Ուսումնասիրութիւն 2
Բառերու Յստակ Արտասանութիւն
ԱԶԴՈՒ կերպով հաղորդակցելու համար, պէտք է յստակօրէն խօսիք։ Ձեր ըսելիքը կրնայ հետաքրքրական, նոյնիսկ կարեւոր ըլլալ, բայց անոր մեծ մասը պիտի կորսուի, եթէ ձեր բառերը յստակօրէն չհասկցուին։
Մարդիկ հաճոյք չեն առներ այն զեկուցումներէն, զորս լաւ չեն հասկնար։ Նոյնիսկ երբ անհատի մը ձայնը զօրաւոր եւ դիւրութեամբ լսելի ըլլայ, դիմացինները գործի պիտի չմղուին, եթէ իր բառերը ծամծմուած ըլլան։ Անիկա ճիշդ օտար լեզուով մը խօսելու պիտի նմանի՝ լսողներուն անհասկնալի։ (Երեմ. 5։15) Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։ Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք»։—Ա. Կորն. 14։8, 9
Ի՞նչ Բան Խօսակցութիւնը Անորոշ կը Դարձնէ։ Բերանը բաւարար չբանալը կրնայ պատճառ մը ըլլալ։ Ծնօտի պրկուած մկանները եւ հազիւ շարժող շրթները կրնան նպաստել խեղդուած խօսակցութեան։
Շատ արագ խօսելուն արդիւնքն ալ կրնայ ըլլալ դժուար ըմբռնելի խօսակցութիւն մը։ Անիկա ձայնագրուած խօսակցութիւն մը բնականէն արագ աշխատցնելու կը նմանի։ Բառերը կա՛ն՝ բայց անոնցմէ շատ չէք օգտուիր։
Կարգ մը պարագաներու, անորոշ խօսակցութեան պատճառը խօսելու գործարաններուն կառոյցին մէջ թերութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Բայց նոյնիսկ այսպիսի խնդիր ունեցողներ կրնան շատ բարւոքումներ ընել, այս ուսումնասիրութեան մէջ տրուած թելադրութիւնները կիրարկելով։
Սակայն յաճախ, անորոշ խօսակցութեան պատճառը բառերը ծամծմելուն հետեւանքն է. զանոնք իրարու ետեւէն առանց դադարի արտասանել, այնպէս որ դժուար կ’ըլլայ հասկնալ։ Խնդիրը կրնայ ըլլալ վանկերուն կամ կարեւոր գիրերուն վրայէն ցատկելը, կամ բառերուն վերջաւորութիւնները ուտելը։ Երբ անհատ մը բառերը առանց անջատելու արտասանէ, իր ունկնդիրները կարգ մը գաղափարներ կամ խօսքեր կրնան ըմբռնել, բայց միւսները պէտք է կռահեն։ Յստակօրէն չարտասանելը կրնայ անհատին ազդու կերպով սորվեցնելուն արգելք ըլլալ։
Ի՛նչպէս Յստակօրէն Խօսիլ։ Ձեր լեզուին մէջ բառերուն կառուցումը հասկնալը, բառերը յստակօրէն արտասանելու գլխաւոր բանալիներէն մէկն է։ Գրեթէ բոլոր լեզուներուն մէջ բառերը կազմուած են վանկերէ։ Վանկերը կազմուած են մէկ կամ քանի մը գիրերէ, որոնք կ’արտասանուին որպէս մէկ միաւոր։ Այսպիսի լեզուներու մէջ, սովորաբար իւրաքանչիւր վանկ պէտք է հնչուի երբ կը խօսիք, թէեւ ո՛չ նոյն ուժգնութեամբ։ Եթէ կ’ուզէք ձեր խօսակցութեան յստակութիւնը բարելաւել, աւելի դանդաղ ընթացէք եւ իւրաքանչիւր վանկ հնչելու ջանք թափեցէք։ Սկիզբը ասիկա չափազանցուած կրնայ թուիլ, բայց երբ վարժուիք, աստիճանաբար պիտի կարենաք աւելի սահուն խօսող մը ըլլալ։ Սահունութեան սիրոյն, անկասկած կարգ մը բառեր միասնաբար պիտի արտասանէք, բայց եթէ բառերուն իմաստը մութի մէջ ձգուելու վտանգ կայ, նախընտրելի է ասկէ զգուշանալ։
Ուշադրութի՛ւն. ձեր հնչականութիւնը մշակելու համար, կրնաք չափազանց ճշգրիտ կերպով խօսելու եւ կարդալու վարժութիւն զարգացնել։ Բայց թոյլ մի՛ տաք որ անիկա ձեր կանոնաւոր խօսակցութեան կերպը ըլլայ։ Անիկա կեղծ եւ անբնական կրնայ հնչել։
Եթէ ձեր խօսակցութիւնը քիչ մը խեղդուած է, սորվեցէք ձեր գլուխը վեր պահել եւ ձեր կզակը ձեր կուրծքէն հեռացնել։ Երբ Աստուածաշունչէն կը կարդաք, գիրքը բաւական բարձր բռնեցէք, որպէսզի ձեր աչքերը ունկնդիրներէն դէպի Աստուածաշունչ դարձնելու համար միայն թեթեւօրէն վար իջեցնէք։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ բառերը անարգել դուրս գան։
Ձեր պրկուած վիճակը թուլցնել սորվիլն ալ կրնայ բարւոքել ձեր խօսելակերպը։ Գիտցուած բան է որ դէմքի, կամ ձեր շնչառութիւնը կանոնաւորող մկաններուն պրկումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն մը ունենալ ձեր խօսակցութեան վրայ։ Այսպիսի լարուածութիւն արգելք կը հանդիսանայ այն ներդաշնակ համագործակցութեան, որ պէտք է գոյութիւն ունենայ ձեր մտքին, ձայնային գործարաններուն եւ շնչառութեան հակակշռումին միջեւ, գործողութիւն մը որ սահուն եւ բնական պէտք է ընթանայ։
Ծնօտի մկանները պէտք է հանգիստ ըլլան, որպէսզի անմիջապէս ուղեղին տուած ուղղութեան ընդառաջեն։ Շրթներն ալ պրկումէ զերծ պէտք է ըլլան։ Անոնք արագօրէն ընդլայնուելու եւ կծկուելու պատրաստ պէտք է ըլլան, որպէսզի բերնէն ու կոկորդէն եկող շատ մը ձայները արտաբերեն։ Եթէ ծնօտը եւ շրթները պրկուած ըլլան, բերանը պէտք եղած կերպով պիտի չբացուի եւ ձայնը պիտի ստիպուի դուրս գալ ակռաներուն արանքէն։ Ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ խռպոտ, խեղդուած եւ անորոշ խօսելակերպ մը։ Սակայն ծնօտն ու շրթները պրկումէ զերծ պահել չի նշանակեր բառերը անփոյթ կերպով արտասանել։ Ասիկա պէտք է հաւասարակշռել ձայներու արտասանութեան հետ, որպէսզի հնչականութիւնը յստակ ըլլայ։
Մինչ ձեր կացութիւնը աչքէ կ’անցընէք, պիտի տեսնէք որ բարձրաձայն կարդալը ձեզի օգտակար է։ Ուշադրութեամբ դիտեցէք թէ խօսելու հոյակապ գործարանները ի՛նչպէս կը գործածէք։ Ձեր բերանը բաւականաչափ կը բանա՞ք, որպէսզի բառերուն հնչումը անարգել դուրս գայ։ Պէտք է յիշէք որ լեզուն խօսելու միակ գործարանը չէ, թէեւ՝ ամենէն գործունեան է։ Վիզը, վարի ծնօտը, շրթները, դէմքի մկանները եւ կոկորդի մկանները բոլորն ալ իրենց դերը ունին։ Երբ կը խօսիք, դէմքի որեւէ շարժում չէ՞ք ըներ։ Եթէ այո, ուրեմն շատ հաւանական է որ ձեր խօսակցութիւնը յստակ չէ։
Եթէ ձայնագրող մեքենայ մը ունիք, ձայնագրեցէք ձեր բնական խօսակցութիւնը, ճիշդ ինչպէս որ պիտի խօսէիք դաշտի ծառայութեան մէջ. ասիկա քանի մը վայրկեան ըրէք։ Եթէ կարգ մը բառեր հնչելու դժուարութիւն ունիք, այդ ձայնագրութիւնը մտիկ ընելով կրնաք զանոնք երեւան հանել։ Ուշադիր եղէք, օրինակի համար, անհասկնալի կերպով արտասանուած, խեղդուած կամ կուլ տրուած բառերուն եւ փորձեցէք անոնց պատճառը գտնել։ Ընդհանրապէս, տկարութիւնը կրնայ դարմանուիլ, վերոյիշեալ կէտերուն վրայ աշխատելով։
Խօսելու դժուարութիւն ունի՞ք։ Վարժութիւն ըրէք ձեր բերանը սովորականէն քիչ մը աւելի բանալ եւ ջանացէք աւելի ուշադիր կերպով հնչել։ Երբ շունչ կ’առնէք, ձեր թոքերը ուռեցուցէք եւ դանդաղօրէն խօսեցէք։ Շատեր ասիկա ընելով կրցած են աւելի յստակ խօսիլ։ Եթէ թոթով էք, այն բառերուն մէջ որ ս կամ զ գիրերը կան, զանոնք արտասանելու ատեն ձեր լեզուն առջեւի ակռաներէն հեռացուցէք։ Թէեւ ձեր խնդիրը ամբողջովին կրնայ չլուծուիլ, բայց մի՛ յուսահատիք։ Յիշեցէք որ Եհովան Մովսէսը ընտրեց՝ մարդ մը որ հաւանաբար խօսելու դժուարութիւն ունէր, Իսրայէլ ժողովուրդին եւ Եգիպտոսի Փարաւոնին շատ կարեւոր պատգամներ տալու համար։ (Ել. 4։10-12) Եթէ ուզէք, Ան ձե՛զ ալ պիտի գործածէ եւ ձեր ծառայութիւնը յաջողութեամբ պիտի պսակէ։