Եհովա Խիստ Գովելի Է
Տէրունական Ընթրիքը Պիտի Տօնակատարուի Ապրիլ 16–ին
1 Մինչ 16 Ապրիլ 2003 թուականը կը մօտենայ, մեր ակնկալութիւնները կ’աւելնան։ Այդ գիշեր Յիսուսի մահը պիտի յիշատակենք, համայն աշխարհի մէջ մեր միլիոնաւոր հաւատակիցներուն հետ Եհովայի անունը փառաւորելով։ Փրկանքի հոյակապ կարգադրութեան համար, Եհովա մեր բոլոր գովաբանութեան արժանի է։ Անոր միջոցաւ, ան բոլոր հնազանդ մարդկութեան սքանչելի օրհնութիւններ պիտի շնորհէ։ Ամբողջ սրտով սաղմոսերգուին հետ կը բացագանչենք. «Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը»։—Սաղմ. 145։3
2 Ասիկա ժամանակ մըն է որ խոկանք Աստուծոյ բարութեան եւ Եհովայի երախտապարտ ըլլալու մասին, որ «իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք»։ (Ա. Յովհ. 4։9, 10) Հնազանդօրէն Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարելը մեր սրտին մէջ կը դրոշմէ որ ‘Տէրը ողորմած, գթած ու բազումողորմ է’։ (Սաղմ. 145։8) Արդարեւ, փրկանքը մարդկութեան հանդէպ Եհովայի սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնն է։ (Յովհ. 3։16) Երբ Աստուծոյ սիրոյն ու Յիսուսի հաւատարիմ եւ ուղղամիտ ընթացքին մասին խորհրդածենք, կը մղուինք Եհովան գովաբանելու։ Յաւիտեանս յաւիտենից զինք պիտի գովաբանենք իր անսահման սիրոյն համար, զոր արտայայտեց՝ յաւիտենական կեանքը մեզի համար կարելի դարձնելով։—Սաղմ. 145։1, 2
3 Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Եհովան Գովաբանեն. Աստուծոյ փրկանքի գերադրական պարգեւին հանդէպ գնահատութիւնը, մեզ կը մղէ ուրիշները հրաւիրելու որ Եհովան գովաբանելու մէջ մեզի միանան։ Սաղմոսերգուն ներշնչուեցաւ գրելու. «Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան»։ (Սաղմ. 145։7) Միայն անցեալ տարի, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեցին քարոզչութեան։ Անոնց ջանքերուն արդիւնքը ի՞նչ էր։ Ամէն շաբաթ, միջին հաշուով աւելի քան 5,100 հոգի մկրտուեցաւ, Եհովայի կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելով։ Նկատի ունենալով թէ Յիշատակատօնին 15,597,746 անհատներ ներկայ գտնուեցան, ի ներառեալ աւելի քան 9 միլիոն հոգի, որոնք տակաւին չեն սկսած Եհովան գովաբանել որպէս բարի լուրի հրատարակիչներ, յաւելումի շատ մեծ հնարաւորութիւն կայ։ Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, բարի լուրը քարոզելու եւ ուրիշներու սիրտը Եհովայի, իր Որդւոյն եւ Թագաւորութեան դարձնելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրանք։
4 Ուրիշները Տէրունական Ընթրիքը մեզի հետ տօնակատարելու հրաւիրելը, հոյակապ կերպ մըն է զանոնք քաջալերելու որ Եհովան պատուեն։ Ցանկ մը պատրաստա՞ծ էք թէ որո՛նք կ’ուզէք հրաւիրել եւ որո՛նց պէտք է յիշեցնէք օրն ու ժամը։ Ձեր ցանկին վրայ գտնուող բոլոր անհատները հրաւիրեցի՞ք։ Եթէ ոչ, ժրաջանօրէն զանոնք հրաւիրեցէք մնացեալ ժամանակի ընթացքին։ Անոնց օգնեցէք որ տօնակատարութեան նպատակը ըմբռնեն։ Յիշատակատօնի օրը, այցելուները դիմաւորելու պատրաստ եղէք։ Անոնց բարի գալուստ մաղթեցէք, զանոնք ուրիշներու ծանօթացուցէք եւ զիրենք գովեցէք իրենց ներկայ գտնուելուն համար։
5 Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը կրնայ նորեկները մղել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Յետ–ջղացնցումի ճնշուածութենէ տառապող Աստուածաշունչի աշակերտ մը, որուն պատճառաւ շատ կը դժուարանար խումբի մը մէջ գտնուիլ, Յիշատակատօնին եկաւ։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ կը խորհէր ժողովին մասին, ան ըսաւ. «Անիկա շատ սուրբ գիշեր մըն էր, եւ ես ներկայ գտնուեցայ»։ Անկէ ի վեր, ան սկսաւ ժողովներու յաճախել։
6 Յիշատակատօնէն Ետք. Ի՞նչ կարելի է ընել հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար որ Եհովան գովաբանողներ ըլլան։ Երէցները Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող նորեկներուն ուշադրութիւն պիտի ընծայեն, եւ կարգադրութիւններ պիտի ընեն որ որակելի հրատարակիչներ շուտով անոնց այցելեն, իրենց սորված ու տեսած թարմացուցիչ բաները վերաքաղ ընելու համար։ Ոմանք կրնան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։ Զանոնք պէտք է հրաւիրենք որ շաբաթական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուին, քանի որ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը կրնայ անոնց Աստուածաշունչի գիտութիւնը աւելցնել։
7 Կարգադրութիւններ կ’ըլլան որ բոլոր անկանոն ու անգործունեայ անհատներուն քաջալերութիւն տրուի որ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Եթէ երէցները ձեզմէ խնդրեն որ անգործունեայ անհատի մը օգնէք որ դաշտի ծառայութեան վերսկսի, ընդառաջելու պատրաստ եղէք։ Մեր եղբայրներուն հանդէպ այսպիսի սիրալիր հոգածութիւն ցուցաբերելը, Պօղոս առաքեալի յորդորին հետ ներդաշնակ է. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։—Գաղ. 6։10
8 Թող որ բոլորս մասնայատուկ ջանք թափենք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու համար՝ Ապրիլ 16–ին։ Չենք ուզեր Եհովան գովաբանելու այս ամենասուրբ առիթը փախցնել։ Այո, հիմա եւ յաւիտեան, թող որ Եհովան գովաբանենք իր մեծ գործերուն համար։—Սաղմ. 145։21