Ուրիշներու Օգնենք Որ Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Ձեռք Ձգեն
1 Պօղոս առաքեալ նշեց որ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ . . . ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներու օգնել որ այդ գիտութիւնը ստանան։ Կերպերէն մէկն է վերայցելել այն անհատները որոնց հետաքրքրութիւնը արթնցաւ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին շնորհիւ։ Այս գրականութիւնը յստակ, պարզ ու լաւ–ընտրուած բառերով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ։ Զայն ուսումնասիրելով, ամէն տեսակ մարդիկ կրնան կեանքի առաջնորդուիլ։ Ի՞նչ ըսելով կրնանք ուրիշները քաջալերել որ գիրքը մեր հետ ուսումնասիրեն։
2 Աստուածաշունչը գործնական առաջնորդ մը ըլլալուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն կրնաս վերադառնալ ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու նպատակաւ, թերեւս ըսելով.
◼ «Երբ քեզ այցելեցի, նկատի առինք թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ որպէս առաջնորդութեան գործնական աղբիւր մը։ Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալով, Աստուածաշունչը նաեւ մխիթարութեան ու յոյսի վստահելի աղբիւր մըն է, ինչպէս Քրիստոսի առաքեալներէն մէկը ըսաւ։ [Կարդա Հռովմայեցիս 15։4։] Մեր անցեալ խօսակցութեան աւարտին, հետեւեալ հարցումը յարուցանեցի. Աստուածաշունչին բովանդակած գիտութենէն ի՞նչպէս կրնանք անհատապէս օգտուիլ»։ Կարդա Գիտութիւն գրքին 11–րդ էջին 18–րդ պարբերութիւնը։ Մատնանշէ որ Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ շուրջ հինգ միլիոն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, ամէնուրեք մարդոց օգնելով որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Հակիրճօրէն ցուցադրէ ուսումնասիրութիւն մը վարելու կերպը, գործածելով գլուխ Ա.–ին առաջին հինգ պարբերութիւնները։
3 Եթէ նախապէս անհատի մը հետ աղօթքի նիւթին մասին խօսեցար, ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով կրնաս հետեւեալ մօտեցումը փորձել.
◼ «Յուսամ հաճոյք առիր Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքէն աղօթքի նիւթին շուրջ մեր նկատի առած տեղեկութիւններէն։ Խոստացայ վերադառնալ ու ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ աղօթողները, իրենց կարգին, կրնան անոր մտիկ ընել։ Նկատի առ ի՛նչ որ ըսուած է էջ 158–ին մէջ։ [Կարդա 18–րդ պարբերութիւնը։] Ուստի, Աստուածաշունչը անհատապէս ուսումնասիրելով, Աստուծոյ մեզի ըսելիքը մտիկ կ’ընենք։ Ասիկա ընելը մեզ աւելի կը մօտեցնէ իրեն ու կ’օգնէ մեզի որ ամէնօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք, որոնց նկատմամբ կ’աղօթենք։ Ուրախ պիտի ըլլամ քեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով»։ Եթէ անհատը յօժար է, Գիտութիւն գրքին առաջին գլուխը նկատի առ։
4 Եթէ ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար ուղղակի մեթոտը գործածեցիր, սկիզբի խօսակցութիւնը շարունակելու համար կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Քեզ դարձեալ այցելելու համար մասնաւոր ջանք թափեցի, քանի որ փափաքեցայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր ձրի յայտագրին նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ։ Քեզի ձգեցի Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, որ ուսումնասիրութեան մեր գործածած օժանդակն է։ Տես ի՛նչպէս անիկա կը քաջալերէ մեզ որ Աստուծոյ Խօսքը նկատի առնենք։ [Կարդա 22–րդ էջին 23–րդ պարբերութիւնը։] Կը խնդրեմ որ գիրքդ բերես, թերեւս կարենանք ուսումնասիրութիւնը շարունակել այն տեղէն ուր անցեալ անգամ կեցանք»։ Եթէ առաջին հանդիպումին ուսումնասիրութիւն մը չհաստատուեցաւ, կրնաս ըսել. «Թերեւս ասիկա յարմար ժամանակ մըն է որ քեզի ցոյց տամ ի՛նչպէս Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք»։ Մի քանի պարբերութիւններ նկատի առնելէ ետք, յաջորդ ուսումնասիրութեան համար հաստատ ժամանակ մը կարգադրէ։
5 Գիտութիւն գիրքը ազդու կերպով գործածելը մեզ կարող պիտի դարձնէ որ ուրիշներու օրհնութեան համար ճշգրիտ գիտութիւնը ամէնուրեք տարածենք։ (Առ. 15։7) Այս գիտութիւնը պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն ուրախութիւն պիտի բերէ եւ մղիչ ոյժ մը պիտի ըլլայ որ Եհովայի արդարութեան համաձայն ապրին ու վերջապէս յաւիտենական կեանքին հասնին։