Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 66-էջ 70 պարբ. 3
  • Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պէտք Է Պատասխանէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պէտք Է Պատասխանէք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցում Հարցնողին Տեսակէտը Հասկցէք
  • Հարց Տուողին Տեսակէտը Սուրբ Գրքի Նկատմամբ
  • «Միշտ Շնորհալի»
  • Անձնական Որոշումներ եւ Խղճի Հարցեր
  • Ժողովներուն Պատասխանել
  • Ինչպէ՛ս լաւ պատասխաններ տալ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Ժողովներուն իրար քաջալերենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ժողովքին մէջ Եհովան գովէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 66-էջ 70 պարբ. 3

Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պէտք Է Պատասխանէք

ԿԱՐԳ մը հարցումներ սառնալեռներու նման են։ Ամենէն հիմնական մասը, մակերեսին ներքեւ թաքցուած կը մնայ։ Հարցումին ետին գտնուող հարցը յաճախ շատ աւելի կարեւոր է քան՝ հարցումը ինքնին։

Նոյնիսկ երբ հարցնողը անհամբեր պատասխանի կը սպասէ, պատասխանելու կերպը գիտնալը իր մէջ կրնայ պարփակել հասկնալ թէ ո՛րքանով պէտք է պատասխանել եւ ո՛ր անկիւնէն մօտենալ հարցին։ (Յովհ. 16։12) Ինչպէս Յիսուս նշեց իր առաքեալներուն, կարգ մը պարագաներու անհատ մը կրնայ տեղեկութիւններ հարցնել, որոնք իրեն չեն վերաբերիր, կամ որոնցմէ ո՛չ մէկ իրական օգուտ պիտի քաղէ։—Գործք 1։6, 7

Սուրբ Գիրքը մեզի կը խրատէ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։ (Կող. 4։6) Հետեւաբար, պատասխանելէ առաջ, պէտք է նկատի ունենանք ո՛չ միայն ի՛նչ պիտի ըսենք, այլ նաեւ՝ ի՛նչպէս պիտի ըսենք։

Հարցում Հարցնողին Տեսակէտը Հասկցէք

Սադուկեցիները փորձեցին Յիսուսը ծուղակը ձգել, քանի մը անգամ ամուսնացած կնոջ մը յարութեան մասին ուղղուած հարցումով մը։ Բայց Յիսուս գիտէր թէ անոնք արդէն յարութեան չէին հաւատար։ Ուստի, այնպիսի կերպով մը պատասխանեց անոնց հարցումին, որ այդ հարցումին ետին գտնուող սխալ տեսակէտին դպաւ։ Ճարտար տրամաբանութիւն եւ սուրբ գրային ծանօթ պատմութիւն մը գործածելով, Յիսուս բան մը նշեց որ անոնք նախապէս բնաւ նկատի առած չէին. յստակ ապացոյց մը՝ թէ Աստուած իրապէս պիտի յարուցանէր մեռելները։ Իր պատասխանը ա՛յնքան ապշեցուց իր հակառակորդները, որ անոնք այլեւս չհամարձակեցան զինք հարցուփորձել։—Ղուկ. 20։27-40

Ի՛նչպէս պատասխանել գիտնալու համար, պէտք է հարցում հարցնողին տեսակէտներն ու մտահոգութիւններն ալ հասկնաք։ Օրինակ, դասընկեր մը կամ գործակից մը կրնայ ձեզի հարցնել թէ ինչո՛ւ Ծնունդ չէք տօներ։ Ան ինչո՞ւ կը հարցնէ։ Արդեօք իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է անոր պատճառով, թէ պարզապէս կ’ուզէ գիտնալ որ զուարճանալու արտօնութիւն ունիք թէ ոչ։ Ասիկա գիտնալու համար, թերեւս հարկ ըլլայ իրեն հարցնել թէ ինչո՛ւ կ’ուղղէ այս հարցումը։ Ապա անոր համաձայն պատասխանեցէք։ Առիթէն օգտուելով կրնաք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչին տուած ուղղութեան հետեւիլը ի՛նչպէս կը պաշտպանէ ձեզ տօներու այն երեսակներէն, որոնք մարդոց համար նեղացուցիչ եղած ու բեռ մը դարձած են։

Ենթադրենք թէ ձեզի հրաւէր տրուած է որ խումբ մը աշակերտներու խօսիք Եհովայի Վկաներու մասին։ Ձեր ելոյթէն ետք, թերեւս անոնք հարցումներ հարցնեն։ Եթէ տեսնէք թէ հարցումները անկեղծ ու յստակ են, պարզ ու շեշտակի պատասխանները լաւագոյնը կրնան ըլլալ։ Եթէ հարցումները համայնքի կանխադատութիւններ կը յայտնեն, շատ աւելի օգտակար կ’ըլլայ, երբ պատասխանելէ առաջ հակիրճ տեղեկութիւն մը տաք թէ այս հարցերու շուրջ ժողովրդական տեսակէտները ի՛նչպէս կազմուած կրնան ըլլալ եւ թէ Եհովայի Վկաները ինչո՛ւ կը նախընտրեն Աստուածաշունչի չափանիշին հետեւիլ։ Շատ յաճախ նախընտրելի է այսպիսի հարցումներ նկատել որպէս զիրենք մտահոգող նիւթեր, քան թէ՝ մարտահրաւէրներ, նոյնիսկ երբ այդ կերպով ներկայացուին։ Ուստի, ձեր պատասխանը առիթ կու տայ որ ձեր ունկնդիրներուն տեսադաշտը ընդարձակէք, անոնց ճշգրիտ տեղեկութիւն տաք եւ մեր հաւատալիքներուն շուրջ սուրբ գրային պատճառները բացատրէք։

Ի՞նչպէս կրնաք պատասխանել գործատիրոջ մը, որ համաժողովի համար չ’ուզեր ձեզի արձակուրդ տալ։ Նախ հարցը իր տեսանկիւնէն դիտեցէք։ Ուրիշ ժամանակ յաւելեալ ժամեր ընելը կրնա՞յ օգնել ձեր առաջարկին։ Եթէ իրեն բացատրէք թէ համաժողովներուն մեր ստացած դաստիարակութիւնը մեզի կ’օգնէ որ պարկեշտ ու վստահելի աշխատաւորներ ըլլանք, արդեօք ասիկա օգտակար կրնա՞յ ըլլալ։ Եթէ իրեն ցոյց տաք որ իր բարօրութիւնն ալ նկատի կ’առնէք, թերեւս ինքն ալ աւելի թոյլատու գտնուի բանի մը համար, որ կը նկատէ թէ կարեւոր է ձեր կեանքին մէջ։ Բայց եթէ ձեզմէ խնդրէ որ անպարկեշտ բան մը ընէք, այդ պարագային ի՞նչ։ Սուրբ գրային կարգ մը գաղափարներով յստակ ու կտրուկ մերժումով մը պէտք է նշէք ձեր դիրքը։ Բայց արդեօք կրնա՞յ աւելի օգտակար ըլլալ եթէ նախ իրեն բացատրէք թէ երբ անհատ մը ի շահ իրեն ստելու կամ գողնալու յօժար ըլլայ, կրնայ իրե՛ն ալ ստել կամ իրմէ գողնալ։

Կամ՝ թերեւս դուք աշակերտ մըն էք, որ չէք ուզեր դպրոցին մէջ հակա–սուրբ գրային որոշ գործունէութիւններու մասնակցիլ։ Մի՛ մոռնաք որ ուսուցիչը թերեւս ձեր տեսակէտները չի բաժներ, եւ իր պատասխանատուութիւնն է դասարանին մէջ կարգ ու կանոնը պահել։ Ուստի ձեր վրայ պարտականութիւն կ’իյնայ (1) զինք մտահոգող բաներուն հանդէպ նկատառու ըլլալ, (2) ձեր դիրքը յարգալից կերպով բացատրել, եւ (3) Եհովայի հաճելի եղած բաներուն մէջ հաստատ ըլլալ։ Լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար, թերեւս պարզապէս ձեր հաւատքին մասին խօսելէն աւելին պէտք է ընէք։ (Առ. 15։28) Եթէ դեռատի մըն էք, անկասկած ձեր հայրը կամ մայրը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր ըսելիքը պատրաստէք։

Երբեմն, թերեւս ձեզմէ պահանջուի որ հեղինակաւոր անհատի մը կողմէ ձեզի դէմ եղած ամբաստանութիւնները հերքէք։ Ոստիկանական կամ կառավարական պաշտօնեայ մը, կամ դատաւոր մը կրնայ ձեզմէ պահանջել որ պատասխանէք որոշ օրէնքի մը հնազանդելու, քրիստոնէական չէզոքութեան հարցով ձեր դիրքին, կամ հայրենասիրական արարողութիւններու մասնակցելու շուրջ ձեր կեցուածքին մասին հարցուած հարցումներու։ Ի՞նչպէս պէտք է պատասխանէք։ «Հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ»՝ կը խրատէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Պետ. 3։15) Նաեւ, դուք ձեզի հարց տուէք թէ այս հարցերը ինչո՛ւ կը հետաքրքրեն զիրենք, եւ յարգալից կերպով ընդունեցէք անոնց պատճառը։ Անկէ ե՞տք։ Պօղոս առաքեալ հռովմէական օրէնքին դիմեց պաշտպանութեան համար, ուստի դուք ալ կրնաք ձեր պարագային կիրարկուող օրէնքներուն մատնանիշ ընել։ (Գործք 22։25-29) Նախկին Քրիստոնեաներու եւ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներու բռնած դիրքին մասին կարգ մը իրողութիւններ կրնան պաշտօնեային հայեցակէտը ընդարձակել։ Կամ՝ կրնաք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ հեղինակութիւնը ճանչնալը կը մղէ անհատները որ մարդոց կողմէ դրուած պատշաճ օրէնքներուն աւելի հետեւողական կերպով հնազանդին։ (Հռովմ. 13։1-14) Այս բաները թուելէ ետք, ձեր դիրքին մասին ներկայացուած սուրբ գրային պատճառ մը կրնայ նպաստաւոր ընդունելութիւն գտնել։

Հարց Տուողին Տեսակէտը Սուրբ Գրքի Նկատմամբ

Երբ կ’որոշէք ինչպէս պատասխանել, պէտք է նկատի ունենաք նաեւ ձեզի հարց տուողին տեսակէտը Սուրբ Գրքին հանդէպ։ Յիսուս ասիկա ըրաւ, երբ յարութեան մասին Սադուկեցիներուն հարցումին կը պատասխանէր։ Գիտնալով որ անոնք միայն Մովսէսի գրութիւնները կ’ընդունէին, Յիսուս անոնց հետ պատճառաբանեց Հնգամատեանին հիման վրայ, իր դիտողութիւնները սկսելով հետեւեալ խօսքով. «Մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց»։ (Ղուկ. 20։37) Թերեւս ձեզի համար ալ առաւելութիւն մը ըլլայ մէջբերում ընել Աստուածաշունչի այն մասէն, որ ձեր ունկնդիրը կ’ընդունի եւ իրեն ծանօթ է։

Ի՞սկ եթէ ձեր ունկնդիրը Աստուածաշունչի հեղինակութիւնը չ’ընդունիր. . . ։ Նկատի առէք որ երբ Պօղոս առաքեալ ճառ մը տուաւ Արիսպագոսի մէջ՝ ի՛նչ ըսաւ, որ արձանագրուած է Գործք Առաքելոց 17։22-31–ի մէջ։ Ան սուրբ գրային ճշմարտութիւններու մասնակից ըրաւ զանոնք, առանց ուղղակիօրէն Աստուածաշունչէն մէջբերումներ ընելու։ Երբ հարկը տեսնէք, դուք ալ կրնաք նոյնը ընել։ Կարգ մը տեղեր, թերեւս անհատի մը հետ բաւական խօսակցութիւններ պէտք է ունենաք, Աստուածաշունչին ուղղակի ակնարկում ընելէ առաջ։ Երբ Աստուածաշունչին կ’ուզէք անցնիլ, իմաստութիւն է նախ կարգ մը պատճառներ թուել թէ անիկա ինչո՛ւ նկատողութեան արժանի է, փոխանակ հաստատապէս նշելու թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է։ Սակայն ձեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ նպատակին մասին յստակ վկայութիւն մը տալ եւ, ժամանակի ընթացքին, ձգել որ ձեր ունկնդիրը անձամբ տեսնէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ Աստուածաշունչը շա՛տ աւելի համոզիչ է քան մեր ըսած որեւէ բանը։—Եբր. 4։12

«Միշտ Շնորհալի»

Եհովան ազնիւ ըլլալով, շատ տեղին է որ իր ծառաներուն ալ յորդոր տրուած է որ իրենց խօսակցութիւնը ‘միշտ շնորհալի, աղով համեմուած’ ըլլայ։ (Կող. 4։6, Անթիլիաս. Ել. 34։6) Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է քաղցրութեամբ խօսինք, նոյնիսկ երբ անհատը արժանի չէ։ Մեր խօսակցութիւնը հաճելի պէտք է ըլլայ ու ո՛չ թէ կոշտ կամ անփափկանկատ։

Մարդոցմէ շատեր շատ մեծ ճնշումի ներքեւ են եւ ամէն օր նախատինքներու կ’ենթարկուին։ Երբ այսպիսի անհատներու կ’այցելենք, անոնք կրնան կոպիտ կերպով խօսիլ։ Ի՞նչպէս պէտք է պատասխանենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։ Այսպիսի պատասխան մը նաեւ կը կակուղցնէ հակառակ տեսակէտ ունեցող անհատ մը։ (Առ. 15։1. 25։15) Ամէն օր կոշտութիւն դիմագրաւող անհատներուն, քաղցրութիւն արտայայտող վարուելակերպը եւ ձայնը կրնայ ա՛յնքան հաճելի թուիլ, որ թերեւս անոնք մտիկ ընեն մեր բերած բարի լուրը։

Ճշմարտութեան հանդէպ յարգանք չունեցողներուն հետ վիճաբանելով հետաքրքրուած չենք։ Հապա մեր ցանկութիւնն է Սուրբ Գրքով պատճառաբանել անոնց հետ, որոնք կ’ուզեն ասիկա ընել։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր դիմագրաւած կացութիւնը, մեր մտքէն չհանենք որ պէտք է քաղցրութեամբ եւ համոզումով պատասխանենք, թէ Աստուծոյ թանկագին խոստումները վստահելի են։—Ա. Թես. 1։5

Անձնական Որոշումներ եւ Խղճի Հարցեր

Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կամ հաւատակից մը հարցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ տուեալ պարագայի մը, ի՞նչպէս պէտք է պատասխանէք։ Թերեւս դուք գիտէք թէ անձնապէս ի՛նչ պիտի ընէիք։ Բայց ամէն մէկը կեանքի մէջ իր տուած որոշումներուն պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ։ (Գաղ. 6։5) Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ ինք իր քարոզած անհատները կը քաջալերէր «հաւատքի հնազանդութեան»։ (Հռովմ. 16։26, Երուսաղէմ) Մեզի համար ասիկա լաւ օրինակ մըն է։ Անհատ մը որ որոշումներ կը կայացնէ միայն իր Աստուածաշունչի ուսուցիչը կամ ուրիշ անհատ մը հաճեցնելու համար, ան մարդոց կը ծառայէ՝ հաւատքով չ’ապրիր։ (Գաղ. 1։10) Ուստի, պարզ եւ վճռական պատասխան մը տալով, հարցնողին օգուտը փնտռած չէք ըլլար։

Ուստի, ի՞նչպէս կրնաք պատասխանել կերպով մը որ Աստուածաշունչի ուղեգծերուն հետ ներդաշնակ ըլլայ։ Կրնաք Աստուածաշունչէն յարմար սկզբունքներու եւ օրինակներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։ Կարգ մը պարագաներու կրնաք իրեն ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կրնայ պրպտում ընել, որպէսզի ի՛նք գտնէ այդ օրինակներն ու սկզբունքները։ Կրնաք նոյնիսկ այդ սկզբունքներուն եւ օրինակներուն մասին խօսիլ առանց զանոնք կիրարկելու տուեալ կացութեան։ Անհատին հարցուցէք թէ ինք անոնց մէջ կը տեսնէ՞ բան մը որ կրնայ իրեն օգնել իմաստուն որոշում մը կայացնելու։ Քաջալերեցէք զինք որ այդ սկզբունքներուն ու օրինակներուն լոյսին տակ տեսնէ թէ ո՛ր ընթացքը հաճելի պիտի ըլլար Եհովայի։ Այս կերպով իրեն օգնած կ’ըլլաք որ ‘իր զգայարանքները վարժեցնէ բարին ու չարը զանազանելու’։—Եբր. 5։14

Ժողովներուն Պատասխանել

Քրիստոնէական ժողովքի հանդիպումները յաճախ պատեհութիւն կու տան որ մեր հաւատքին մասին հանրային յայտարարութիւն ընենք։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է հարցուած հարցումներուն պատասխանել։ Ի՞նչպէս պէտք է պատասխանենք։ Եհովան օրհնելու ու գովաբանելու ցանկութեամբ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ասիկա էր որ կ’ընէր «ժողովներուն մէջ»։ (Սաղմ. 26։12) Պէտք է նաեւ պատասխանենք այնպիսի կերպով մը որ քաջալերական ըլլայ մեր հաւատակիցներուն համար, զանոնք «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով», ըստ Պօղոս առաքեալի յորդորին։ (Եբր. 10։23-25) Դասերը նախապէս ուսումնասիրելը ասիկա իրագործելու կրնայ նպաստել։

Երբ ձեզի առիթ տրուի որ պատասխանէք, ձեր նշմարները պարզ, յստակ եւ հակիրճ ըրէք։ Ամբողջ պարբերութիւնը մի՛ ծածկէք, միայն մէկ կէտ յիշեցէք։ Եթէ պատասխանին միայն մէկ մասը ըսէք, ուրիշներուն ալ առիթ կու տաք որ յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ընեն։ Մասնաւորաբար օգտակար է նիւթին մէջ նշուած համարները ցցուն ընել։ Երբ ասիկա կ’ընէք, ջանացէք համարին ա՛յն մասին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, որ նկատի առնուած կէտին կը կիրարկուի։ Սորվեցէք ձեր անձնական բառերով պատասխանել, փոխանակ ուղղակիօրէն պարբերութենէն կարդալու։ Տակնուվրայ մի՛ ըլլաք երբ ձեր տուած պատասխանը ճիշդ սպասուածը չըլլայ։ Ասիկա երբեմն բոլորիս ալ կը պատահի։

Բացայայտօրէն, ի՛նչպէս պատասխանել գիտնալը՝ պատասխանը գիտնալէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա խորատեսութիւն կը պահանջէ։ Բայց որքա՜ն գոհունակութիւն կը զգաք, երբ ձեր սրտէն պատասխան մը տաք, որ ուրիշներուն սրտին ալ դպչի։—Առ. 15։23

ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼԷ ԱՌԱՋ՝ ՆԿԱՏԻ ԱՌԷՔ

  •  Հարցումը ինչո՞ւ հարցուեցաւ

  •  Պատասխանը լաւ կերպով հասկցուելու համար ի՞նչ հիմ պէտք է նետել

  •  Ի՞նչպէս կրնաք ձեր դիրքը բացատրել այնպիսի կերպով մը, որ դիմացի անհատը խորապէս հետաքրքրող նիւթերու շուրջ յարգանք ցոյց տաք

  •  Ի՞նչպէս կրնաք քաղցրութեամբ ու համոզումով նիւթը բացատրել

  •  Ուղղակի՞ պատասխան մը պէտք է տաք, թէ ոչ Աստուածաշունչի սկզբունքներ եւ օրինակներ հայթայթէք, անհատին օգնելու համար որ ի՛նք որոշէ թէ ինչ պէտք է ընէ

ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

  •  Եթէ առաջին առիթը ձեզի տրուի, պարզ եւ ուղղակի պատասխան մը տուէք

  •  Յաւելեալ պատասխանի համար, (1) ցոյց տուէք թէ նշուած համար մը ի՛նչպէս կը կիրարկուի նկատի առնուած նիւթին, (2) յիշեցէք թէ նիւթը ի՛նչպէս կ’ազդէ մեր կեանքին, (3) բացատրեցէք թէ տեղեկութիւնը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ, կամ (4) հակիրճ փորձառութիւն մը թուեցէք, որ կարեւոր կէտ մը ցցուն կ’ընէ

  •  Ուշադրութեամբ հետեւեցէք տրուած պատասխաններուն, որպէսզի գիտնաք ըսուածին վրայ ի՛նչ աւելցնել

  •  Ջանացէք ձեր բառերով պատասխանել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել