Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/97 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Պահեստ մը շինելու տեղ՝ գործածէ՛ զանոնք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոր Կարգադրութիւն մը՝ Թագաւորութեան Սրահի Գրադարաններուն Համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Հին Գրքերը Լաւ Կերպով Գործածենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 4/97 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Ի՞նչպիսի գրականութիւններ պէտք է դրուին Աստուածպետական Ծառայութան Դպրոցի գրադարանին մէջ։

Աստուծոյ ժողովուրդին օգտին համար, առատ հոգեւոր գրականութիւններ հայթայթուած են։ Քանի որ շատ մը հրատարակիչներ անձնապէս այս բոլոր գրականութիւնները չունին, Թագաւորութեան Սրահին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարանը, գրականութիւններու մէջէն փնտռտուքներ ընելու միջոցը կու տայ մեզի, ինչ որ այլապէս կարելի պիտի չըլլար։ Ուստի, գրադարանը լեցուն պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններով, Ընկերութեան ընթացիկ գրականութիւններով, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան թերթիկին օրինակներով, Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի հատորներով, ինչպէս նաեւ Դիտարանի Գրականութիւններու Ցանկերով։ Ասոնցմէ զատ, արդի լաւ բառարան մըն ալ պէտք է աւելցուի։ Եթէ մատչելի ըլլան, համայնագիտարաններ, աթլասներ, կամ քերականական կանոններու եւ պատմութեան ակնարկող գրքեր կրնան օգտակար ըլլալ։ Բայց մեր գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ կողմէ հայթայթուած գրականութիւններուն վրայ։—Մատթ. 24։45

Ըստ կարգ մը տեղեկագրութիւններու, եղած են պարագաներ, երբ անպատշաճ գրքեր դրուած են Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարանին մէջ։ Յարմար պիտի չըլլար պարփակել երեւակայական վէպեր, բարձրագոյն քննադատութիւնը աչքառու դարձնող Աստուածաշունչը բացատրող գրքեր, ո՛չ ալ փիլիսոփայական կամ ոգեհարցական գրքեր։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարանը պէտք է պարունակէ միայն այնպիսի նիւթեր, որոնք զայն գործածողներուն պիտի օգնեն որ շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել։—Ա. Տիմ. 4։15

Դպրոցի տեսուչն է այս գրադարանի պատասխանատուն, թէեւ ուրիշ եղբայր մըն ալ կրնայ նշանակուիլ անոր հոգ տանելու համար։ Ան հոգ պէտք է տանի որ գրադարանը ընթացիկ ըլլայ, նոր գրականութիւններ աւելցնելով, անմիջապէս որ անոնք մատչելի ըլլան։ Իւրաքանչիւր գրքի ներսի կողքին վրայ, յստակօրէն պէտք է գրուի թէ անիկա ո՛ր ժողովքին կը պատկանի։ Ամէն տարի քննութիւն մը պէտք է կատարուի տեսնելու համար թէ որեւէ գիրք նորոգութեան կամ փոխարինուելու պէտքը ունի՞։

Գրադարանին հոգ տանելու համար ամէն մէկս կրնանք մեր բաժինը բերել։ Հոգածութիւն ցոյց պէտք է տրուի գրքեր առնելու կամ գործածելու պարագային։ Պէտք չէ թոյլ տալ որ երախաները անոնց հետ խաղան, ոչ ալ ոեւէ մէկը զանոնք ընդգծէ։ Յստակ նոթագրութիւն մը կարելի է դնել, վերյիշեցնելով թէ կարելի չէ գրքերը Թագաւորութեան Սրահէն դուրս հանել։

Նոր ժողովքներու յարատեւ կազմումով, հաւանաբար բազմաթիւ գրադարաններ սահմանափակ թիւով գրքեր ունենան։ Հին գրականութիւններ ունեցող կարգ մը հրատարակիչներ կրնան ժողովքին նուիրել զանոնք։ Երէցները կրնան Ընկերութեան Դիտարան–ի վերատպուած հատորները ապսպրել։ Այս կերպով, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարանը ամենուն համար շատ օգտակար պիտի ըլլայ, Աստուծոյ Խօսքին պահուած գանձերը պեղելու, որոնք գիտութիւն, իմաստութիւն եւ հասկացողութիւն կու տան։—Առ. 2։4-6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել