Մաս 7
Ո՞վ էր Յիսուս
Եհովա Յիսուսը երկիր ղրկեց (Ա. Յովհաննէս 4։9)։
Եթէ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել, կարեւոր անձի մը պէտք է մտիկ ընենք։ Ադամը ստեղծելէն շա՜տ առաջ, Եհովա երկինքի մէջ զօրաւոր հոգեղէն անձ մը ստեղծեց։
Ժամանակի ընթացքին՝ Եհովա այս անձը ղրկեց, որպէսզի Բեթլեհէմի մէջ Մարիամ անունով կոյսէ մը ծնի։ Մանուկին տրուեցաւ Յիսուս անունը (Յովհաննէս 6։38)։
Որպէս մարդ երկրի վրայ, Յիսուս Աստուծոյ յատկութիւնները կատարեալ կերպով արտացոլացուց։ Ան քաղցր ու սիրառատ էր։ Մարդիկ դիւրաւ անոր կը մօտենային։ Ան առանց վախի՝ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցուց։
Յիսուս բարիք ըրաւ, բայց ատուեցաւ (Ա. Պետրոս 2։21-24)։
Յիսուս նաեւ հիւանդները բժշկեց եւ կարգ մը մեռելներու յարութիւն տուաւ։
Կրօնական առաջնորդները Յիսուսը ատեցին, քանի որ իրենց սուտ ուսուցումները եւ չար ճամբաները մէջտեղ հանեց։
Կրօնական առաջնորդները հռոմայեցիները համոզեցին, որ Յիսուսը ծեծեն եւ սպաննեն։