Դաս 9
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս պատրաստուիլ ժողովներուն համար
Քամպոտիա
Ուքրանիա
Եթէ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես Եհովայի վկայի մը հետ, հաւանաբար կը ջանաս ուսումնասիրուելիք նիւթը նախապէս աչքէ անցընել։ Մեծագոյն օգուտը քաղելու համար, լաւ է որ նոյնը ընես ժողովի մը ներկայ գտնուելէ առաջ։ Լաւագոյն արդիւնքը ձեռք կը ձգենք, երբ լաւ սովորամոլութիւն հաստատենք։
Որոշէ ե՛րբ եւ ո՛ւր ուսումնասիրել։ Ե՞րբ կրնաս մեծապէս կեդրոնանալ։ Արդեօք առաւօտո՞ւն՝ օրուան աշխատանքը սկսելէ առաջ, թէ ոչ գիշերը՝ զաւակները քնանալէ ետք։ Նոյնիսկ եթէ չես կրնար երկա՜ր ատեն ուսումնասիրել, որոշէ որքա՛ն ժամանակ կրնաս տրամադրել, եւ փորձէ թոյլ չտալ որեւէ բանի որ յայտագիրդ խանգարէ։ Հանդարտ վայր մը ընտրէ եւ շեղում պատճառող բոլոր բաները հեռացուր, մարելով՝ ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը եւ հեռախօսիկը։ Ուսումնասիրելէ առաջ աղօթելը քեզի պիտի օգնէ, որ օրուան մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով՝ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կարենաս կեդրոնանալ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
Ընդգծէ նիւթին գլխաւոր գաղափարները եւ պատրաստէ մեկնաբանութիւններ։ Նախ՝ նիւթին մասին ընդհանուր գաղափար մը առ։ Յօդուածին կամ գլուխին խորագրին մասին մտածէ՛, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր ենթավերնագիր կապ ունի այդ բնաբանին հետ, աչքէ անցուր նկարները եւ վերաքաղի հարցումները, որոնք գլխաւոր կէտերը կը շեշտեն։ Ապա, իւրաքանչիւր պարբերութիւն կարդա՛ եւ անոր հարցումին պատասխանը փնտռէ։ Նշուած համարները բաց ու կարդա՛, եւ մտածէ թէ անոնք ինչպէ՛ս նիւթին կ’աջակցին (Գործք 17։11)։ Երբ հարցումին պատասխանը գտնես, ընդգծէ՛ պարբերութեան բանալի բառերը կամ նախադասութիւնները, որոնք քեզի պիտի օգնեն պատասխանը յիշելու ժողովին ընթացքին։ Ետքը, ժողովին մէջ կրնաս ձեռքդ բարձրացնել,– եթէ կը փափաքիս,– եւ հակիրճ կերպով քու բառերովդ մեկնաբանել։
Սերտելով տարբեր նիւթեր՝ որոնք իւրաքանչիւր շաբաթ ժողովներուն կը քննարկուին, Աստուածաշունչի գիտութեան «գանձ»իդ մէջ նոր գաղափարներ պիտի դիզես (Մատթէոս 13։51, 52)։
Ժողովներուն նախապատրաստուելու համար, ի՞նչ սովորամոլութիւն կրնաս հաստատել։
Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ, ժողովին մէջ մեկնաբանութիւն մը ներկայացնելու համար։