Ժողովքային Հանդիպումներուն Համար Պատրաստուինք Ու Անոնցմէ Հաճոյք Առնենք
1 Ընկերակից եղբայրներ ըլլալով, մենք իմաստութեամբ կանոնաւորաբար կը հաւաքուինք մեր շաբաթական ժողովներուն համար։ (Ա. Տիմ. 4։15, 16) Ժողովներէն ի՞նչպէս կրնանք հաճոյք առնել ու մեծապէս օգտուիլ։
2 Կանոնաւորաբար ժամանակ պէտք է տրամադրենք ժողովները պատրաստելու համար։ Ոմանք պատրաստութեան աւելի ժամանակ կը յատկացնեն քան ուրիշներ։ Սակայն, որքա՛ն ալ զբաղած ըլլանք, իմաստութիւն է որ որոշ ժամանակ յատկացնենք ժողովները պատրաստելու համար։ Ընտանիոք պատրաստուիլը յատկապէս օգտակար է։—Եփ. 5։15, 16
3 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին Համար. Ջանացէք Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագրին հետ քայլ պահել։ (Յես. 1։8) Նկատի առնուելիք նիւթերը վերաքաղ ըրէք եւ ձեր հետ բերէք անհրաժեշտ գրականութիւնները, որպէսզի դասախօսներուն հետեւիք։ Խորհեցէք որ ի՛նչ կերպերով կրնաք տեղեկութիւնները ձեր ծառայութեան մէջ գործածել։
4 Ծառայութեան Ժողովին Համար. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ ուրուագծուած յայտագիրը աչքէ անցուցէք։ Նկատի առնուելիք յօդուածները կարդացէք։ Եթէ Դիտարանի յօդուած մը կամ ուրիշ գրականութեան նիւթ մը պիտի ներկայացուի, զայն կարդացէք։ Եթէ դաշտի ծառայութեան ներկայացումներ պիտի ցուցադրուին, առաջուընէ զանոնք վերաքաղ ըրէք, որպէսզի ձեր ծառայութեան մէջ զանոնք գործածելու պատրաստ ըլլաք։
5 Դիտարանի Ուսումնասիրութեան Համար. Ուսումնասիրութիւնը առաջուընէ կարդացէք եւ հարցումներուն պատասխանները ընդգծեցէք։ Նշուած համարները բանալը պիտի օգնէ ձեզի որ աւելի լաւ ըմբռնէք։ Ձեր գիտութիւնը պիտի ընդլայնի խոկալով որ ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս ձեր գիտցածին կը յարմարի։ Առնուազն մէկ կամ երկու պարբերութիւններու մասին համառօտ մեկնաբանութիւններ պատրաստելով, ծրագրեցէք ժողովին մասնակցիլ։ Բաժին բերելը կարեւոր կերպ մըն է ‘մեր յոյսը հանրապէս յայտարարելու’։—Եբր. 10։23, ՆԱ։
6 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Համար. Նախ, նիւթը աչքէ անցուցէք. խորագիրը եւ ենթագլուխները նկատի առէք։ Ապա, մինչ կը կարդաք, բանալի գաղափարներուն ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Նեցուկ կանգնող համարները վերաքաղ ըրէք։ Ձեր բառերով հարցումներուն փորձեցէք պատասխանել։ Ուսումնասիրութիւնը պատրաստելէ ետք, ձեր մտքին մէջ զայն վերաքաղ ըրէք։ Գլխաւոր կէտերը եւ պատճառաբանելու մեթոտները փորձեցէք վերյիշել։—Բ. Տիմ. 2։15
7 Ժողովներէն Հաճոյք Առնենք. Լիովին ժողովներէն հաճոյք առնելու համար, կարեւոր է որ ճիշդ ժամանակին հասնինք, որպէսզի բացման աղօթքին մասնակցինք ու խնդրենք Եհովայի հոգիին օգնութիւնը։ Նաեւ, Թագաւորութեան թարմացուցիչ երգեցողութիւններէն կ’օգտուինք։ Եթէ մանուկներ չունիք կամ պատճառ մը չկայ որ սրահի ետեւի շարքերը նստիք, առջեւի շարքերը նստելով հաւանաբար պիտի նկատէք որ նուազ զբաղումներ կան եւ ա՛լ աւելի օգուտ կը քաղէք յայտագրէն։ Այն ծնողները որոնք ժողովին ընթացքին կը ստիպուին իրենց մանուկները դուրս հանել, կրնան յետսակողմը եւ անցքին մօտ նստելով խանգարումը նուազեցնել։
8 Ջանացէք կարդացուած համարները բանալ։ Աստուածաշունչը գործածելը ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր լսածը յիշէք։ Ձեր սորվածը ձեր ընտանիքին ու բարեկամներուն պատմելը պիտի դրոշմէ տեղեկութիւնները ձեր մտքին մէջ։ Այս թելադրութիւնները կիրարկելը ժողովները աւելի նշանակալից ու հաճոյալի պիտի դարձնէ, իսկ ժողովները իրապէս ‘սիրոյ եւ բարեգործութեան պիտի մղեն մեզ’։—Եբր. 10։24, 25