Ամէն Օր Եհովան Փառաբանենք
1 Մեր Աստուածը՝ Եհովա՝ սքանչելի, սիրալիր Ստեղծիչ է, ամէն տեսակ կեանքի ու երջանկութեան Աղբիւրն է։ Իր վսեմութեան ի տես, ան իրապէս արժանի է որ իր բոլոր ստեղծագործութիւնը զինք փառաբանէ։ Անհատապէս կը փափաքինք սաղմոսերգուին նման ըսել. «Քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։ Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ»։ (Սաղմ. 71։14, 15) Հետեւաբար, օրէ օր Եհովան փառաբանելու համար կերպեր պէտք է փնտռենք ու մղուինք զինք, իր արդարութիւնը եւ փրկութեան համար իր ըրած կարգադրութիւնները գովելու։
2 Նախկին Քրիստոնեաները Եհովան փառաբանելու ընտիր օրինակ մը հանդիսացան։ Պէնտէկոստէին մկրտուած 3,000 անհատներուն նկատմամբ, Գործք Առաքելոց 2։46, 47–ի մէջ կը կարդանք. «Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին։ . . . Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին»։ Անոնք Եհովայի եւ իր Մեսիային մասին հոյակապ ճշմարտութիւններ կը սորվէին։ Անոնց ուրախութիւնը վարակիչ էր, քաջալերելով ուրիշներ ալ որ մտիկ ընեն ու սորվին եւ Եհովան փառաբանեն։
3 Ամէն Օր Առիթներ Մատչելի Են. Ներկայիս շատեր ամէն օր անպաշտօն վկայութեամբ Եհովան կը փառաբանեն։ Առաջուընէ ծրագրելը անոնց կ’օգնէ որ աւելի արգասաբեր ըլլան։ Քոյր մը որ վճռած էր անպաշտօն վկայութեան մասնակցիլ, իր ինքնաշարժը մէկու մը կողմէ վնասուեցաւ։ Քոյրը ինքնաշարժ նորոգողներու հեռաձայնեց, ապա պատրաստուեցաւ սպասարկողին վկայելու։ Անոր նախապատրաստութիւնը Եհովայի առաջնորդութեան համար աղօթել պարփակեց։ Արդիւնքը եղաւ որ քոյրը մէկ ժամ սպասարկողին վկայեց եւ տեղաւորեց Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։
4 Ուրիշ քոյր մը կանոնաւորաբար իր դրացիուհիին կը հանդիպէր մինչ իրենց շուները կը պտըտցնէին։ Հանդիպումի մը ընթացքին, անոնք լրջօրէն խօսակցեցան կեանքի խնդիրներուն մասին եւ անոր յաւելեալ խօսակցութիւններ յաջորդեցին։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Հետաքրքրական է որ հետագային դրացիուհին խոստովանեցաւ որ Եհովայի Վկաներուն մտիկ պիտի չընէր եթէ իր դուռը զարնէին, քանի որ Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչի չէր հաւատար։
5 Ոմանք կը վկայեն երբ ծախողներ կամ ուրիշներ իրենց դուռը կը զարնեն։ Իրլանտայի մէջ, կեանքի ապահովագրութիւն առաջարկող մը քրոջ մը այցելեց։ Քոյրը բացատրեց որ յաւիտենական կեանք վայելել կը յուսար։ Այս խօսքը բոլորովին նոր միտք մըն էր այս մարդուն համար, որ Հռովմէական Կաթողիկէ մըն էր։ Մարդը Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ընդունեց, յաջորդ շաբաթ ժողովի ներկայ գտնուեցաւ եւ իր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ։ Ներկայիս այս վաճառորդը մկրտուած եղբայր է։
6 Ամէն օր Եհովան փառաբանելու առիթներուն նկատմամբ բոլորս ալ պէտք է արթուն ըլլանք։ Օգտակար է մի քանի պարբերաթերթեր կամ թերթիկներ դնել ուր որ դիւրաւ կը տեսնուին, որպէսզի այցելուներու առաջարկուին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, հանրային պարտէզի նստարանի վրայ քիչ մը ժամանակ անցընելը կրնայ ձեզի պատեհութիւն տալ որ կանգ առնողներու վկայէք։ Վկայ պատանիներէն ոմանք դպրոցի մէջ իրենց գրասեղաններու վրայ սուրբ գրային գրականութիւններ կը դնեն, որպէսզի խօսակցին անոնց հետ որոնք զանոնք կը նկատեն ու հարցումներ կը յարուցանեն։ Մէկ կամ երկու համարներ ի մտի ունեցէք, զորս կրնաք գործածել։ Եհովայէ օգնութիւն խնդրեցէք։ Այդպէս ընելով պիտի օրհնուիք։—Ա. Յովհ. 5։14