Հին Գրքերը Լաւ Կերպով Գործածենք
1 Աշխարհի չորս ծագերուն մէջ մարդիկ միլիոնաւոր հին գրքեր կուտակած են գրադարաններուն մէջ։ Սակայն, անոնք մարդկային ցեղին յաւիտենական ի՞նչ օգուտ բերած են։ (Ժող. 12։12) Հապա որքան աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան, եւ մարդկութեան համար անոր ընելիք բաներուն վրայ ուշադրութիւն ընծայող գրականութիւնները։ Գրեթէ բոլոր ժողովքներն ալ իրենց պարէնին մէջ զետեղած են տարիներ առաջ հրատարակուած այսպիսի այլազան գրականութիւններ։ Յունուարին հանրութեան պիտի ներկայացնենք այս հին գրքերը։
2 Անոնք Իսկապէս Արժէքաւոր Են. Մինչ շատերս կրնանք խորհիլ որ այս գրքերը մեր նոր գրականութիւններուն հետ բաղդատած այժմէական չեն, պէտք է յիշենք որ անոնք սուրբ գրային ճշմարտութիւններ կը պարունակեն։ Անոնց մեկնած Թագաւորութեան պատգամը տակաւին արժէքաւոր է այսօր, եւ եթէ անոր հնազանդինք, կրնայ կեանք փրկել։ (Յովհ. 17։3) Հետեւաբար, այս հին գրքերը լաւագոյն կերպով գործածելու համար պէտք է յաւելեալ ջանք թափենք։
3 Կնոջ մը փորձառութիւնը անոնց արժէքը ցցուն կ’ընէ. ան իր մեծ մօրմէն մեծ քանակութեամբ Ընկերութեան հին գրականութիւններէն ժառանգեց։ Վկայ քոյր մը հարցուց անոր թէ արդեօք գիտէ՞ր այդ գրականութիւններուն իսկական արժէքը։ Կինը պատասխանեց. «Անոնց արժէքը չեմ գիտեր, բայց ի՞նչպէս կրնամ գիտնալ»։ Կինը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, ճշմարտութեան եկաւ, եւ անկէ ետք մեծ մօրը գրադարանը արժեւորեց։ Այդ հին գրքերը ո՛րքան արժէքաւոր ժառանգութիւն մը եղան։
4 Զանոնք Բաշխեցէք. Հին գրքերը տունէ տուն ներկայացնելէ զատ, զանոնք ներկայացուցէք երբ կը վերայցելէք այն մարդոց, որոնք գիտէք թէ հաճոյքով կը կարդան մեր գրականութիւնները, ի ներառեալ անոնք որոնք Դիտարան–ի բաժանորդագրութիւն ըրած են եւ անոնք որ կանոնաւորաբար պարբերաթերթեր առնողներուն ցանկին վրայ կը գտնուին։ Աստուածաշունչը ձեր հետ սերտողներուն համար, ընտրուած հին գրքեր կրնան հիմնական գիտութիւն մը հայթայթել, որ ճշմարտութեան հանդէպ անոնց հասկացողութիւնը պիտի ընդլայնէ։ Մի՛ մոռնաք ձեր անհատական հաւաքածոյին մէջ պակաս եղող որեւէ հին գիրք ձեռք ձգելու։ Այս կերպով, աստուածպետական արժէքաւոր գրադարան մը պիտի կուտակէք, որ ձեր անձնական ուսումնասիրութեան պահերը ճոխացնելու պիտի նպաստէ։
5 Փոխանակ մեր հին գրքերը մթերուած պահելու, թող որ զանոնք լաւ կերպով գործածենք, մեր հանդիպած մարդիկը խթանելու որ ‘Աստուծմէ վախնան ու անոր պատուիրանքները պահեն’։—Ժող. 12։13