Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/09 էջ 1
  • Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պէտք Է Պատասխանէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Մեծ աշակերտ–ընողը ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Հարցումներու Ազդու Գործածութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Ազդու հարցումներ հարցնել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
թծ 9/09 էջ 1

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

1. Երբ մեզի հարցում մը ուղղուի, ինչո՞ւ Յիսուսի օրինակին պէտք է հետեւինք։

1 Մինչեւ օրս մարդիկ կը հիանան այն ազդու կերպին վրայ, որով Յիսուս հարցումներու պատասխանեց։ Այս մարզին մէջ Յիսուսը ընդօրինակենք, երբ ծառայութեան ընթացքին զանազան հարցումներ մեզի ուղղուին (Ա. Պետ. 2։21)։

2. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի, որ ազդուօրէն հարցումի մը պատասխանենք։

2 Նախ մտիկ ըրէ։ Յիսուս հարցնողին տեսակէտը նկատի կ’առնէր։ Երբեմն ասիկա կը պահանջէ, որ հարցումներ ուղղենք ստուգելու համար, թէ անհատը իրապէս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ «Յիսուսի կը հաւատա՞ս» հարցնողը թերեւս իրապէս կ’ուզէ գիտնալ, թէ ինչո՛ւ Ծնունդը չես տօներ։ Եթէ հարցնողին իսկական հետաքրքրութիւնը զատորոշես, կրնաս անոր հետ աւելի ազդուօրէն պատճառաբանել (Ղուկ. 10։25-37)։

3. Աստուածաշնչական պատասխաններ գտնելու համար, ի՞նչ օգնականներ ունինք։

3 Աստուծոյ Խօսքով պատասխանէ։ Սովորաբար լաւագոյն բանն է ցոյց տալ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը պատասխանէ տուեալ հարցումին (Բ. Տիմ. 3։16, 17. Եբ. 4։12)։ Պատճառաբանել գիրքը եւ Աստուածաշունչի խօսակցութեան բնաբաններ գրքոյկը, շիտակ պատասխանը տալու մէջ օգտակար եղած են։ Նոյնիսկ եթէ հարցնողը Աստուածաշունչին հեղինակութիւնը չ’ընդունիր, թերեւս կարենաս փափկանկատօրէն ցոյց տալ, թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կը սորվեցնեն։ Անհատը քաջալերէ, որ Աստուածաշունչին բովանդակած վստահելի իմաստութիւնը լրջօրէն նկատի առնէ։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պատասխաններդ պիտի նմանին «արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու»,– յարգալից, գեղեցիկ եւ արժէքաւոր (Առ. 25։11)։

4. Ո՞ր պարագաներուն յարմար է, որ իւրաքանչիւր հարցումի չպատասխանենք։

4 Իւրաքանչիւր հարցումի պէ՞տք է պատասխանենք։ Եթէ հարցումի մը պատասխանը չես գիտեր, մի՛ ամչնար ըսելու. «Չեմ գիտեր. բայց կրնամ հարցումիդ մասին պրպտում ընել եւ գտած պատասխանս քեզի բերել»։ Այսպիսի համեստութիւն եւ անհատական հետաքրքրութիւն կրնայ տանտէրը մղել քեզի ըսելու որ վերայցելես։ Եթէ զատորոշես թէ հարցումը կ’ուղղուի հակառակորդներու կողմէ, որոնք կը փորձեն վէճ մը սկսիլ, Յիսուսն ընդօրինակէ՝ ամփոփ պատասխան մը տալով (Ղուկ. 20։1-8)։ Նոյնպէս, եթէ ճշմարտութեան հանդէպ իսկական հետաքրքրութիւն չունեցող անհատ մը ջանայ քեզի հետ վիճիլ, քաղաքավարօրէն խօսակցութեան վերջ դիր ու ժամանակդ գործածէ անկեղծ անհատներ փնտռելու (Մատ. 7։6)։

5. Յիսուս հարցումներու պատասխանելու մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

5 Յիսուս գիտէր թէ Եհովայի ապաւինիլը կենսական էր, որպէսզի ‘ճշմարտութեան համար վկայելու’ իր նշանակումը կատարէր, որ կը պարփակէր անկեղծ շարժառիթով ուղղուած հարցումներու պատասխանել (Յովհ. 18։37)։ «Յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներուն պատասխան մը տալու մէջ Յիսուսը ընդօրինակելու ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը ունինք (Գործք 13։48)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել