Ուսումնասիրութիւն 10
Խանդավառութիւն
ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ կեանք կու տայ դասախօսութեան։ Մինչ բովանդակալից նիւթ մը կարեւոր է, բայց կենսունակ ու խանդավառ ելոյթ մըն է որ ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւելու պիտի նպաստէ։ Մշակութային ի՛նչ ենթահող կամ անձնաւորութիւն ալ ունենաք, կրնաք խանդավառութիւն մշակել։
Զգացումով Խօսեցէք։ Երբ Սամարացի կնոջ մը կը խօսէր, Յիսուս ըսաւ որ Եհովան պաշտողները՝ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պէտք է պաշտեն զինք։ (Յովհ. 4։24) Անոնց պաշտամունքը՝ գնահատող սրտէ մղուած եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած ճշմարտութեան համաձայն պէտք է ըլլայ։ Երբ անհատ մը այդ խոր գնահատութիւնը ունի, իր խօսած կերպը պիտի արտացոլացնէ զայն։ Ան Եհովայի սիրալիր կարգադրութիւններուն մասին ուրիշներուն խօսելու փափաքով վառուած պիտի ըլլայ։ Իր դէմքի արտայայտութիւնները, իր շարժուձեւերը եւ իր ձայնը պիտի արտացոլացնեն իր զգացումները։
Արդ, Եհովան սիրող եւ իր ըսածներուն հաւատացող դասախօս մը ինչո՞ւ խօսած ատեն խանդավառութեան պակաս կրնայ ունենալ։ Չի բաւեր որ ան իր ըսելիքը պատրաստէ։ Ան պէտք է ապրի՛ իր նիւթը, զգացականօրէն պարփակուած ըլլայ անոր մէջ։ Ենթադրենք թէ ան Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին մասին պիտի խօսի։ Երբ դասախօսը իր դասախօսութիւնը կու տայ, իր միտքը ո՛չ միայն անոր մանրամասնութիւններով լեցուած պէտք է ըլլայ, այլ՝ իրեն եւ իր ունկնդիրներուն համար Յիսուսի զոհագործութեան նշանակութեան հանդէպ գնահատութեամբ։ Ան պէտք է մտաբերէ այս հոյակապ կարգադրութեան համար Եհովա Աստուծոյ ու Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ երախտագիտութեան իր զգացումը։ Պէտք է մտածէ որ անիկա կեանքի ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը կը բանայ մարդկութեան դիմաց. վերահաստատուած երկրային դրախտին մէջ, կատարեալ առողջութեամբ յաւիտենական երջանկութիւն։ Հետեւաբար, ան պէտք է իր սիրտը դնէ անոր մէջ։
Իսրայելացի ուսուցիչի մը՝ Եզրաս դպիրին մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ (Եզրաս. 7։10) Եթէ մենք ալ նոյնը ընենք՝ ո՛չ միայն պատրաստելով տեղեկութիւնը, այլ նաեւ մեր սիրտը, մեր սրտէն պիտի խօսինք։ Ճշմարտութիւնը այսպէս սրտանց բացատրելը մեծապէս կը նպաստէ որ այն անհատները որոնց կը խօսինք, ճշմարտութեան հանդէպ իսկական սէր զարգացնեն։
Ձեր Ունկնդիրներուն Մասին Խորհեցէք։ Խանդավառութիւն յայտնաբերելու ուրիշ կարեւոր ազդակ մըն է այն համոզումը, թէ ձեր ունկնդիրները ձեր ըսելիքին կարիքը ունին։ Ասիկա կը նշանակէ թէ երբ ձեր ներկայացումը կը պատրաստէք, ո՛չ միայն արժէքաւոր տեղեկութիւններ պէտք է ժողվէք, հապա նաեւ Եհովայի պէտք է աղօթէք, որպէսզի ձեզ ուղղէ զայն այնպէս մը գործածելու, որ ձեր ունկնդիրները անկէ օգուտ քաղեն։ (Սաղմ. 32։8. Մատթ. 7։7, 8) Վերլուծեցէք թէ ձեր ունկնդիրները ինչո՛ւ կարիքը ունին այս տեղեկութեան, անկէ ի՛նչպէս պիտի օգտուին, եւ ի՛նչպէս կրնաք զայն այնպէս մը ներկայացնել որ գնահատեն անոր արժէքը։
Ձեր նիւթին վրայ աշխատեցէք, մինչեւ որ գտնէք բան մը որ ձեզ ոգեւորէ։ Պայման չէ որ անիկա նորութիւն մը ըլլայ, բայց նիւթին ձեր մօտեցումը կրնայ նոր ըլլալ։ Եթէ պատրաստէք բան մը որ իրապէս ձեր ունկնդիրներուն պիտի օգնէ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը զօրացնելու, իր կարգադրութիւնները գնահատելու, իրերու այս հին դրութեան մէջի կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու, կամ իրենց ծառայութեան մէջ ազդեցիկ ըլլալու, այն ատեն ձեր դասախօսութեամբ խանդավառ ըլլալու ամէն պատճառ կ’ունենաք։
Ի՞սկ եթէ ձեր նշանակումը հանրային ընթերցանութիւն մըն է. . . ։ Անիկա խանդավառութեամբ ընելու համար բառերը շիտակ կերպով արտասանելէն եւ զանոնք լաւ կերպով միասնաբար կարդալէն աւելին կը պահանջուի։ Նիւթը ուսումնասիրեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչէն հատուած մը պիտի կարդաք, անոր մասին կարգ մը փնտռտուքներ ըրէք։ Վստահ եղէք թէ անոր հիմնական իմաստը կը հասկնաք։ Խորհեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս օգտակար է ձեզի ու ձեր ունկնդիրներուն, եւ ասիկա ձեր ունկնդիրներուն փոխանցելու ցանկութեամբ կարդացէք։
Դաշտի ծառայութեա՞ն կը պատրաստուիք։ Ձեր խօսելիք նիւթը վերաքաղ ըրէք, ինչպէս նաեւ՝ այն համարները, որոնք կը ծրագրէք գործածել։ Նկատի ունեցէք նաեւ մարդոց մտքին մէջ եղածը։ Լուրերուն մէջ ի՞նչ կար։ Անոնք ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Երբ պատրաստուած էք մարդոց ցոյց տալու թէ Աստուծոյ Խօսքը զիրենք ուղղակի մտահոգող խնդիրներուն համար լուծում կը պարունակէ, ասիկա ընելու մեծ ցանկութիւն մը կը զգաք եւ խանդավառութիւնը ինքնաբերաբար կու գայ։
Խանդավառութիւն Ցոյց Տուէք Կենսալից Ելոյթով։ Խանդավառութիւնը գլխաւորաբար յայտնի կ’ըլլայ երբ կենսունակութեամբ կու տաք ձեր նիւթը։ Ասիկա պէտք է տեսնուի ձեր դէմքի արտայայտութեամբ։ Ձեր խօսքերը համոզմունք պէտք է դրսեւորեն, ո՛չ թէ հրամայական ըլլան։
Հաւասարակշռութիւն պահանջուած է։ Ոմանք ամէն բանով ոգեւորուելու հակումը կրնան ունենալ։ Թերեւս անոնց օգնութիւն պէտք է տրուի, որպէսզի գիտակցին որ երբ անհատ մը պոռոտախօս կամ շատ զգացական ըլլայ, ունկնդիրները աւելի իրեն մասին պիտի մտածեն քան՝ պատգամին։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք ամչկոտ են, քաջալերութեան պէտք ունին որ աւելի խօսուն ըլլան։
Խանդավառութիւնը փոխանցիկ է։ Եթէ ունկնդիրներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունենաք եւ ձեր դասախօսութեամբ խանդավառ ըլլաք, այդ խանդավառութիւնը պիտի փոխանցուի ունկնդիրներուն։ Ապօղոսի խօսակցութիւնը կենսունակ էր, եւ ան նկարագրուած էր որպէս ճարտասան մէկը։ Եթէ Աստուծոյ հոգիով բորբոքած ըլլաք, ձեր կենսալից զեկուցումը գործի պիտի լծէ ձեր ունկնդիրները։—Գործք 18։24, 25. Հռովմ. 12։11
Նիւթին Պատշաճող Խանդավառութիւն։ Ուշադիր եղէք որ ձեր խանդավառութիւնը ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին ա՛յնքան բարձր մակարդակի վրայ չըլլայ որ ձեր ունկնդիրները վերջաւորութեան յոգնին։ Ձեր ըսած բաներուն վրայ գործի մղելու որեւէ յորդոր, յոգնած ականջներու պիտի հանդիպի։ Ասիկա կարեւորութիւնը կը շեշտէ ձեր նիւթը պատրաստելու այնպիսի կերպով մը, որ այլազանութիւն ըլլայ ձեր դասախօսութեան մէջ։ Բայց միւս ծայրայեղութեան մի՛ երթաք, անտարբեր ոճ մը որդեգրելով։ Եթէ ձեր նիւթը ուշադիր կերպով ընտրէք, իրապէս հետաքրքրուած պիտի ըլլաք անով։ Բայց կարգ մը կէտեր բնականաբար աւելի խանդավառութիւն կը պահանջեն քան ուրիշներ, եւ ասոնք ճարտարօրէն ընդելուզուած պէտք է ըլլան ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին։
Մանաւանդ գլխաւոր կէտերը պէտք է խանդավառօրէն ներկայացուին։ Ձեր դասախօսութիւնը գագաթնակէտեր, կամ ցցուն մասեր պէտք է ունենայ։ Քանի որ անոնք ձեր դասախօսութեան կարեւոր կէտերն են, սովորաբար պէտք է ըլլան ա՛յն կէտերը, որոնք ձեր ունկնդիրները գործի պիտի մղեն։ Ձեր ունկնդիրները համոզած ըլլալով, այժմ պէտք է խթանէք զանոնք, նկատի առնուած բաները կիրարկելուն օգուտները ցոյց տալով։ Ձեր խանդավառութիւնը պիտի օգնէ որ ձեր ունկնդիրներուն սրտին հասնիք։ Խանդավառ ելոյթ մը երբեք պարտադրաբար չ’ըլլար։ Անիկա պատճառ մը պէտք է ունենայ, եւ ձեր նիւթը այդ պատճառը պիտի հայթայթէ։