Ուսումնասիրութիւն 27
Յանպատրաստից Խօսիլ
ԹԵՐԵՒՍ շատ ծանր աշխատած էք ձեր դասախօսութեան վրայ։ Կրնայ ըլլալ տեղեկութիւններով լեցուն նիւթ մը ունիք ու անոր տրամաբանական զարգացումը լաւ է։ Թերեւս շատ սահուն կրնաք տալ։ Բայց եթէ ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը բաժնուած ըլլայ՝ իրենց միտքը յաճախ ուրիշ տեղեր թափառելով ձեր ըսածին միայն մէկ մասը լսեն, ձեր ներկայացումը ո՞րքան ազդեցիկ կ’ըլլայ։ Եթէ անոնք չեն կրնար իրենց միտքը սեւեռած պահել դասախօսութեան վրայ, կը խորհի՞ք թէ անոնց սրտին պիտի հասնիք։
Այսպիսի խնդրի մը արմատը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Շատ մը ազդակներ կրնան նպաստել անոր։ Շատ յաճախ, դասախօսութիւնը յանպատրաստից կերպով տալու կարող չըլլալն է։ Ուրիշ խօսքով, դասախօսը շատ յաճախ իր նոթերուն կը նայի, կամ՝ իր տալու կերպը շատ պաշտօնական է։ Այս խնդիրները սակայն, ուղղակիօրէն կապ ունին դասախօսութիւնը պատրաստելու կերպին հետ։
Եթէ նախ գրէք ձեր դասախօսութիւնը, ապա զայն ուրուագծի վերածէք, հաւանաբար շատ դժուար գտնէք յանպատրաստից կերպով տալ զայն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ձեր գործածելիք բառերը բծախնդրաբար ընտրած էք։ Նոյնիսկ երբ դասախօսութիւնը տալու ատեն ուրուագիծը գործածէք, պիտի փորձէք յիշել այն բառերը զորս առաջին գրութեան մէջ գործածեցիք։ Գրութեան մը մէջ, լեզուն աւելի պաշտօնական կ’ըլլայ եւ նախադասութիւններուն կառոյցը՝ առօրեայ խօսակցութենէն բարդ։ Ձեր դասախօսութեան մէջ ասիկա յայտնի պիտի ըլլայ։
Փոխանակ դասախօսութիւնը մանրամասնօրէն գրելու, հետեւեալը փորձեցէք. (1) Բնաբանը եւ զայն մշակելու համար ձեր գործածելիք գլխաւոր մասերը ընտրեցէք։ Կարճ դասախօսութեան մը համար երկու գլխաւոր կէտեր բաւարար են։ Աւելի երկար դասախօսութիւն մը կրնայ չորս կամ հինգ գլխաւոր կէտեր ունենալ։ (2) Իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտի ներքեւ գրեցէք գլխաւոր համարները, զորս կը ծրագրէք գործածել զայն զարգացնելու համար. նաեւ նշեցէք ձեր գործածելիք օրինակներն ու գլխաւոր պատճառաբանութիւնները։ (3) Խորհեցէք թէ դասախօսութիւնը ի՛նչպէս պիտի սկսիք։ Կրնաք նոյնիսկ մէկ կամ երկու նախադասութիւն գրել։ Ձեր եզրակացութիւնն ալ ծրագրեցէք։
Դասախօսութիւնը տալու համար նախապատրաստուիլը շատ կարե ւոր է։ Բայց դասախօսութիւնը բառ առ բառ վերաքաղ մի՛ ընէք զայն անգիր ընելու մտքով։ Յանպատրաստից խօսելու պարագային, շեշտը պէտք է դրուի ո՛չ թէ բառերուն՝ այլ արտայայտուելիք գաղափարներուն վրայ։ Գաղափարները պէտք է վերաքաղ ըլլան, մինչեւ որ անոնք դիւրասահ կերպով իրարու յաջորդեն ձեր մտքին մէջ։ Եթէ ձեր դասախօսութեան կմախքը տրամաբանականօրէն մշակուած եւ լաւ ծրագրուած է, ասիկա դժուար պէտք չէ ըլլայ, եւ դասախօսութեան ընթացքին գաղափարները բնական եւ դիւրասահ կերպով դուրս պէտք է գան։
Օգուտները Նկատի Ունեցէք։ Յանպատրաստից խօսելուն հիմնական օգուտներէն մէկը այն է որ պարզ կերպով կը խօսիք, եւ մարդիկ աւելի դիւրին կ’ընդառաջեն։ Ձեր դասախօսութիւնը աւելի եռանդուն եւ հետեւաբար՝ աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ ունկնդիրներուն համար։
Խօսելու այս կերպը թոյլ կու տայ որ ձեր ունկնդիրներուն հետ լաւագոյն կերպով աչքի հաղորդակցութիւն ունենաք, ինչ որ անոնց հետ ձեր հաղորդակցութիւնը կը բարելաւէ։ Քանի որ իւրաքանչիւր նախադասութեան շարադրութեան համար ձեր նոթերուն կապուած չէք ըլլար, ձեր ունկնդիրները պիտի զգան որ ձեր նիւթը լաւ գիտէք եւ թէ անկեղծօրէն կը հաւատաք ձեր ըսածներուն։ Հետեւաբար, այս խօսելակերպը կ’օգնէ որ ձեր ներկայացումը ջերմ, զրուցատրական կերպով ու մտերմիկ ըլլայ։
Յանպատրաստից խօսիլը նաեւ ճկուն ըլլալու կը նպաստէ։ Նիւթը այնքան անթեք չէ որ չկարենաք ճշդումներ ընել։ Ենթադրենք որ ձեր դասախօսութիւնը տալիք օրուան սկիզբը, լուրերուն մէջ ուշագրաւ բան մը կայ որ ձեր նիւթին հետ ուղղակի կապ ունի։ Յարմար պիտի չըլլա՞ր անոր մասին ակնարկութիւն մը ընել։ Կամ՝ խօսելու ընթացքին, թերեւս անդրադառնաք որ դպրոցական տարիքի շատ երախաներ կան ունկնդիրներուն մէջ։ Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ ձեր օրինակներն ու անոնց կիրարկումները յարմարցնել այնպիսի կերպով մը, որ անոնք գնահատեն թէ նիւթը ի՛նչպէս կ’ազդէ իրենց կեանքին։
Յանպատրաստից խօսելուն ուրիշ մէկ առաւելութիւնը այն է որ ան ձեր միտքը կը խթանէ։ Երբ գնահատող ու ընդառաջող ունկնդիրներ ունենաք, դուք անձնապէս կը խանդավառուիք, ապա ձեր գաղափարները կ’ընդլայնէք, կամ կարգ մը կէտեր կրկնելու համար ժամանակ կը յատկացնէք։ Եթէ նշմարէք որ ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը կը նուազի, կրնաք քայլեր առնել խնդիրը ձեռք առնելու համար, փոխանակ խօսելու անհատներու, որոնց միտքը ուրիշ տեղ է։
Զգուշացէք Որոգայթներէ։ Պէտք է գիտակցիք որ յանպատրաստից խօսիլը հաւանական որոգայթներ ալ ունի։ Անոնցմէ մէկն է յատկացուած ժամանակէն աւելի առնելը։ Եթէ դասախօսութեան ընթացքին յաւելեալ շատ գաղափարներ դնէք, այն ատեն ժամանակի հարց պիտի ունենաք։ Ասիկա յաջողութեամբ կրնաք ձեռք առնել, եթէ ձեր ուրուագծին վրայ նշէք թէ իւրաքանչիւր հատուածի համար որքան ժամանակ պէտք է տրամադրէք։ Ապա այս յայտագրին կառչած մնացէք։
Ուրիշ խնդիր մը՝ մանաւանդ փորձառու դասախօսներուն համար՝ չափազանց ինքնավստահ ըլլալն է։ Հանրապէս խօսելու վարժութիւն ունեցած ըլլալով, ոմանք կրնան խորհիլ թէ դժուար չէ տեղւոյն վրայ կարգ մը գաղափարներ իրարու կցել եւ յատկացուած ժամանակը լեցնել։ Բայց խոնարհութիւնը ու այն գիտակցութիւնը թէ կրթական յայտագրի մը կը մասնակցինք, որուն Մեծ Ուսուցիչը Եհովան է, պէտք է մղէ մեզ որ իւրաքանչիւր նշանակումի աղօթարար կեցուածքով մօտենանք եւ լաւ պատրաստենք։—Եսայ. 30։20, ՆԱ. Հռովմ. 12։6-8
Յանպատրաստից խօսելու մէջ փորձառութիւն չունեցող շատ մը դասախօսներուն թերեւս մեծագոյն մտահոգութիւնը այն է թէ կրնան մոռնալ իրենց ըսելիքը։ Թոյլ մի՛ տաք որ այս տեսակէտը ձեզ ետ կեցնէ ատակ դասախօս մը ըլլալու համար այս անհրաժեշտ քայլը նետելէ։ Լաւ պատրաստեցէք եւ Եհովայի վստահեցէք իր հոգիին օգնութիւնը ստանալու համար։—Յովհ. 14։26
Ուրիշ դասախօսներ թոյլ կու տան որ շարադրութեան չափազանց բծախնդրութիւնը զիրենք ետ կեցնէ այս քայլը առնելէ։ Ճիշդ է որ յանպատրաստից դասախօսութիւն մը, ընթերցանելի դասախօսութեան մը բառերու ընտրութիւնը կամ քերականական ճշգրտութիւնը կրնայ չունենալ, բայց զրուցատրական գրաւիչ ոճը անոր տեղը կը լեցնէ։ Մարդիկ շատ աւելի դիւրութեամբ կ’ընդառաջեն այն գաղափարներուն, որոնք դիւրահասկնալի բառերով ու պարզ նախադասութիւններով կը ներկայացուին իրենց։ Եթէ լաւ պատրաստէք, պատշաճ նախադասութիւնները ինքնաբերաբար պիտի գան, ո՛չ թէ անոր համար որ զանոնք անգիր ըրած էք, հապա քանի որ գաղափարները բաւարար կերպով վերաքաղ ըրած էք։ Իսկ եթէ ձեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին լաւ լեզու մը գործածէք, բեմին վրայ ալ ինքնաբերաբար նոյնը պիտի ընէք։
Ի՛նչպիսի Նոթեր Գործածել։ Ժամանակի ընթացքին եւ վարժութեամբ՝ կրնաք ձեր ուրուագիծը պզտիկցնել, իւրաքանչիւր կէտի համար միայն քանի մը բառեր գրելով։ Ասոնք՝ ձեր գործածելիք համարներուն նոթագրութեան հետ՝ կարելի է միայն քարտի մը կամ թուղթի մը վրայ գրել, անոր վրայ արագ ակնարկ մը նետելու համար։ Դաշտի ծառայութեան համար, ընդհանրապէս պարզ ուրուագիծ մը կ’ունենաք ձեր մտքին մէջ։ Եթէ վերայցելութեան մը համար նիւթի մը շուրջ պրպտում ըրած էք, կտոր մը թուղթի վրայ կրնաք ամփոփ նոթեր առնել եւ զայն դնել ձեր Աստուածաշունչին մէջ։ Կամ՝ կրնաք պարզապէս Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկէն ուրուագիծ մը, կամ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն նիւթ մը գործածել։
Բայց եթէ քանի մը շաբթուան տեւողութեան ժողովներուն մէջ տարբեր բաժիններ տրուած են ձեզի եւ հանրային դասախօսութիւններ տալու ալ նշանակում ունեցած էք, թերեւս խորհիք որ աւելի երկար նոթերու կարիքը ունիք։ Ինչո՞ւ։ Այդ նշանակումներէն իւրաքանչիւրը կատարելէ առաջ նիւթին մասին ձեր միտքը թարմացնելու համար։ Նոյնիսկ այս պարագային, եթէ դասախօսութիւնը տալու ատեն շարադրութեան համար ձեր նոթերուն շատ կապուած ըլլաք՝ թերեւս գրեթէ ամէն նախադասութեան անոնց նայելով՝ այն ատեն յանպատրաստից դասախօսութեան օգուտները պիտի կորսնցնէք։ Եթէ շատ երկար նոթեր գործածէք, անոնց վրայ նշան դրէք, որպէսզի կարենաք դիւրաւ ակնարկ մը նետել ձեր ուրուագիծը կազմող միայն քանի մը ընդգծուած բառերու եւ համարներու վրայ։
Թէեւ փորձառու դասախօսի մը կողմէ տրուած դասախօսութիւնը սովորաբար միշտ յանպատրաստից պէտք է ըլլայ, բայց տալու ուրիշ կերպեր ներմուծելն ալ իր առաւելութիւնները ունի։ Բացումին եւ եզրակացութեան մէջ՝ երբ ունկնդիրներուն հետ աչքի հաղորդակցութիւն պահելուն պէտք է ընկերակցին զօրաւոր, բծախնդրութեամբ պատրաստուած նախադասութիւններ, մի քանի անգիր սորված նախադասութիւններ կրնան ազդու ըլլալ։ Երբ իրողութիւններ, թուանշաններ, մէջբերումներ կամ համարներ գործածուած են, կարդալը յարմար է եւ կրնայ աւելի ազդեցիկ ըլլալ։
Երբ Ուրիշներ Բացատրութիւն Պահանջեն։ Երբեմն մեզմէ կը պահանջուի որ մեր հաւատալիքներուն մասին բացատրութիւն մը տանք, առանց նախապէս պատրաստուելու առիթ ունենալու։ Ասիկա կրնայ պատահիլ, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ անհատ մը բանի մը մասին առարկէ։ Նման պարագաներու մէջ կրնանք գտնուիլ ազգականներու հետ, աշխատավայրին կամ դպրոցին մէջ։ Կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ալ կրնան բացատրութիւն պահանջել մեր հաւատալիքներուն ու ապրելակերպին մասին։ Սուրբ Գիրքը կը յորդորէ. «Միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։—Ա. Պետ. 3։15
Նկատի առէք թէ Պետրոս ու Յովհաննէս ի՛նչպէս պատասխան տուին հրէական Սենետրիոնին, ինչպէս արձանագրուած է Գործք Առաքելոց 4։19, 20–ի մէջ։ Միայն երկու նախադասութեամբ անոնք յստակօրէն նշեցին իրենց դիրքը։ Ասիկա ըրին իրենց ունկնդիրներուն յարմար եղող կերպով մը. նշելով որ առաքեալներուն դիմագրաւած հարցը, ատեանին ալ հարցն էր։ Հետագային, սուտ ամբաստանութիւններով Ստեփանոսը նոյն ատեանին դիմաց տարուեցաւ։ Գործք Առաքելոց 7։2-53–ին մէջ կարդացէք իր յանպատրաստից ուժեղ պատասխանը։ Ան ի՞նչպէս դասաւորեց իր նիւթը։ Ան դէպքեր ներկայացուց պատմական հերթականութեամբ։ Երբ որոշ կէտի մը հասաւ, ան շեշտեց Իսրայէլ ազգին ցուցաբերած ըմբոստ հոգին։ Իսկ որպէս եզրակացութիւն, ան ցոյց տուաւ որ Սենետրիոնը նոյն հոգին ցուցաբերած էր Աստուծոյ Որդին մահուան մատնելով։
Երբ ձեզմէ խնդրուի որ ձեր հաւատալիքներուն մասին յանպատրաստից տեղեկութիւններ տաք, ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ ձեր բացատրութիւնները ազդեցիկ ըլլան։ Նէեմիային օրինակին հետեւեցէք որ լռելեայն աղօթեց, Արտաշէս Թագաւորին ուղղած հարցումին պատասխանելէ առաջ։ (Նէեմ. 2։4) Ապա, արագօրէն ձեր մտքին մէջ ուրուագիծ մը կազմեցէք։ Հիմնական քայլերը հետեւեալ կերպով կարելի է դասաւորել. (1) Բացատրութեան համար մէկ կամ երկու կէտ ընտրեցէք (կրնաք կէտեր ընտրել Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն)։ (2) Որոշեցէք թէ այս կէտերուն սատարող ի՛նչ համարներ պիտի գործածէք։ (3) Ծրագրեցէք թէ ձեր բացատրութիւնը ի՛նչպէս փափկանկատ կերպով պիտի սկսիք, որպէսզի հարց տուողը փափաքի մտիկ ընել։ Անկէ ետք սկսեցէք խօսիլ։
Երբ ճնշումի ներքեւ էք, պիտի կարենա՞ք յիշել ձեր ընելիքը։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին [«միջոցաւ», Անթիլիաս] կը խօսի»։ (Մատթ. 10։19, 20) Ասիկա չի նշանակեր որ հրաշքով «իմաստութեան խօսք» պիտի ունենաք, որ տրուած էր առաջին դարու Քրիստոնեաներուն։ (Ա. Կորն. 12։8) Բայց եթէ կանոնաւորաբար ստանաք այն կրթութիւնը զոր Եհովա իր ծառաներուն կը հայթայթէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, սուրբ հոգին պէտք եղած տեղեկութիւնները պիտի վերյիշեցնէ ձեզի, երբ հարկ ըլլայ։—Եսայ. 50։4
Կասկած չկայ թէ յանպատրաստից կերպով խօսիլը կրնայ շատ ազդու ըլլալ։ Երբ ժողովքին մէջ ձեր բաժինները տալու ատեն ասիկա կանոնաւորաբար փորձէք, այդ պարագային ի պահանջել հարկին դժուար պիտի չըլլայ յանպատրաստից պատասխանել, քանի որ ուրուագիծ պատրաստելու նոյն գործելակերպը կը կիրարկուի։ Ետ մի կենաք ասիկա ընելէ։ Յանպատրաստից խօսիլ սորվիլը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր դաշտի ծառայութիւնը աւելի ազդեցիկ ըլլայ։ Իսկ եթէ ժողովքին դասախօսութիւններ տալու առանձնաշնորհումը ունիք, շատ հաւանական է որ կարենաք ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը վառ պահել ու անոնց սրտին հասնիլ։