1996–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Գ.
1 Պօղոս առաքեալ փափաքեցաւ որ իր եղբայրները իրեն համար աղօթեն, որպէսզի կարենար բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզել։ (Եփ. 6։18–20) Մենք կը փափաքինք միեւնոյն կարողութիւնը մշակել։ Ասիկա իրագործելու համար, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին հայթայթած օգնութիւնը կը գնահատենք, որու կրնան որակելի ժողով–յաճախողներ մասնակցիլ։
2 Որպէս աշակերտներ, մեր խօսելակերպը ու սորվեցնելու կարողութիւնները բարելաւելու համար անհատական խրատներ կը ստանանք։ (Առ. 9։9) Նաեւ կրնանք օգտուիլ միւս աշակերտներուն ստացած խրատներէն, մեր սորվածը կիրարկելով մեր անձերուն։ Երբ նշանակում մը կը պատրաստենք, պէտք է նիւթին աղբիւրը զգուշութեամբ ուսումնասիրենք, վստահ ըլլալու համար որ անոր մասին մեր տուած բացատրութիւնը ճշգրիտ է։ Մեր գործածած գլխաւոր կէտերը ու համարները ընդհանուր բնաբանին զարգացման պէտք է նպաստեն։ Եթէ նշանակումը ուրիշ անհատ մըն ալ կը պարփակէ, զայն դպրոցին մէջ ներկայացնելէ շատ առաջ պէտք է փորձ ընել։ Մինչ կը յառաջդիմենք, պէտք է ջանք թափենք որ ուրուագիծ մը գործածենք։
3 Դպրոցին մէջ նշանակում ունեցող բոլոր անհատները կանուխ պէտք է գան, իրենց Խրատական Թղթիկը դպրոցի տեսուչին տան ու սրահին առջեւի շարքերը նստին։ Քոյրերը առաջուընէ դպրոցի տեսուչին տեղեակ պէտք է պահեն որ իրենց ընտրած ցուցադրութիւնը ի՛նչ է եւ բաժինը՝ կայնած թէ նստած պիտի ներկայացնեն։ Այս կերպերով համագործակցիլը կը նպաստէ որ յայտագիրը խաղաղ ընթանայ ու ամպիոնին հոգ տանող անհատները ամէն բան կանխաւ պատրաստեն։
4 Թիւ 2 Դասախօսութիւնը Պատրաստել. Աստուածաշունչի ընթերցանութեան նպատակներէն մէկն է աշակերտին օգնել որ ընթերցելու կարողութիւնը բարելաւէ։ Ասիկա իրագործելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։ Նշանակուած նիւթը շատ անգամներ բարձրաձայն կարդալը ամենալաւ կերպն է զայն հմտօրէն ներկայացնելու համար։ Անծանօթ բառերու իմաստը սորվելու համար, աշակերտը բառարանի մը պէտք է դիմէ։
5 Լաւ նախապատրաստուիլը կ’օգնէ մեզի որ անծանօթ բառեր կամ արտայայտութիւններ կարդալու ատեն կմկմալէ խուսափինք, յարմար տեղերը շեշտ գործածենք ու մեր ընթերցումը խօսակցական թուի։ Ընթերցելու ատեն խանդավառ ըլլանք ու նիւթը ջերմութեամ ներկայացնենք, բառերուն նկարագրած զգացումները ցոլացնելով։ Բառերը յստակ արտասանենք, առանց ծամծմելու կամ աճապարելու։ Բայց լաւ չէ չափազանց բծախնդիր ըլլալ այնպէս որ ընթերցանութիւնը պատգամին արժէքէն նուազեցնէ։ Յարմար տեղերը պատշաճ շեշտ եւ դադար գործածելը կ’օգնէ ունկնդիրներուն որ հասկնան ինչ որ կը կարդացուի։ Իսկ ձայնի ելեւէջները պատճառ կ’ըլլան որ ընթերցումը կենսունակ խօսակցութեան մը նմանի։
6 Ծնողները իրենց փոքր զաւակներուն կրնան օգնել ընթերցանութեան նշանակումը պատրաստելու։ Անոնք կրնան զաւկին ընթերցանութիւնը մտիկ ընել, ապա օգտակար թելադրութիւններ տալ բարելաւման համար։ Նշանակումին յատկացուած ժամանակը թոյլ կու տայ հակիրճ բացում մը եւ յարմար եզրափակում մը ընելու, որ բանալի կէտերուն կիրարկումը աչքառու կը դարձնէ։ Այսպիսով աշակերտը ուրուագիծի գործածութեամբ խօսելու իր կարողութիւնը կը զարգացնէ։
7 Սաղմոսերգուն ջերմեռանդօրէն խնդրեց. «Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ»։ (Սաղմ. 51։15) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մեր բաժին բերելը թող օգնէ մեզի որ այս նոյն փափաքին գոհացում տանք։