«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
1. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը ի՞նչ նպատակի համար հրատարակուեցաւ։
1 Ո՜րքան անձկալից կը սպասենք որ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» խորագրով նոր գիրքը ուսումնասիրենք՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ, փետրուար 23–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ։ Կառավարիչ մարմինին կողմէ Եհովան սիրող իւրաքանչիւր անհատի ուղղուած նամակը, սա խօսքերով կ’աւարտի. «Յոյսով ենք, որ այս հրատարակութիւնը քեզի պիտի օգնէ միշտ ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ ապրելու եւ, հետեւաբար, անձդ ‘Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահելու. . . յաւիտենական կեանքի համար’ (Յուդա 21)»։
2. Այս նոր գիրքը կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ մեզի պիտի օգնէ։
2 Ի՛նչ ակնկալել։ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՞նչպէս կը կիրարկուին որոշ մարզերու մէջ, ինչպէս՝ ընկերակցութիւն, ժամանց, հեղինակութեան հանդէպ յարգանք, բնաւորութիւններ, ամուսնութիւն, խօսակցութիւն եւ սովորութիւններ։ Մեր խղճմտանքը Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած արդարութեան վեհ չափանիշներուն համաձայն պիտի կաղապարուի (Սաղ. 19։7, 8)։ Մինչ Եհովայի մտածելակերպին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը կ’աւելնայ, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ մեր հնազանդութեան շարժառիթը պիտի ըլլայ զինք հաճեցնել (Առ. 27։11. Ա. Յովհ. 5։3)։
3. Ինչո՞ւ մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք իւրաքանչիւր շաբթուան դասին մասնակցելու։
3 Վճռէ մասնակցիլ։ Մինչ նիւթը կը պատրաստես, նպատակ դիր՝ Աստուած փառաբանել իր համախմբուած ծառաներուն հետ (Եբ. 13։15)։ Ամբողջ ժողովքը այս նոր ուսումնասիրութեան հրատարակութիւնը միասնաբար նկատի պիտի առնէ։ Նշանակուած նիւթը քիչ ըլլալով, պիտի կարենանք մանրակրկիտ պատրաստել ու մեր սորվածը բաժնելու վստահութիւն ունենալ։ Մեր լաւ պատրաստուած ու հակիրճ մեկնաբանութիւնները, ուրիշները սիրոյ եւ բարի գործերու պիտի մղեն ու պիտի նպաստեն նիւթին վառ, իմաստալից քննարկութեան (Եբ. 10։24)։ Իսկ մեր ուրախութիւնը ամբողջական պիտի ըլլայ, մինչ անհատապէս մեր հաւատքը կ’արտայայտենք։
4. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Եհովայի պատուիրանները պահենք։
4 Իր մարդկային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս Եհովայի պատուիրանները պահելը առնչեց Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալուն (Յովհ. 15։10)։ «Աստուծոյ սէրը» գիրքին օգնութեամբ, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք Աստուածաշունչի սկզբունքները ամէնօրեայ կեանքի մէջ կիրարկել եւ ‘մեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել’ (Յուդա 21)։