ՄԱՍ 14
Աստուած կը խօսի իր մարգարէներուն միջոցով
Եհովան կը նշանակէ մարգարէներ, որ հաղորդեն պատգամներ՝ դատաստանի, մաքուր պաշտամունքի եւ Մեսիական յոյսի առնչութեամբ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ եւ Յուդայի թագաւորներու ժամանակաշրջանին, կարգ մը տղամարդիկ աչքառու դարձան. անոնք մարգարէներն էին։ Անոնք քաջարի եւ հաւատքի տէր տղամարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ դատաստանները հաղորդեցին։ Նկատի առ չորս կարեւոր նիւթեր, որոնց մասին Աստուծոյ մարգարէները խօսեցան։
1. Երուսաղէմի կործանումը։ Աստուծոյ մարգարէները, յատկապէս Եսային եւ Երեմիան, երկար տարիներ առաջ սկսան ազդարարել թէ Երուսաղէմը պիտի կործանուէր եւ ամայանար։ Անոնք վառ նկարագրութեամբ յայտնեցին թէ քաղաքը ինչո՛ւ ինքն իր վրայ Աստուծոյ բարկութիւնը բերած էր։ Քաղաքը կը դաւանէր Եհովան ներկայացնել, բայց իր դաւանութիւնը սուտ ելաւ, քանի որ միջամուխ եղած էր կրօնական սուտ արարքներու, ապականութեան եւ բռնութեան (Դ. Թագաւորաց 21։10-15. Եսայի 3։1-8, 16-26. Երեմիա 2։1–3։13)։
2. Մաքուր պաշտամունքին վերահաստատուիլը։ Աստուծոյ ժողովուրդը 70 տարի գերի ըլլալէ ետք, պիտի ազատագրուէր Բաբելոնի ձեռքէն, պիտի վերադառնար իր ամայացած հայրենիքը եւ պիտի վերակառուցանէր Եհովայի տաճարը Երուսաղէմի մէջ (Երեմիա 46։27. Ամովս 9։13-15)։ Գրեթէ 200 տարի առաջ, Եսային նախագուշակեց նուաճողին անունը,– Կիւրոս,– որ պիտի յաղթէր Բաբելոնին եւ թոյլ տար, որ Աստուծոյ ժողովուրդը վերահաստատէր մաքուր պաշտամունքը։ Եսայի նոյնիսկ Կիւրոսի յատուկ ռազմավարութիւնը մանրամասնեց (Եսայի 44։24–45։3)։
3. Մեսիային գալուստը եւ անոր դիմագրաւած բաները։ Մեսիան Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ պիտի ծնէր (Միքիա 5։2)։ Ան խոնարհութիւն ցոյց պիտի տար, աւանակի մը վրայ հեծած Երուսաղէմ մտնելով (Զաքարիա 9։9)։ Ան հեզ եւ ազնիւ ըլլալով հանդերձ, ժողովուրդին կողմէ պիտի չսիրուէր եւ շատեր պիտի մերժէին զինք (Եսայի 42։1-3. 53։1, 3)։ Ան դաժան կերպով պիտի մահանար։ Արդեօք ասիկա իր կեանքին վե՞րջը պիտի նշանակէր։ Ո՛չ, քանի որ իր զոհաբերութիւնը կարելի պիտի դարձնէր, որ շատերու մեղքերը ներուէին (Եսայի 53։4, 5, 9-12)։ Միայն իր յարութի՛ւնը կրնար այդ մէկը իրագործել։
4. Մեսիային իշխանութիւնը երկրի վրայ։ Անկատար մարդիկ ի՛րապէս չեն կրնար իրենք զիրենք խաղաղութեամբ կառավարել, սակայն Մեսիական Թագաւորը Խաղաղութեան Իշխան պիտի կոչուէր (Եսայի 9։6, 7. Երեմիա 10։23)։ Իր իշխանութեան ներքեւ, բոլոր մարդիկ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլան իրարու հետ, եւ նոյնիսկ ամբողջ անասնական ստեղծագործութեան հետ (Եսայի 11։3-7)։ Հիւանդութիւնը պիտի չքանայ (Եսայի 33։24)։ Նոյնիսկ մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլայ (Եսայի 25։8)։ Մեսիայի իշխանութեան ընթացքին, մեռելները յարութիւն պիտի առնեն երկրի վրայ (Դանիէլ 12։13)։
Աղբիւրը՝ Եսայի, Երեմիա, Դանիէլ, Ամովս, Միքիա եւ Զաքարիա գիրքերը։