ կլանել անհատը, ուշադիր եղէք որ նիւթէն չշեղիք։ Ձեր փնտռած նիւթին մասին պրպտելու ձեր նպատակակէտին վրայ մնացէք։ Եթէ Ցանկ–ը ձեզ որոշ աղբիւր մը ուղղէ, նշուած էջը (կամ էջերը) բացէք, ապա ենթագլուխները եւ պարբերութիւններուն առաջին նախադասութիւնները գործածեցէք, ձեր կարիքներուն յարմարող նիւթին հասնելու համար։ Եթէ Աստուածաշունչէն որոշ համարի մը իմաստը կը փնտռէք, նախ ակնարկուած էջին վրայ գտէք համարը։ Ապա շուրջի տեղեկութիւնները քննեցէք։
«Դիտարանի Գրադարան»՝ Սի.Տի.–ՌՈՄի Վրայ։ Եթէ համակարգիչ մը ունիք, կրնաք օգտուիլ, գործածելով՝ Դիտարանի Գրադարան՝ Սի.Տի.–ՌՈՄի վրայ, որ մեր գրականութիւններու ընդարձակ հաւաքածոյ մը կը պարունակէ։ Պրպտումի պարզացուած յայտագիրը կ’օգնէ որ փնտռէք բառ մը, բառերու կազմութիւն մը, կամ համար մը, որ յիշուած է Դիտարանի Գրադարան–ին մէջի որեւէ գրականութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ այս գործիքը չունիք ձեր լեզուով, կրնաք անկէ օգտուիլ ձեզի ծանօթ եղող ու լայնօրէն գործածուող միջազգային լեզուով մը։
Աստուածպետական Այլ Գրադարաններ
Տիմոթէոսի գրած իր երկրորդ ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս իրմէ խնդրեց որ «գրքերն ալ՝ մանաւանդ մագաղաթները» իր հետ Հռովմ բերէ։ (Բ. Տիմ. 4։13) Պօղոս որոշ գրութիւններուն արժէքը գիտէր եւ զանոնք կը պահէր։ Դո՛ւք ալ կրնաք նոյնը ընել։ Դիտարան–ի, Զարթի՛ր–ի, եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ձեր անձնական օրինակները կը պահէ՞ք, նոյնիսկ զանոնք ժողովքին մէջ նկատի առնելէն ետք։ Եթէ այո, զանոնք ձեռքի տակ պիտի ունենաք որպէս պրպտումի գործիքներ, ձեր ունեցած քրիստոնէական այլ գրականութեանց կողքին։ Ժողովքներէն շատեր Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մէջ աստուածպետական գրականութիւններու հաւաքածոյ մը ունին։ Ասիկա ամբողջ ժողովքին օգտին համար է, որպէսզի Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղած ատեն գործածեն։
Անձնական Արխիւ մը Պահեցէք
Ուշադրութեամբ հետեւեցէք հետաքրքրական նիւթերուն, զորս կրնաք գործածել խօսելու եւ սորվեցնելու ժամանակ։ Եթէ լրագրի մը կամ պարբերաթերթի մը մէջ տեղեկութիւն մը, վիճակագրութիւն մը, կամ օրինակ մը գտնէք, որ կրնաք գործածել ծառայութեան մէջ, զայն կտրեցէք, կամ տեղեկութիւնը արտատպեցէք։ Մի՛ մոռնաք գրելու թերթին թուականն ու անունը, եւ թերեւս՝ հեղինակին կամ հրատարակողին անունը։ Ժողովներու ընթացքին, գրի առէք պատճառաբանութիւններ ու օրինակներ, որոնք ճշմարտութիւնը ուրիշներուն բացատրելու կրնան նպաստել։ Պատահա՞ծ է որ լաւ օրինակի մը մասին մտածած էք, բայց զայն շուտով գործածելու առիթ չէք ունեցած։ Զայն գրի առէք, եւ արխիւի մը մէջ պահեցէք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուելէ որոշ ժամանակ ետք, բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած ըլլալու էք։ Փոխանակ ձեր բաժիններուն նոթերը նետելու, զանոնք պահեցէք։ Անոնց համար ձեր կատարած պրպտումը հետագային կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի։
Մարդոց Խօսեցէք
Մարդիկ տեղեկութեան ճոխ աղբիւր մըն են։ Երբ Ղուկաս իր Աւետարանին պատմութիւնը կը մէկտեղէր, ան վստահաբար շատ տեղեկութիւն ձեռք ձգեց ականատեսներ հարցուփորձելով։ (Ղուկ. 1։1-4) Թերեւս հաւատակից մը կրնայ լոյս սփռել այն նիւթին վրայ, որուն շուրջ կը ջանաք փնտռտուք ընել։ Եփեսացիս 4։8, 11-16–ի համաձայն, Քրիստոս ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ կը գործածէ, որպէսզի «Աստուծոյ Որդին ճանչնալու» մէջ աճինք։ Աստուծոյ ծառայելու մէջ փորձառու եղողներուն հարցնելով, կրնանք պիտանի գաղափարներ ձեռք ձգել։ Մարդոց հետ խօսիլը նաեւ կրնայ յայտնել թէ անոնք ի՛նչ կը խորհին, եւ ասիկա կ’օգնէ որ իրապէս գործնական նիւթ մը պատրաստէք։
Ձեռք Ձգուած Արդիւնքները Արժեւորեցէք
Ցորենը հնձելէ ետք, հատիկները պէտք է զատել յարդէն։ Նոյնն է պարագան ձեր ըրած փնտռտուքի պտուղին։ Գործածելու համար պատրաստ ըլլալէ առաջ, արժէքաւոր եւ աւելորդ նիւթերը իրարմէ պէտք է անջատէք։
Եթէ տեղեկութիւնը դասախօսութեան մը մէջ պիտի գործածէք, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Այն կէտը որ կը ծրագրեմ գործածել, ներկայացնելիք նիւթիս արժէքաւոր նպաստ մը պիտի բերէ՞։ Կամ՝ անիկա հետաքրքրական կէտ մը ըլլալով հանդերձ, արդեօք իմ խօսելիք նիւթէս ուշադրութիւնը պիտի վրիպեցնէ՞’։ Եթէ ընթացիկ դէպքերէն, կամ գիտական կամ բժշկական յարափոփոխ մարզերէն մէջբերում մը ընելու մասին կը մտածէք, վստահ եղէք որ տրուած տեղեկութիւնը այժմէական է։ Նաեւ պէտք է գիտակցիք որ մեր հին գրականութիւններուն մէջէն կարգ մը կէտեր վերստուգուած կրնան ըլլալ, ուստի այդ նիւթին շուրջ վերջին հրատարակուած տեղեկութիւնները նկատի առէք։
Եթէ աշխարհային աղբիւրներէ տեղեկութիւններ պիտի քաղէք, շա՛տ զգոյշ պէտք է ըլլաք։ Բնաւ մի՛ մոռնաք որ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է։ (Յովհ. 17։17) Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման մէջ, Յիսուս գլխաւոր դերը կը խաղայ։ Անոր համար, Կողոսացիս 2։3–ը կ’ըսէ. «Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են»։ Ասիկա ի մտի ունենալով՝ ձեր ըրած փնտռտուքները արժեւորեցէք։ Աշխարհիկ պրպտումներու մասին, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Այս տեղեկութիւնը չափազանցուած, ենթադրական, կամ անհեռատե՞ս է։ Անձնասիրական կամ առեւտրական հոգիո՞վ գրուած է։ Հեղինակաւոր ուրիշ աղբիւրներ համաձա՞յն են անոր հետ։ Ամենէն կարեւորը, անիկա Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հետ համաձա՞յն է’։
Առակաց 2։1-5–ը մեզ կը քաջալերէ որ շարունակենք գիտութիւնը, հասկացողութիւնը եւ խորատեսութիւնը ‘արծաթի ու ծածուկ գանձերու պէս’ փնտռել։ Ասոր մէջ թէ՛ ճիգ եւ թէ ճոխ վարձատրութիւն պարփակուած է։ Պրպտում կատարելը ջանք կը պահանջէ, բայց ասիկա պիտի օգնէ որ հարցերու շուրջ Աստուծոյ միտքը գտնէք, սխալ գաղափարները սրբագրէք եւ ճշմարտութեան կառչած մնաք։ Ասիկա ձեր ներկայացումներուն աւելի կշիռ ու կեանք պիտի տայ, ինչ որ զանոնք ներկայացնելը եւ լսելը աւելի հաճելի պիտի դարձնէ։