ՄԱՍ 15
Գերի տարուած մարգարէ մը տեսիլքներ կը տեսնէ ապագայի մասին
Դանիէլ կը մարգարէանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ Մեսիայի գալուստին մասին։ Բաբելոն կը կործանի։
ԴԱՆԻԷԼ, արտասովոր ուղղամտութիւն ցուցաբերող պատանի մը, նախքան Երուսաղէմի կործանիլը գերի տարուեցաւ դէպի Բաբելոն։ Ինք եւ կարգ մը հրեաներ,– որոնք գրաւուած Յուդայի թագաւորութենէն գերի տարուած էին,– որոշ չափով ազատութիւն ստացան զիրենք գերեվարող մարդոցմէ։ Բաբելոնի մէջ իր անցուցած երկար տարիներուն ընթացքին, Աստուած առատապէս օրհնեց Դանիէլը, նոյնիսկ զինք ազատելով առիւծներու գուբէն եւ տալով տեսիլքներ, որոնց միջոցով ան հեռաւոր ապագան կրցաւ տեսնել։ Դանիէլի կարեւորագոյն տեսիլքները կեդրոնացան Մեսիային եւ անոր իշխանութեան վրայ։
Դանիէլ կը տեղեկանայ թէ Մեսիան ե՛րբ պիտի գար։ Դանիէլին ըսուեցաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ե՛րբ կրնար ակնկալել «Օծեալ իշխանին» կամ Մեսիային գալը,– Երուսաղէմի պարիսպները վերականգնելու եւ վերաշինելու հրամանը ելլելէն 69 եօթնեակ կամ շաբաթ անցնելէն ետք։ Այս եօթնեակը եօթը օրերէ բաղկացած շաբաթ մը չէ, հապա եօթը տարիներէ՝ մարգարէական առումով։ Այդ հրամանագիրը Դանիէլի մահէն տարիներ ետք արձակուեցաւ,– Ք.Ա. 455–ին։ Այդ թուականին սկսաւ 69 եօթնեակը եւ վերջ գտաւ 483 տարի ետք, հասնելով մինչեւ Ք.Ե. 29։ Յաջորդ նիւթին մէջ պիտի տեսնենք թէ այդ թուականին ի՛նչ պատահեցաւ։ Դանիէլ նաեւ տեսաւ, թէ Մեսիան ‘պիտի կտրուէր’ կամ սպաննուէր, մեղքի քաւութեան համար (Դանիէլ 9։24-26)։
Մեսիան Թագաւոր պիտի դառնար երկնքի մէջ։ Արտասովոր տեսիլքով մը, Դանիէլ երկնքի մէջ տեսաւ «Որդի մարդոյ նման մէկը»՝ Մեսիան, որ Եհովայի գահի՛ն կը մօտենար։ Եհովան անոր «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» տուաւ։ Այդ Թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի գոյատեւէր։ Դանիէլ մէկ ա՛յլ հետաքրքրական մանրամասնութիւն ալ գիտցաւ Մեսիական Թագաւորութեան մասին։ Թագաւորը պիտի ունենար իշխանակիցներ, խումբ մը մարդիկ, որոնք «Բարձրեալին սուրբեր»ը կը կոչուին (Դանիէլ 7։13, 14, 27)։
Թագաւորութիւնը պիտի բնաջնջէ այս աշխարհի կառավարութիւնները։ Աստուած Դանիէլին կարողութիւն տուաւ մեկնելու այն երազը, որ շփոթեցուցած էր Նաբուգոդոնոսորը՝ Բաբելոնի թագաւորը։ Թագաւորը տեսած էր մեծ արձան մը, գլուխը ոսկիէ, կուրծքն ու թեւերը արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը պղնձէ, սրունքները երկաթէ եւ ոտքերը կաւախառն երկաթէ։ Յետոյ տեսած էր լեռնէն կտրուած քար մը, որ հարուածեց արձանին տկար ոտքերը եւ ջարդուփշուր ըրաւ արձանը։ Դանիէլ բացատրեց, թէ արձանին մասերը աշխարհակալ ուժերու երկար յաջորդականութիւն մը կը պատկերացնէին, սկսելով Բաբելոնէն՝ ոսկիէ գլուխէն։ Ան կանխատեսեց, թէ այս չար աշխարհի վերջին աշխարհակալ ուժի ժամանակաշրջանին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի,– անիկա պիտի փշրէ բոլոր կառավարութիւնները եւ ինք պիտի կառավարէ յաւիտեան (Դանիէլ, գլուխ 2)։
Իր ծերութեան օրերուն, Դանիէլ իր աչքերով տեսաւ Բաբելոնի անկումը։ Կիւրոս թագաւորը տապալեց քաղաքը, ճիշդ ինչպէս որ մարգարէները նախագուշակած էին։ Շատ չանցած, հրեաները վերջապէս ազատուեցան գերութենէն,– ճիշդ ժամանակին՝ իրենց հայրենիքի ամայացումէն 70 տարի ետք, ինչպէս որ նախագուշակուած էր։ Հաւատարիմ կառավարիչներու, քահանաներու եւ մարգարէներու առաջնորդութեամբ, հրեաները վերջապէս վերաշինեցին Երուսաղէմը եւ վերականգնեցին Եհովայի տաճարը։ Սակայն ի՞նչ պիտի պատահէր, երբ 483 տարիները ամբողջանային։
Աղբիւրը՝ Դանիէլ գիրքը։