Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 13 էջ 16
  • Բարի եւ չար թագաւորներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարի եւ չար թագաւորներ
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան իր սխալներէն սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Յովնանը եւ մեծ ձուկը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 13 էջ 16
Իսրայէլացի երիտասարդ թագաւոր մը

ՄԱՍ 13

Բարի եւ չար թագաւորներ

Իսրայէլ կը բաժնուի։ Իսրայէլացիներուն վրայ կ’իշխեն բազմաթիւ թագաւորներ, որոնցմէ շատեր անհաւատարիմ կը գտնուին։ Երուսաղէմը կը կործանուի բաբելոնացիներու ձեռքով։

ՃԻՇԴ ինչպէս որ Եհովան նախագուշակած էր, Իսրայէլ բաժնուեցաւ Սողոմոնը ճշմարիտ պաշտամունքը լքելէն ետք։ Իր որդին՝ Ռոբովամ, որ իր յաջորդը եղաւ, անբարեացակամ էր։ Առ ի հակազդեցութիւն, իսրայէլի տասը ցեղերը ապստամբեցան անոր դէմ եւ հիմնեցին Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը։ Իսկ երկու ցեղերը հաւատարիմ մնացին Երուսաղէմի մէջ Դաւիթի գահին վրայ նստող թագաւորին, Յուդայի հարաւային թագաւորութիւնը կազմելով։

Երկու թագաւորութիւններն ալ խռովալից պատմութիւն մը ունեցան, մեծաւ մասամբ իրենց անհաւատ եւ անհնազանդ թագաւորներուն պատճառով։ Իսրայէլ շատ աւելի խնդիրներ ունեցաւ քան Յուդան, քանի որ իր թագաւորները սկիզբէ՛ն կեղծ պաշտամունքը յառաջ տարին։ Հակառակ շատ մը մարգարէներու ըրած հրաշքներուն, ինչպէս Եղիան եւ Եղիսէն, որոնք նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեցին, Իսրայէլ շարունակեց իր չար ընթացքը։ Ի վերջոյ, Աստուած թոյլատրեց որ Ասորեստանը կործանէ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը։

Ճիշդ է որ Յուդան Իսրայէլէն գրեթէ մէկ դար աւելի գոյատեւեց, բայց Աստուած զայն ալ պատժեց։ Յուդայի թագաւորութենէն միայն քանի մը թագաւորներ ականջ տուին Աստուծոյ մարգարէներուն ազդարարութիւններուն եւ փորձեցին ժողովուրդը Եհովային դարձնել։ Զոր օրինակ, Յովսիա թագաւորը սկսաւ Յուդան կեղծ պաշտամունքէն մաքրել։ Ան Եհովայի տաճարը վերահաստատեց եւ երբ Մովսէսի միջոցով տրուած Աստուծոյ Օրէնքի գիրքը գտնուեցաւ, ասկէ խորապէս ազդուելով, ան աւելի՛ թափ տուաւ իր բարեփոխութեան արշաւին։

Սակայն ցաւօք սրտի, Յովսիայի յաջորդները չհետեւեցան այդ բարի թագաւորի լաւ օրինակին։ Ուստի Եհովան թոյլատրեց, որ բաբելոնացիները գրաւեն Յուդան եւ կործանեն Երուսաղէմն ու անոր տաճարը. իսկ վերապրողները Բաբելոն գերի տարուեցան։ Աստուած նախագուշակեց թէ Բաբելոնի գերութիւնը 70 տարի պիտի տեւէր։ Այդ ժամանակաշրջանին Յուդան ամայի մնաց, մինչեւ որ ազգին արտօնուեցաւ հայրենիք վերադառնալ, ինչպէս որ խոստացուած էր։

Սակայն, ա՛լ Դաւիթի շառաւիղէն թագաւոր մը պիտի չիշխէր, մինչեւ որ գար խոստացեալ Ազատարարը՝ նախագուշակուած Մեսիան։ Երուսաղէմի մէջ, Դաւիթի գահին վրայ բազմած թագաւորներուն մեծամասնութիւնը փաստեց, թէ անկատար մարդիկ որակեալ չեն իշխելու։ Միայն Մեսիա՛ն իսկապէս որակեալ պիտի ըլլար։ Արդ, Եհովան այդ Դաւիթենական թագաւորներուն վերջինին ըսաւ. «Թագը հանէ՛. . . ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է» (Եզեկիէլ 21։26, 27)։

Աղբիւրը՝ Գ. Թագաւորաց. Դ. Թագաւորաց. Բ. Մնացորդաց, գլուխ 10–էն մինչեւ 36. Երեմիա 25։8-11։

  • Իսրայէլ ինչո՞ւ բաժնուեցաւ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ երկու թագաւորութիւններուն։

  • Դաւիթէն սերած թագաւորներու շարքին ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ։

  • Յովնանի պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին (տե՛ս շրջանակը)։

ՅՈՎՆԱՆ

Բաժնուած թագաւորութեան ընթացքին, Աստուած Յովնանը նշանակեց որ երթար եւ ազդարարական պատգամ մը քարոզէր հեռաւոր Նինուէ քաղաքի վայրագ ժողովուրդին։ Բայց Յովնան նաւ մը ելաւ որ Նինուէին հակառակ ուղղութեամբ կ’երթար։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ հրաշք մը ըլլայ,– Աստուած մեծ ձուկի մը հրամայեց որ Յովնանը կլլէր։ Ձկան փորին մէջ Յովնան Եհովային աղօթեց։ Որպէս արդիւնք, ձուկը զինք ցամաքը փսխեց, որմէ ետք, Յովնան կատարեց իր նշանակումը։

Աստուած Յովնանին հնազանդութեան դաս մը սորվեցնելէն ետք, ուրիշ խնդիր մը ծագեցաւ։ Յովնան նինուէցիներուն քարոզեց, բայց յետոյ շատ նեղուեցաւ, երբ Աստուած անոնց վրայ խղճալով ողորմութիւն ցոյց տուաւ։ Աստուած որոշեց զանոնք չպատժել, քանի որ զղջացին։ Կարդա՛ այս հետաքրքրական գիրքը, տեսնելու համար թէ Աստուած ինչպէ՛ս ուրիշ հրաշք մը ըրաւ, որպէսզի Յովնանին սորվեցնէր աւելի կարեկից ըլլալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել