Գիտութիւն Մը Որ Յաւիտենական Կեանքի Կ’առաջնորդէ Գիրքը Ներկայացնենք
1 Մենք ուրախացանք երբ նոր գիրքը՝ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ լոյս տեսաւ։ Անիկա ծրագրուած է մարդոց օգնելու որ ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը շուտով ձեռք ձգեն։ Դեկտեմբերին առաջին պատեհութիւնը պիտի ունենանք այս գիրքը մեր թաղամասին մէջ ներկայացնելու։ Հետաքրքրութիւն շարժելու համար ի՞նչ կրնանք ըսել։
2 Ահաւասիկ ներկայացում մը որ կրնայ այն անհատին կոչ ընել, որու հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ տկարացած է.
◼ «Բազմաթիւ անհատներ մանկութենէ ի վեր Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունեցած են, բայց ներկայիս անոնք կը նշմարեն որ իրենց հաւատքը տկարացած է։ Արդեօք այս թերահաւատութեան պատճառը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ խոկալով տիեզերքի սքանչելիքներուն վրայ։ [Կարդա Սաղմոս 19։1–ը։] Աստուած, որու օրէնքները այս երկնային մարմինները կը ղեկավարեն, նաեւ մեզի համար արժէքաւոր առաջնորդութիւն հայթայթած է։ [Կարդա Սաղմոս 19։7–9–ն։] Այս համարները կը շեշտեն որ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ամէն բան սորվիլը շատ կարեւոր է։ [4 եւ 5–րդ էջերու պատկերին ուշադրութիւն հրաւիրէ եւ կարդա խորագիրը։] Եթէ կը փափաքիս այս մասնայատուկ գիտութենէն օգտուիլ, ուրախութեամբ գիրքը քեզի կը մատուցանեմ»։
3 Վերջերս լուրերուն մէջ յիշուած մտահոգիչ դէպք մը ի մտի ունենալով, կրնաս ըսել.
◼ «Հաւանաբար լսեցիր [դէպքին ակնարկէ] մասին։ Հարց տուա՞ծ ես թէ արդեօք Աստուած իրապէս կը հետաքրքրուի մեզ շրջապատող կամ մեր կրած անարդարութեամբ ու տառապանքով։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ տառապանքի ատեն մեզի պիտի օգնէ»։ Սաղմոս 72։12–17–էն մասեր կարդա։ Գրքին 70–րդ էջը բաց եւ մատնանշէ որ այս գիրքը՝ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ կը պատասխանէ միլիոնաւոր մարդոց հարցումին՝ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ «Աստուածաշունչի պատասխանը այդ հարցումին շատ թարմացուցիչ պիտի գտնես։ Կը փափաքիմ այս գիրքը հետդ ձգել, որպէսզի կարենաս պատասխանին մասին կարդալ»։
4 Եթէ ծնողի մը հանդիպիս, կրնաս ընտանիքին վրայ կեդրոնանալ.
◼ «Ծնողներուն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի որ ընտանեկան ուրախ կեանք մը պահպանելու մէջ շատ խնդիրներ կան։ Ի՞նչ լուրջ խոչընդոտներ կը նկատես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք, բայց սովորաբար կը գնահատենք մեզի տրուած օժանդակութիւնը որ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգենք։ Աստուածաշունչը ընտիր խրատներ կը մատուցանէ։ [Կողոսացիս 3։12, 18–21–էն մասեր կարդա։] Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին շատ ըսելիքներ ունի, ինչպէս ուրուագծուած են այս գրքին 15–րդ գլուխին մէջ, որու խորագիրն է՝ ‘Աստուած Պատուող Ընտանեկան Կեանք մը Կերտել’։ Այս գլուխը Աստուածաշունչի խրատները վերաքաղ կ’ընէ, որոնք ցոյց կու տան ի՛նչպէս ամուսնական ճնշումը վանել եւ ի՛նչպէս մեր զաւակներուն դիմագրաւած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Վստահ եմ որ այս գլուխը կարդալէն հաճոյք պիտի առնես»։
5 Եթէ համառօտ բան մը կը նախընտրես, կրնաս հետեւեալը փորձել.
◼ «Արդեօք հարց տուա՞ծ ես թէ ինչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Այս գրքին 6–րդ գլուխը կը բացատրէ մահուան պատճառը եւ ի՛նչպէս Աստուած զայն մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ Աստուած զինք սիրողներուն յաւիտենական կեանք խոստացած է։ [Կարդա Յովհաննու 17։3–ը։] Եթէ այս նիւթին մասին կը փափաքիս կարդալ, պիտի նկատես որ գիրքը մեծապէս կը լուսաբանէ մեզ»։
6 Եթէ լաւ կերպով պատրաստուած ենք, կրնանք Գիտութիւն գիրքը գործածել որպէսզի ուրիշներու այնպիսի կերպով մը ‘գրքերը մեկնենք’ որ իրենց մեծ ուրախութիւն պիտի բերէ։—Ղուկ. 24։32