ԳԼՈՒԽ 10
Յիսուս դեւերէն աւելի զօրաւոր է
ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ հրեշտակներէն մէկը Բանսարկու Սատանայ եղաւ։— Ան Աստուծոյ դէմ ելաւ, քանի որ ուզեց պաշտուիլ։ Արդեօք ուրիշ հրեշտակներ Սատանային հետեւորդներ եղա՞ն։— Այո՛։ Աստուածաշունչը զանոնք կը կոչէ՝ ‘Սատանայի հրեշտակները’, կամ դեւեր (Յայտնութիւն 12։9)։
Այս չար հրեշտակները կամ դեւերը Աստուծոյ կը հաւատա՞ն։— Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ դեւերը «կը հաւատան» որ Աստուած գոյութիւն ունի (Յակոբոս 2։19)։ Բայց հիմա վախի մէջ են, քանի որ գիտեն, թէ Աստուած զիրենք պիտի պատժէ իրենց ըրած գէշ բաներուն համար։ Անոնք ի՞նչ սխալ բաներ ըրած են։—
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ այս հրեշտակները ձգեցին երկինքը, ուր կ’ապրէին, եւ եկան երկիր, որ ապրին որպէս տղամարդիկ։ Անոնք ասիկա ըրին, քանի որ կ’ուզէին գեղեցիկ կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ (Ծննդոց 6։1, 2. Յուդա 6)։ Ի՞նչ գիտես սեռային յարաբերութեան մասին։—
Սեռային յարաբերութիւն կ’ըլլայ, երբ մարդ մը եւ կին մը իրարու կը մօտենան շատ յատուկ կերպով մը։ Անկէ ետք, մօր փորին մէջ պզտիկ մը կրնայ մեծնալ։ Բայց հրեշտակներուն համար սխալ է, որ սեռային յարաբերութիւն ունենան։ Աստուած կ’ուզէ, որ միայն մարդը եւ կինը, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են, սեռային յարաբերութիւն ունենան։ Այսպէս, երբ մանուկը ծնի, իր պապան ու մաման կրնան իրեն հոգ տանիլ։
Այս հրեշտակները ի՞նչ սխալ բան ըրին
Երբ հրեշտակները որպէս մարդիկ երեւցան ու կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցան, պզտիկներ ծնան, որոնք երբ մեծցան՝ հսկաներ եղան։ Այս հսկաները վայրագ էին եւ մարդոց կը վնասէին։ Անոր համար, Աստուած մեծ ջրհեղեղ մը բերելով՝ բնաջնջեց հսկաները եւ բոլոր չար մարդիկը։ Բայց Նոյ եւ քանի մը ուրիշներ, որոնք ճիշդը ըրած էին, ազատեցան, քանի որ Աստուծոյ պատուէրով շինած էին տապան մը, կամ մեծ նաւ մը։ Մեծ Ուսուցիչը ըսաւ, որ կարեւոր է չմոռնալ ի՛նչ որ պատահեցաւ Ջրհեղեղի ատեն (Ծննդոց 6։3, 4, 13, 14. Ղուկաս 17։26, 27)։
Երբ Ջրհեղեղը եկաւ, գիտե՞ս ինչ եղաւ այդ չար հրեշտակներուն։— Անոնք վերադարձան երկինք։ Բայց Աստուած զիրենք չընդունեց, անոր համար Սատանային միացան եւ դարձան դեւեր։ Իսկ ի՞նչ եղաւ իրենց զաւակներուն՝ հսկաներուն։— Անոնք Ջրհեղեղով մեռան։ Նաեւ մեռան բոլոր այն մարդիկը, որոնք Աստուծոյ չհնազանդեցան։
Երկրի վրայ ինչո՞ւ ամէնէն շատ հիմա խնդիրներ կան
Ջրհեղեղին ժամանակէն ի վեր, Աստուած չէ ձգած որ դեւերը նորէն մարդոց պէս մարմիններ ունենան։ Թէեւ չենք կրնար դեւերը տեսնել, բայց տակաւին կը փորձեն մարդիկը մղել, որ շա՜տ գէշ բաներ ընեն։ Անոնք ամէնէն շատ հիմա խնդիրներ կը պատճառեն, քանի որ երկինքէն վռնտուած են եւ երկրի վրայ են։
Գիտե՞ս ինչու չենք կրնար դեւերը տեսնել։— Քանի որ անտեսանելի են։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ անոնք կ’ապրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Սատանան ‘ամբողջ աշխարհը կը մոլորեցնէ’, եւ դեւերը իրեն կ’օգնեն (Յայտնութիւն 12։9, 12)։
Արդեօք Սատանան եւ իր դեւերը կրնա՞ն մեզ ալ խաբել։— Այո՛, եթէ ուշադիր չըլլանք։ Բայց պէտք չկայ որ անոնցմէ վախնանք։ Մեծ Ուսուցիչը ըսաւ, որ Սատանան իր վրայ իշխանութիւն չունի։ Եթէ Աստուծոյ մօտիկ մնանք, ան մեզ պիտի պաշտպանէ Սատանայէն ու դեւերէն (Յովհաննէս 14։30)։
Կարեւոր է որ գիտնանք, թէ դեւերը ի՛նչ սխալ բաներ կ’ուզեն որ ընենք։ Ուստի մտածէ։ Երբ դեւերը երկիր եկան, ի՞նչ սխալ բաներ ըրին։— Ջրհեղեղէն առաջ, անոնք կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցան, ինչ որ հրեշտակները պէտք չէր ընէին։ Այսօր ալ դեւերը կ’ուրախանան, երբ մարդիկ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ Աստուծոյ դրած օրէնքին չեն հնազանդիր։ Քեզի հարցնեմ. միայն որո՞նք կրնան սեռային յարաբերութիւն ունենալ։— Ճիշդ ես. միայն անոնք որոնք իրարու հետ ամուսնացած են։
Ներկայիս, կարգ մը տղաներ եւ աղջիկներ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենան, բայց ասիկա սխալ բան մըն է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած ինք ստեղծեց մարդուն ու կնոջ սեռային անդամները (Ղեւտացւոց 15։1-3)։ Ան այս անդամները ստեղծեց, որպէսզի գործածուին միայն ամուսնացող անհատներու կողմէ՝ յատուկ նպատակի մը համար։ Դեւերը կ’ուրախանան, երբ մարդիկ Եհովայի արգիլած բաները կ’ընեն։ Օրինակ, դեւերը կ’ուրախանան, երբ տղայ մը եւ աղջիկ մը, մէկը միւսին սեռային անդամը կը շոյէ։ Մենք չենք ուզեր դեւերը ուրախացնել, այդպէս չէ՞։—
Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ դեւերը կը սիրեն բայց Եհովան կ’ատէ։ Գիտե՞ս ինչ է։— Բռնութիւնը կամ վայրագութիւնը (Սաղմոս 11։5)։ Մէկը վայրագ կ’ըլլայ, երբ ուրիշներու հետ շատ գէշ կերպով կը վարուի եւ անոնց վնաս կը հասցնէ։ Յիշէ որ դեւերուն զաւակները՝ հսկաները, այդպէս ըրին։
Դեւերը նաեւ կը սիրեն մարդիկը վախցնել։ Ատեններ կը ձեւացնեն, թէ իրենք այն մարդիկն են, որոնք մեռած են։ Անոնք թերեւս խօսին ճիշդ ինչպէս որ մեռած անհատը կը խօսէր։ Այս կերպով շատեր կը խաբուին ու կը հաւատան, որ մեռելները ողջ են ու կրնան իրենց հետ խօսիլ։ Այո, դեւերը պատճառ կ’ըլլան որ շատեր հաւատան թէ ուրուականներ կան։
Անոր համար, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ Սատանան ու իր դեւերը մեզ չխաբեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Սատանան կը փորձէ բարի հրեշտակի պէս երեւնալ եւ իր ծառաներն ալ նոյնը կ’ընեն (Բ. Կորնթացիս 11։14, 15)։ Բայց իրականութեան մէջ, դեւերը չար են։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կը փորձեն մեզ ալ իրենց պէս դարձնել։
Մարդիկ ուրկէ՞ շատ բան կը սորվին վայրագութեան, Աստուծոյ օրէնքին հակառակ եղող սեռային յարաբերութեան եւ ոգիներու մասին։— Անշուշտ, հեռատեսիլի որոշ յայտագիրներ ու ֆիլմեր դիտելով, վիտէոյի խաղեր խաղալով, ինթըրնէթը գործածելով եւ զուարճացնող պարբերաթերթեր կարդալով։ Այս բաները ընելը մեզ որո՞ւն կը մօտեցնէ. Աստուծո՞յ, թէ ոչ՝ Սատանային ու դեւերուն։—
Եթէ վայրագութիւն դիտենք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ
Քու կարծիքովդ, ո՞վ կ’ուզէ որ սխալ բաներ մտիկ ընենք ու դիտենք։— Այո՛, Սատանան ու իր դեւերը։ Անոր համար, դուն եւ ես ի՞նչ պէտք է ընենք։— Պէտք է կարդանք, մտիկ ընենք եւ դիտենք բաներ, որոնք մեզի օգտակար են եւ կ’օգնեն որ Եհովային ծառայենք։ Կրնա՞ս ըսել կարգ մը լաւ բաներ, որ ես եւ դուն կրնանք ընել։—
Ի՞նչ օգտակար բան կրնանք ընել
Եթէ լաւ բաներ ընենք, պատճառ չկայ որ դեւերէն վախնանք։ Յիսուս դեւերէն աւելի զօրաւոր է եւ անոնք իրմէ կը վախնան։ Օր մը դեւերը Յիսուսին ըսին. «Մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար» (Մարկոս 1։24)։ Ուրախ պիտի չը՞լլանք, երբ ժամանակը գայ որ Յիսուս բնաջնջէ Սատանան եւ դեւերը։— Մինչ այդ, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Յիսուս մեզ պիտի պաշտպանէ դեւերէն, եթէ իրեն եւ իր երկնաւոր Հօր մօտիկ մնանք։
Կարդանք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, բանալով Ա. Պետրոս 5։8, 9 եւ Յակոբոս 4։7, 8։