Ժողովները Բարեգործութեան կը Մղեն
1 Մեր պաշտամունքին կենսական երկու երեսակներն են՝ ժողովքային հանդիպումներուն յաճախել եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Այս երկուքը սերտօրէն առնչակից են։ Մէկը միւսին կ’ազդէ։ Քրիստոնէական ժողովները բարի գործերու կը մղեն, որոնց լաւագոյնը Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործն է։ (Եբր. 10։24) Եթէ ժողովներու յաճախելէ դադրինք, շուտով քարոզելէ ալ կրնանք դադրիլ, քանի որ ասիկա ընելու պիտի չմղուինք։
2 Շաբաթական ժողովներուն հոգեւոր հրահանգներ կը ստանանք, որոնք ծրագրուած են մեզ մղելու որ քարոզենք։ Յարատեւ կը շեշտուի մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը, որ իր կարգին կը մղէ մեզ որ Աստուածաշունչի կենսատու պատգամը ուրիշներուն տանինք։ Հոն կը քաջալերուինք եւ կը զօրանանք որ համբերենք քարոզչութեան մէջ։ (Մատթ. 24։13, 14) Ժողովներուն պատասխանելու պատեհութիւնը օգտագործելով, աւելի կը վարժուինք մեր հաւատքը ուրիշներու ներկայութեան արտայայտելու։ (Եբր. 10։23) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուելով, մարզում կը ստանանք որ աւելի լաւ քարոզիչներ ըլլանք եւ մեր ուսուցանելու հմտութիւնները բարելաւենք։—Բ. Տիմ. 4։2
3 Ծառայութեան Ժողովները Ի՛նչպէս Մեզ Քարոզելու կը Մղեն. Բոլորիս ալ քաջալերութիւն տրուած է որ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին բովանդակութիւնը նախապէս աչքէ անցընենք։ Այս տեղեկութիւնները մեր մտքերուն մէջ կը տպաւորուին, մինչ Ծառայութեան Ժողովին ներկայ կը գտնուինք ու կը տեսնենք ցուցադրուած ներկայացումները բեմին վրայ։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք, կրնանք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը մտաբերել, ցուցադրուած ներկայացումները վերյիշել եւ այսպիսով աւելի ազդու վկայութիւն մը տալ։ Ասիկա շատ մը հրատարակիչներու փորձառութիւնը եղած է։
4 Ծառայութեան Ժողովներէն ետք, ոմանք ուրիշներու հետ ժամադրութիւններ կ’առնեն, միասնաբար ծառայութեան մասնակցելու համար։ Հրատարակիչներուն մտքին մէջ տակաւին թարմ են դաշտի ծառայութեան մէջ կիրարկուելիք կէտերը եւ անոնք կ’ուզեն զանոնք փորձել, քանի որ այս ժողովները զիրենք քաջալերած են որ ամէն շաբաթ քարոզչութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։
5 Ո՛չ մէկ բան կրնայ մեր քրիստոնէական ժողովներուն տեղը առնել, ուր մեր հաւատակիցներուն հետ կը հաւաքուինք եւ բարի գործեր ընելու կը մղուինք։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր ծառայութիւնը ուռճանայ, պէտք է կանոնաւորաբար ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ ըլլանք։ Կը մաղթենք որ Եհովայի այս հոյակապ կարգադրութեան հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերենք՝ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չթողելով’։—Եբր. 10։25