Յաւիտենական Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Տարածենք
1 Եհովա «մարդուն գիտութիւն սորվեցնող»ն է։ (Սաղմ. 94։10) Ան մեզ կը գործածէ իր մասին կեանք փրկող գիտութիւն հասցնելու անոնց, որոնք տեղեակ չեն թէ ի՛նչպէս ընդունելի կերպով իրեն ծառայեն։ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը սորվեցնելու ընտիր գործիք մըն է, որու միջոցաւ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները կրնան Աստուծոյ մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն ձեռք ձգել, իր գրի առնուած Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Գիտութիւն գրքին մէջ ճշմարտութեան յստակ ու տրամաբանական զարգացումը պիտի օգնէ մարդոց որ ըմբռնեն այն ինչ որ Եհովա կ’ուզէ սորվեցնել անոնց։ Այս ամիս կ’ուզենք մարդոց միջամուխ ընել խօսակցութիւններու, որոնք պիտի մղեն զիրենք որ փափաքին գիրքը կարդալ։ Հետեւեալը կարգ մը թելադրութիւններ է։ Փոխանակ զանոնք գոց սորվելու, փորձեցէք գլխաւոր գաղափարները ձեր բառերով ու խօսակցելու բնական ոճով արտայայտել։
2 Քանի որ շատ մարդիկ սիրելի մը կորսնցուցած են, կրնաս խօսակցութեան մէջ յարութեան յոյսին ակնարկել, նախ ասոր նման բան մը ըսելով.
◼ «Մեզմէ շատեր սիրելի մը կորսնցուցած են։ Արդեօք հարց տուա՞ծ ես որ այսպիսի անձի մը դարձեալ պիտի տեսնես կամ ոչ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մահը մաս չէր կազմեր։ Յիսուս ապացուցանեց որ մեր սիրելիները կրնան մահուընէ փրկուիլ։ [Կարդա Յովհաննու 11։11, 25, 44։] Թէեւ դարեր առաջ տեղի ունեցաւ, ասիկա ցոյց կու տայ ի՛նչ որ Աստուած խոստացած է ընել մեզի համար։ [Բաց Գիտութիւն գիրքը ու կարդա 85–րդ էջի պատկերին խորագիրը։ Ապա ցոյց տուր 86–րդ էջի պատկերը ու անոր մասին մեկնաբանէ։] Եթէ կը փափաքիս աւելի կարդալ յարութեան այս մխիթարիչ յոյսին մասին, ուրախ կ’ըլլամ այս գիրքը քովդ ձգելով»։
3 Յարութեան յոյսին մասին առաջին խօսակցութենէն ետք, կրնաս միեւնոյն անհատին հետ յաջորդ խօսակցութիւնը այս կերպով սկսիլ.
◼ «Թերեւս կը յիշես ըսածս որ մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մահը մաս չէր կազմեր։ Եթէ ասիկա ճշմարիտ է, ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Կարգ մը կրիաներ աւելի քան 100 տարի կ’ապրին, իսկ ծառեր կան որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կ’ապրին։ Ինչո՞ւ մարդիկ մի՛միայն 70 կամ 80 տարի կ’ապրին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մենք կը մեռնինք քանի որ մարդկային առաջին զոյգը Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ»։ Կարդա Հռովմայեցիս 5։12։ Բաց Գիտութիւն գրքին 53–րդ էջը ու կարդա նիւթին խորագիրը։ Նկատի առ առաջին երեք պարբերութիւնները, ցոյց տալով տպուած հարցումներուն պատասխանները։ Ժամադրութիւն առ վերադառնալու ու նիւթին մնացած մասը քննարկելու համար։ Անհատը քաջալերէ որ այդ միջոցին նիւթին ընթերցումը ամբողջացնէ։
4 Եթէ կրօնասէր թուող անհատի մը հետ կը խօսիս, կրնաս ըսել.
◼ «Ներկայիս հարիւրաւոր կրօնքներ կան։ Անոնք հակասական հաւատալիքներ կը սորվեցնեն։ Ոմանք կ’ըսեն որ բոլոր կրօնքներն ալ լաւ են ու կարեւոր չէ թէ ի՛նչ կը հաւատանք։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուս ճշմարիտ կրօնքը սորվեցուց եւ ցոյց տուաւ որ պաշտամունքի ուրիշ տեսակները Աստուծոյ ընդունելի չեն։ [Կարդա Մատթէոս 7։21–23։] Եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել, իր կամքին համաձայն պէտք է զինք պաշտենք»։ Բաց Գիտութիւն գրքին 5–րդ գլուխը, կարդա խորագիրը ու ցոյց տուր մի քանի ենթագլուխներ։ Բացատրէ որ այս տեղեկութիւնները պիտի օգնեն անհատին որ սորվի ի՛նչպէս Աստուած հաճեցնել։ Առաջարկէ գիրքը իրեն ձգել եթէ կը խոստանայ կարդալ զայն, ու յիշէ որ մեր համաշխարհային գործունէութեան ի նպաստ եղած նուիրատուութիւններ կ’ընդունիս։
5 Այն մարդիկը որոնք շփոթած են քանի որ շատ կրօնքներ կան, թերեւս կը գնահատեն այս հարցումին պատասխանը վերայցելութեան ատեն.
◼ «Ներկայիս քանի որ շատ կրօնքներ կան, ի՞նչպէս կրնանք շիտակ կրօնքը բնորոշել։ Դուն ի՞նչպէս կրնաս որոշել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուս մեզի ըսաւ ի՛նչպէս իր ճշմարիտ հետեւորդները բնորոշել»։ Կարդա Յովհաննու 13։35։ Նկատի առ Գիտութիւն գրքին 5–րդ գլուխին 18 եւ 19–րդ պարբերութիւնները։ Մատնանշէ որ գործածելով Սուրբ Գրային այս ուղեգծերը ու բաղդատութիւն ընելով, անհատ մը կրնայ ճշմարիտ կրօնքը ճանչնալ։ Պատմէ թէ ի՛նչպէս Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած են իրենց հարազատ սիրոյն եւ բարոյական բարձր չափանիշներուն համար։ Բացատրէ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, Գիտութիւն գիրքը գործածելով, Աստուծոյ ընդունած պաշտամունքը յստակօրէն պիտի բնորոշէ։
6 Եթէ ծնողի մը հանդիպիս, այս մօտեցումը կրնայ ազդեցիկ ըլլալ.
◼ «Ամէն օր պատանիներու անզուսպ վարմունքին մասին տեղեկագրութիւններ կը լսենք, որոնք կը թուի որ որեւէ բարոյական արժէք չունին։ Կարգ մը չափահասներ կ’ուզեն դպրոցական դրութիւնը յանցաւոր հանել, քանի որ երախաներուն չի սորվեցներ տարբերութիւնը շիտակին ու սխալին միջեւ։ Ո՞վ կը խորհիս որ այս մարզումը պէտք է հայթայթէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Աստուածաշունչին ըսածը այս հարցին շուրջ։ [Կարդա Եփեսացիս 6։4։] Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ որ զաւակներուն մէջ բարոյական արժէքներ քանդակելը ծնողքին պատասխանատուութիւնն է»։ Բաց Գիտութիւն գրքին 145–րդ էջը, կարդա 16–րդ պարբերութիւնը ու 147–րդ էջի պատկերներուն մասին մեկնաբանէ։ Բացատրէ որ գիրքը ծրագրուած է ամբողջ ընտանիքին կողմէ ուսումնասիրուելու համար։ Էջ 146–ի վրայ 17 եւ 18–րդ պարբերութիւնները գործածելով, առաջարկէ ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը ընտանիքներու հետ կը վարենք։
7 Եթէ առաջին հանդիպումին ուսումնասիրութիւն մը սկսար հետաքրքրուած ծնողի մը հետ, կրնաս վերայցելութեան զայն շարունակել, ըսելով.
◼ «Ներկայ աշխարհը շատ փորձութիւններ կը դնէ մեր պատանիներուն առջեւ։ Ասիկա շատ կը դժուարացնէ որ անոնք մինչ կը մեծնան աստուածավախ դառնան։ Թերեւս կը յիշես որ մեր անցեալ խօսակցութեան մէջ, երկու սկզբունքներ ցցուն ըրինք։ Որպէս բարեպաշտ ծնողներ, մեր զաւակներուն պէտք է ընտիր օրինակներ հանդիսանանք ու անոնց հանդէպ մեր սէրը յարատեւ արտայայտենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ուրիշ բան մըն ալ կայ զոր ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն հայթայթեն»։ Կարդա Առակաց 1։8։ Բաց Գիտութիւն գրքին 148–րդ էջը եւ ուսումնասիրութիւնը շարունակէ, ծածկելով 19–23–րդ պարբերութիւնները։ Առաջարկէ դարձեալ վերադառնալ ամբողջ ընտանիքին հետ ուսումնասիրելու համար, Ա. գլուխէն սկսելով։