Ճշմարիտ Աստուծոյ Գիտութիւնը Կեանքի Կ’առաջնորդէ
1 Իր Հօր աղօթելով, Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ»։ (Յովհ. 17։3) Ատիկա ի՜նչ ճոխ վարձատրութիւն մըն է։ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը գործածելով, կրնանք ուրիշներու օգնել որ սորվին ի՛նչ պէտք է ընեն յաւիտեան ապրելու համար։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Գիտութիւն գրքին հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ու զիրենք մղելու որ փափաքին զայն կարդալ։
2 Աստուածաշունչը որպէս առաջնորդութեան գործնական աղբիւր մը ցցուն ընող ներկայացում մը կրնաս գործածել, ըսելով.
◼ «Մեր դրացիներուն հետ նկատի կ’առնենք թէ առաջնորդութեան գործնական աղբիւր մը ո՛ւր կրնանք գտնել, կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Անցեալին շատեր նախ Աստուածաշունչին կը դիմէին խրատի համար։ Սակայն ներկայիս մարդոց կեցուածքը փոխուած է. շատեր Աստուածաշունչի նկատմամբ կասկածներ ունին, զայն մարդոց կողմէ գրուած գիրք մը սեպելով։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատ լաւ պատճառ կայ թէ ինչո՛ւ կրնայ ըսուիլ որ Աստուածաշունչը գործնական է մեր օրերուն համար։ [Կարդա Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։] Ներկայիս Աստուածաշունչի սկզբունքները կը կիրարկուին ճիշդ ինչպէս կը կիրարկուէին երբ Աստուած անոնց գրութիւնը ներշնչեց»։ Գիտութիւն գրքին 16–րդ էջը բաց ու հակիրճօրէն մեկնաբանէ Յիսուսի Լերան Քարոզին մէջ գտնուած գործնական առաջնորդութեան մասին։ Կարդա 11–րդ կամ 13–րդ պարբերութեան մէջբերումը։ Գիրքը ներկայացուր ու կարգադրէ վերադառնալ հետեւեալ հարցումին պատասխանելու համար. Աստուածաշունչին բովանդակած գիտութենէն ի՞նչպէս կրնանք անհատապէս օգտուիլ։
3 Քանի որ շատեր կը հետաքրքրուին աղօթքի նիւթով, թերեւս կը փափաքիս զայն նկատի առնել, հարց տալով.
◼ «Ներկայիս մեր դիմագրաւած բոլոր դժուար խնդիրներուն ի տես, կը խորհի՞ս որ աղօթքը կրնայ իսկական օգնութիւն մը ըլլալ մեզի համար։ [Սպասէ որ պատասխանէ։] Շատեր կը խորհին որ աղօթքին շնորհիւ Աստուծոյ մօտեցած են եւ ներքին զօրութիւն ստացած են, ճիշդ ինչ որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ։ [Բաց Գիտութիւն գրքին 156–րդ էջը ու կարդա Փիլիպպեցիս 4։6, 7։] Բայց եւ այնպէս, անհատ մը կրնայ խորհիլ որ իր աղօթքները երբեմն անպատասխան կը մնան։ Այս գլուխը նկատի կ’առնէ ‘Ի՞նչպէս Կրնաք Աստուծոյ Մօտենալ’ նիւթը։ [Գիրքը ներկայացուր ու յիշէ համաշխարհային գործունէութեան ի նպաստ եղած նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։] Այս գլուխը նաեւ կը բացատրէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ մտիկ ընել, քանի որ իր հետ հաղորդակցիլը միակողմանի չէ։ Երբ յաջորդ անգամ գամ, ասոր մասին կը խօսակցինք»։
4 Ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար ուղղակի մեթոտ մը կը փափաքի՞ս փորձել։ Ահաւասիկ մօտեցում մը որ կրնայ յաջողիլ.
◼ «Մենք կ’առաջարկենք տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ձրի դասընթացք մը։ Ասկէ առաջ Աստուածաշունչը բնաւ ուսումնասիրա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մենք ուսումնասիրութեան այս օժանդակը կը գործածենք»։ Գիտութիւն գիրքը ցոյց տուր, 3–րդ էջը բաց այնպէս որ տանտէրը կարենայ բովանդակութեան ցանկը տեսնել, ապա հարցուր. «Երբեք հարց տուա՞ծ ես որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթերուն մասին»։ Բաց այն գլուխը որ տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը մեծապէս շարժեց ու կարդա ենթագլուխները։ Նշէ որ կը փափաքիս հակիրճօրէն ցոյց տալ ի՛նչպէս այս տեղեկութիւնները կը ծածկենք մեր ուսումնասիրութեան մէջ։ Ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի թէ ոչ, գիրքը տանտիրոջ ձգէ եթէ խոստանայ զայն կարդալ։
5 Ներկայիս բազմաթիւ մարդիկ ճշմարիտ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեան կ’ընդառաջեն։ (Եսայ. 2։2–4) Մեր առանձնաշնորհումն է կարելի եղածին չափ շատ անհատներու օգնել որ Եհովայի մասին սորվին ու կեանքի առաջնորդուին։—Ա. Տիմ. 2։4