«Հաւա՛տքը Լսելէն Է»
1 Երբ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատ մը գտնենք, անհրաժեշտ է որ իր լսածին հանդէպ իր հաւատքը ամրապնդենք։ (Գործք 13։48. Հռովմ. 10։17) Ասիկա իրագործելու համար, պարբերաթերթերը տեղաւորելէ ետք պէտք է վերադառնանք որպէսզի վերջին համարները տանք ու յաւելեալ խօսակցութիւն ընենք։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կրնանք բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ Սակայն, Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը ի մտի ունենանք։ Հետեւեալը կարգ մը թելադրութիւններ է, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ.
2 Երբ կը վերայցելես անհատ մը որուն հետ «Յաւիտենական Թագաւորը Փառաբանեցէ՛ք» յօդուածը նկատի առիր, կրնաս այս կերպով սկսիլ.
◼ «Վերջին անգամ երբ խօսեցանք, վերաքաղ ըրինք կարգ մը զօրաւոր ապացոյցներ, որոնք ամենակալ Աստուծոյ մը գոյութիւնը կը փաստեն։ Սակայն, միմիայն իր գոյութենէն տեղեակ ըլլալը բաւարար չէ։ Կարիքը ունինք իր անունը գիտնալու։ Երբ Աստուծոյ կ’աղօթես, ի՞նչ անուն կը գործածես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Միլիոնաւոր մարդիկ անոր պարզապէս ‘Տէր’ կամ ‘Աստուած’ կը կոչեն, որոնք տիտղոսներ են։ Ասկէ զատ, ան կ’ուզէ որ զինք իր անունով ճանչնանք։ [Կարդա Սաղմոս 83։18։] Աստուածաշունչը Եհովա Աստուծոյ մասին շատ աւելի բաներ կը պատմէ մեզի, ինչպէս այս գիրքը կը բացատրէ»։ Ցոյց տուր Գիտութիւն գրքին էջ 29–ի պատկերը ու կարդա անոր խորագիրը։ Գ. գլուխին առաջին երեք պարբերութիւնները նկատի առնելէ ետք, արդէն իսկ ուսումնասիրութիւն մը սկսած պիտի ըլլաս։
3 Եթէ անհատներու հետ նկատի առիր «Ինչո՛ւ Աշխարհային Կրօնքը Վերջ Պիտի Գտնէ» յօդուածը, թերեւս փափաքիս ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդել, ըսելով.
◼ «Յօդուածը կարդալէ ետք, թերեւս տպաւորուեցար այն իրողութեամբ որ բոլոր կրօնքները նոյն կերպով չենք կրնար նկատել։ Թէ՛ ճշմարիտ կրօնքը եւ թէ սուտ կրօնքը գոյութիւն ունին։ Ասիկա հետեւեալ տրամաբանական հարցումը կը յարուցանէ. Աստուած որո՞ւ պաշտամունքը կ’ընդունի։ Յիսուս ասոր պատասխանը հայթայթեց, եւ ասիկա աչքառու դարձուած է այս գրքին մէջ»։ Բաց Գիտութիւն գրքին Ե. գլուխը ու կարդա 4–րդ պարբերութիւնը, ի ներառեալ Յովհաննու 4։23, 24։ Ապա հարց տուր. «Կը փափաքի՞ս տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը ընդունիլ»։ Եթէ պատասխանը դրական է, բաց Ա. գլուխը եւ ուսումնասիրութիւնը սկսիր։
4 Եթէ 22 Ապրիլ «Զարթի՛ր»ին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած էր, երբ վերադառնաս, «Գիտութիւն» գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար կրնաս սա մօտեցումը փորձել.
◼ «Թերեւս կը յիշես մեր խօսակցութիւնը՝ վերջապէս պատերազմէ զերծ եղող աշխարհ մը տեսնելու մեր հեռանկարին մասին։ Դժուար է երեւակայել որ ատիկա իրապէս ի՛նչպիսի աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ Ահաւասիկ ինչպէ՛ս արուեստագէտ մը զայն նկարագրած է։ [Ցոյց տուր Գիտութիւն գրքին էջ 188–189–ի պատկերը։] Հաճելի պիտի չըլլա՞յ կարենալ այս շրջապատը վայելել։ [Բաց էջ 4–5, ցոյց տուր պատկերը եւ կարդա շրջագիծը։] Այս գրքին խորագիրը նման է Յովհաննու 17։3–ի Յիսուսի խօսքերուն։ [Կարդա։] Եթէ թոյլ տաս, կը փափաքիմ ցոյց տալ որ այս գիրքը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ Աստուածաշունչիդ հետ, այդ կենսապահ գիտութիւնը ձեռք ձգելու համար»։ Եթէ տանտէրը յօժար է, ուսումնասիրութիւնը սկսիր Ա. գլուխը նկատի առնելով։
5 Եթէ զբաղած անհատի մը հանդիպած էիր, երբ վերադառնաս, կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Վերջերս քեզ այցելեցի ու Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն օրինակներ քեզի ձգեցի։ Այս պարբերաթերթերը Աստուածաշունչի ու անոր բարոյական առաջնորդութեան հանդէպ յարգանք կը կերտեն։ Քանի որ կը խորհիմ որ կենսական է որ ամէն անհատ Աստուծոյ Խօսքը հասկնայ, վերադարձայ ցոյց տալու համար բան մը որ պիտի օգնէ քեզի այդ մէկը ընելու»։ Ցոյց տուր Գիտութիւն գիրքը եւ բաց բովանդակութեան ցանկը 3–րդ էջին վրայ։ Հարցուր թէ ո՛ր գլուխը զինք շատ կը հետաքրքրէ, բաց այդ գլուխը եւ ուսումնասիրութիւնը սկսիր։
6 Մեր ուրախութիւնը մեծ պիտի ըլլայ եթէ կարենանք ‘ուրիշներուն հաւատքի դուռ բանալ’, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Գործք 14։26. Յովհ. 17։3