«Ամէն Օր» Եհովան Օրհնենք
1 Սաղմոս 145։2–ը կը բովանդակէ Դաւիթ Թագաւորին ըրած մէկ խոստումը Եհովայի. «Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ»։ Մենք ալ մեր երկնաւոր Հայրը օրհնելու ու փառաբանելու պատճառ ունինք։ Սակայն, «ամէն օր» Եհովայի գերիշխանութիւնը մեծարելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք Դաւիթի օրինակին հետեւիլ։
2 Մեր Սրտերուն մէջ Եհովայի Հանդէպ Խոր Գնահատանք Մշակենք. Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի անցեալին ըրած, ներկայիս ի՛նչ որ կ’ընէ ու ապագային ընելիք բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնենք։ Մինչ իր սքանչելի արարքները երթալով աւելի կը գնահատենք, պիտի մղուինք իր բարութեան մասին եռանդով խօսելու։ (Սաղմ. 145։7) Ամէն յարմար առիթով, անձկագին Եհովան պիտի փառաբանենք։
3 Ամէնօրեայ Խօսակցութեան մէջ Եհովան Փառաբանենք. Երբ կը խօսակցինք դրացիներու, դասընկերներու, աշխատակիցներու եւ ուրիշներու հետ որոնց օրական կը հանդիպինք, թերեւս պատեհութիւններ գտնենք մեր յոյսը անոնց հետ բաժնելու։ Դրացի մը՝ համայնքին մէջ ոճիրի նկատմամբ կրնայ մտահոգութիւն յայտնել. դասընկեր մը՝ թմրեցուցիչի սխալ գործածութեան կամ անբարոյութեան նկատմամբ կրնայ մտահոգ ըլլալ. գործակից մը՝ քաղաքական հարցի մը շուրջ կրնայ կարծիք մը յայտնել։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող սկզբունքներուն ու խոստումներուն կրնանք մատնանշել, որոնք ցոյց կու տան ներկայիս հետեւելիք պատշաճ ընթացքը ու այս խնդիրներուն վերջնական լուծումը։ «Ճիշդ ժամուն» ըսուած այսպիսի խօսքեր կրնան օրհնութիւն մը ըլլալ։—Առ. 15։23
4 Եհովայի Մասին Լիաժամ Խօսինք. Եհովայի հանդէպ խոր գնահատանք ունեցող անհատ մը կը փափաքի բարի լուրը բաժնել կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հետ։ (Սաղմ. 40։8–10) Ասոր նկատմամբ մեր անձերուն պէտք է հարց տանք. ‘Իմ պարագաներուս թոյլ տուած չափով կ’ընե՞մ’։ Կարգ մը տրամաբանական վերաճշդումներ ընելով, շատեր կանոնաւոր ռահվիրաներ եղած են։ Եթէ ներկայ պարագաները չեն օգներ որ կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլանք, կրնա՞նք օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ։ Քանի որ Յիշատակատօնի շրջանը ընդլայնուած գործունէութեան ժամանակ մըն է, Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները մեր ծառայութիւնը աւելցնելու ընտիր ժամանակ մըն են, օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցելով։
5 Նորեկներուն Օգնենք որ Մեզի Հետ Եհովան Օրհնեն. Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելը միշտ մեզի կը յիշեցնէ Եհովայի շնորհակալ ըլլալու ու Իր անունը փառաբանելու պատճառները։ Ասիկա յատկապէս ընտիր ժամանակ մըն է Աստուածաշունչի մեր աշակերտները քաջալերելու որ մեզի հետ Եհովայի իշխանութեան մասին հրապարակաւ խօսին։ Զանոնք յորդորենք որ աղօթքով նկատի առնեն ինչ որ ըսուած է Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին մէջ, էջ 173–175, պարբերութիւն 7–9։ Եթէ որակելի են, անոնք պէտք չէ քարոզելէ ետ կենան պարզ անոր համար որ փորձառութեան պակասը ունին։ Ատակ հրատարակիչներ մատչելի են անոնց ցոյց տալու համար որ Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութիւնը ի՛նչպէս կը կատարուի։ Եթէ բարի լուրը խօսելու համարձակութիւն ձեռք ձգեն, նորեկները կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովա իրենց պիտի օգնէ։—Գործք 4։31. Ա. Թես. 2։2
6 Երբ ամէն օր Եհովան կ’օրհնենք, թէ՛ մեր անձերուն եւ թէ ուրիշներուն յաւիտենական օգուտներ կը բերենք։