Ուսումնասիրութիւն 29
Ձայնի Որակ
ՄԱՐԴԻԿ մեծապէս կ’ազդուին ո՛չ միայն ըսուած բանէն, հապա նաեւ՝ անոր ըսուած կերպէն։ Եթէ ձեզի հետ խօսող անհատը հաճելի, ջերմ, ընկերային եւ քաղցր ձայն մը ունենայ, ճիշդ չէ՞ որ աւելի հաճոյքով մտիկ կ’ընէք իրեն, քան երբ իր ձայնը պաղ կամ կոշտ ըլլայ։
Ցանկալի ձայնի որակ մը մշակելը միմիայն ձայնի մեքենաբանութեան հարց չէ։ Անհատին անձնաւորութիւնն ալ դեր ունի։ Մինչ անհատ մը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան գիտութեան ու կիրարկման մէջ կը յառաջդիմէ, իր խօսելակերպին մէջ փոփոխութիւնը զգալի կ’ըլլայ։ Իր ձայնին մէջ զգալի կ’ըլլան կարգ մը աստուածային յատկութիւններ, ինչպէս՝ սէր, ուրախութիւն եւ քաղցրութիւն։ (Գաղ. 5։22, 23) Երբ ուրիշներու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն զգայ, իր ձայնը ցոյց կու տայ ասիկա։ Երբ անվերջ գանգատի հոգիին տեղը առնէ երախտագիտութիւնը, ասիկա զգալի կ’ըլլայ թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ իր ձայնի թոնին մէջ։ (Ողբք 3։39-42. Ա. Տիմ. 1։12. Յուդա 16) Նոյնիսկ երբ խօսուած լեզուն չէք հասկնար, ձեզի համար դժուար չ’ըլլար տարբերութիւնը զգալ սնապարծ, անհանդուրժող, քննադատական եւ կոշտ կերպով խօսողի մը, եւ հեզահամբոյր, համբերող, ազնիւ ու սիրալիր կերպով խօսողի մը միջեւ։
Կարգ մը պարագաներու, անփափաքելի ձայնի որակ մը կրնայ հիւանդութեան մը հետեւանքը ըլլալ, որ անհատին խռչափողին վնաս հասցուցած է, կամ՝ ժառանգուած ֆիզիքական թերութիւն մը ըլլալ։ Այսպիսի կացութիւններ կրնան ա՛յնքան լուրջ ըլլալ, որ իրերու այս դրութեան մէջ ամբողջովին չեն շտկուիր։ Սակայն, սովորաբար խօսելու գործարանները պատշաճ կերպով գործածել սորվիլը կրնայ բարելաւել կացութիւնը։
Նախ եւ առաջ, կարեւոր է նկատի ունենալ որ ձայնի յատկանիշները մէկ անհատէն միւսը կը տարբերին։ Ձեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ ուրիշի մը ձայնը ընդօրինակել։ Հապա՝ ձեր անձնական ձայնը ու անոր իւրայատուկ յատկութիւնները մշակեցէք։ Ի՞նչ բաներ կրնան օգնել ձեզի այս մարզին մէջ։ Երկու հիմնական բաներ կան։
Շիտակ Կերպով Շնչեցէք։ Ձեր ձայնի գործածութիւնը լաւագոյն արդիւնքը տալու համար, բաւականաչափ օդի եւ շիտակ կերպով շնչելու կարիք ունիք։ Առանց ասոնց, ձեր ձայնը կրնայ տկար հնչել ու ձեր խօսակցութիւնը՝ կցկտուր ըլլալ։
Թոքերուն ամենալայն մասը կուրծքին վերի կողմը չի գտնուիր. այս մասը աւելի լայն կը թուի ուսի ոսկորներուն պատճառաւ։ Հապա՝ թոքերուն ամենէն լայն մասը ստոծանիին ճիշդ վերը կը գտնուի։ Վարի կողոսկրերուն փակած ըլլալով, ստոծանին կրծքավանդակը կը բաժնէ որովայնի խոռոչէն։
Ներշնչելու ատեն եթէ միայն ձեր թոքերուն վերի մասը կը լեցնէք, շատ շուտով շնչասպառ պիտի ըլլաք։ Ձեր ձայնը իր զօրութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ շուտ պիտի յոգնիք։ Շիտակ կերպով շնչելու համար, պէտք է ուղիղ նստիք կամ կայնիք եւ ձեր ուսերը ետեւ նետէք։ Գիտակից ջանք թափեցէք որ ձեր կրծքավանդակին միայն վերի մասը չընդլայնի, երբ խօսելու համար կը ներշնչէք։ Նախ ձեր թոքերուն վարի մասը լեցուցէք։ Երբ այս մասը լեցուի, ձեր կրծքավանդակին վարի մասը երկու կողմերէն պիտի ընդլայնի։ Նոյն ատեն, ստոծանին դէպի վար պիտի շարժի, թեթեւօրէն անդին տանելով ստամոքսն ու աղիքները, այնպէս որ ձեր գօտիին կամ ձեր որովայնին վրայ եղող հագուստին ճնշումը կը զգաք։ Բայց թոքերը հոն վարը չեն գտնուիր. անոնք կրծքավանդակին մէջ են։ Փորձ ընելու համար, ձեր ձեռքերը դրէք ձեր կրծքավանդակին վարի մասին երկու կողմերը։ Հիմա խոր կերպով շնչեցէք։ Եթէ շիտակ կերպով շնչէք, ձեր փորը ներս պիտի չքաշէք ու ձեր ուսերը բարձրացնէք։ Ընդհակառակը, պիտի զգաք որ ձեր կողոսկրերը թեթեւ մը վեր կ’ելլեն եւ կ’ընդլայնին։
Անկէ ետք, արտաշնչելու վրայ աշխատեցէք։ Այս պաշարը մի՛ վատնէք, օդը արագօրէն պարպելով։ Աստիճանաբար դուրս հանեցէք զայն։ Մի՛ փորձէք զայն հակակշռի տակ առնել ձեր կոկորդը սեղմելով։ Այդ պարագային, շուտով ձեր ձայնը պրկուած կամ անբնականօրէն բարձր պիտի հնչէ։ Որովայնի մկաններուն եւ միջկողային մկաններուն պատճառած ճնշումը օդը դուրս կը հանէ, մինչ ստոծանին անոր որքան արագ դուրս ելլելուն վրայ ազդեցութիւն ունի։
Ճիշդ ինչպէս որ մրցավազքի մասնակցող մը կը մարզուի, նոյնպէս դասախօս մը կրնայ շիտակ շնչառութիւն զարգացնել՝ վարժութեամբ։ Ուղիղ կայնեցէք՝ ձեր ուսերը դէպի ետեւ՝ այնպէս շնչեցէք որ ձեր թոքերուն վարի մասը լեցուի, ապա աստիճանաբար բայց դանդաղօրէն եւ առանց կենալու արտաշնչեցէք, մէկ շունչով համրելով որքան որ կրնաք։ Ապա նոյն կերպով շնչելով, բարձրաձայն կարդալու վարժութիւն ըրէք։
Պրկուած Մկանները Թուլցուցէք։ Լաւ ձայնի որակ ունենալու համար անհրաժեշտ եղող ուրիշ բան մը՝ դուք ձեզ թուլցնելն է։ Իրապէս անհաւատալի է թէ որքա՜ն բարելաւում կ’արձանագրէք, խօսելու ատեն դուք ձեզ թուլցնել սորվելով։ Միտքը, ինչպէս նաեւ մարմինը պէտք է թուլցնէք, քանի որ մտային լարուածութիւնը՝ մկանային լարուածութիւն կը պատճառէ։
Մտային լարուածութիւնը նուազեցուցէք, ձեր ունկնդիրներուն հանդէպ շիտակ տեսակէտ ունենալով։ Եթէ ձեր ունկնդիրները դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած մարդիկն են, յիշեցէք որ նոյնիսկ եթէ միայն քանի մը ամիսէ կ’ուսումնասիրէք Աստուածաշունչը, Եհովայի նպատակին մասին արժէքաւոր բաներ գիտէք, զորս կրնաք բաժնել անոնց հետ։ Իսկ դուք անոնց կ’այցելէք, քանի որ անոնք օգնութեան կարիքը ունին, ասոր գիտակցին կամ՝ ոչ։ Իսկ եթէ կը խօսիք Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ձեր ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը Եհովայի ծառաներ են։ Անոնք ձեր բարեկամներն են եւ կ’ուզեն որ յաջողիք։ Աշխարհի մէջ չկայ ոեւէ դասախօս որ այսքան բարեկամական ու սիրալիր ունկնդիրներ դիմագրաւէ, ինչպէս՝ մենք։
Ձեր կոկորդի մկանները թուլցուցէք, ձեր միտքը սեւեռելով անոնց վրայ եւ գիտակցաբար նուազեցնելով անոնց պրկումը։ Յիշեցէք որ ձեր ձայնալարերը կը թրթռան, երբ օդը անոնց մէջէն կ’անցնի։ Ձայնի թոնը կը փոխուի երբ կոկորդի մկանները կը պրկուին կամ կը թուլնան, ճիշդ ինչպէս որ կիթառի մը կամ ջութակի մը լարը քաշելով կամ թուլցնելով անոր թոնը կը փոխուի։ Երբ ձայնալարերը թուլցնէք՝ թոնը կ’իջնէ։ Կոկորդի մկանները թուլցնելը նաեւ կ’օգնէ որ ռնգային անցքերը բաց մնան, եւ ասիկա ուղղակի պիտի ազդէ ձեր ձայնի որակին։
Ձեր ամբողջ մարմինը՝ ծունկերը, ձեռքերը, ուսերը եւ վիզը՝ թուլցուցէք։ Ասիկա պիտի նպաստէ հնչականութեան, ինչ որ անհրաժեշտ է ձեր ձայնի հասողութեան կարողութեան համար։ Հնչականութիւն կ’արտադրուի երբ ամբողջ մարմինը որպէս հնչական տախտակ կը գործէ, բայց լարուածութիւնը ասոր արգելք կը հանդիսանայ։ Ձայնի թոնը որ խռչափողին մէջ կը յառաջանայ, կ’արձագանգէ ոչ միայն ռնգային անցքերուն մէջ, այլ նաեւ՝ կրծքավանդակի ոսկրային կառոյցին, ակռաներուն, քիմքին եւ խոռոչներուն զարնուելով։ Այս բոլորը կը նպաստեն հնչականութեան որակին։ Եթէ կիթառի մը ձայնի տախտակին վրայ ծանրութիւն մը դնէք, ձայնը պիտի մարի. ձայնի տախտակը ազատ պէտք է ըլլայ թրթռալու՝ լաւ հնչելու համար։ Նոյնն է պարագան մեր մարմնի ոսկրային կառոյցին, որ մկաններով հաստատ կը պահուի։ Հնչականութեան շնորհիւ կրնաք ձեր ձայնը պէտք եղած կերպով եղանակաւորել եւ զգացումի երանգներ արտայայտել։ Պիտի կարենաք ունկնդիրներու մեծ խումբի մը հասնիլ առանց ձեր ձայնը պրկելու։