Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասմ էջ 3
  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
  • «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Շարունակէ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը»
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով կը պաշտեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
ասմ էջ 3

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Եհովան սիրող անգին ընթերցող,

Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32)։ Այս խօսքերը որքա՜ն քաջալերական են։ Արդարեւ, կարելի է ճշմարտութիւնը գիտնալ, նոյնիսկ այս չար «վերջին օրեր»ուն, երբ ստութիւնը համատարած է (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Կը յիշե՞ս որքա՜ն ուրախացար, երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը գիտցար։

Սակայն ինչպէս որ կարեւոր է ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալը եւ անոր մասին կանոնաւորաբար ուրիշներուն խօսիլը, նոյնպէս ալ կարեւոր է մեր վարքը ներդաշնակել այդ ճշմարտութեան հետ։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է անձերնիս Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահենք։ Ինչպէ՞ս։ Այս հարցումին պատասխանը յայտնի կ’ըլլայ, իր մահուան նախորդող գիշերը Յիսուսի արտասանած խօսքերէն։ Ան իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ» (Յովհաննէս 15։10)։

Նկատէ թէ Յիսուս Աստուծոյ սիրոյն մէջ կեցաւ՝ իր Հօր պատուէրները պահելով։ Ներկայիս նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, պէտք է ճշմարտութիւնը գործադրենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Նոյն գիշերը, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։17)։

Յոյսով ենք, որ այս հրատարակութիւնը օգնէ քեզի, որ շարունակես ճշմարտութիւնը կեանքիդ մէջ գործադրել, եւ հետեւաբար՝ անձդ պահես «Աստուծոյ սիրոյն մէջ. . . սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի» (Յուդա 21)։

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել