Ուրիշներուն օգնէ՛ որ փրկանքէն օգտուին
Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 12–ին
1. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով Աստուծոյ ծառաները փրկանքին հանդէպ իրենց գնահատանքը կը յայտնեն։
1 «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար»։ (Բ. Կորն. 9։15) Այս խօսքերը լաւ կերպով կ’արտայայտեն ինչ որ կը զգանք Աստուծոյ բարութեան եւ հաւատարիմ սիրոյն հանդէպ, որ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով իր ժողովուրդին կը ցուցաբերէ։ Այս գնահատանքը յատկապէս բացայայտ պիտի ըլլայ Ապրիլ 12–ին, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնելով։
2. Եհովայի ծառաներուն հետ որո՞նք Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին, իսկ փրկանքէն օգտուելու համար անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։
2 Ամէն տարի, Եհովայի ծառաներուն հետ շուրջ տասը միլիոն հոգի ներկայ կը գտնուի Յիշատակատօնին, Քրիստոսի զոհագործութեան հանդէպ որոշ գնահատութիւն ցուցաբերելով։ Սակայն փրկանքէն օգտուելու համար, անոնք հաւատք պէտք է ընծայեն անոր։ (Յովհ. 3։16, 36) Ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ այսպիսի հաւատք մշակեն։ Այս Յիշատակատօնի շրջանին, կրնանք զիրենք քաջալերել որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն եւ ժողովքի շաբաթական հանդիպումներուն ներկայ գտնուին։ Նկատի առ հետեւեալ թելադրութիւնները։
3. Յիշատակատօնի հրաւիրելու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ. Երբ հետաքրքրուած անհատներ կը հրաւիրես Յիշատակատօնի, ինչո՞ւ չփորձես Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ անոնց հետ։ Ջանա՛ Յիշատակատօնի մասին բացատրութիւն մը տալ անհատին, բանալով էջ 206-208 եւ նկատի առնելով «Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը» նիւթը։ Կրնաս այդ տեղեկութիւնները քննարկել մէկ կամ երկու այցելութեամբ, թերեւս որպէս դրան առջեւ վարուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն։ Այդ նիւթը ամբողջացնելէ ետք, թերեւս անհատը յօժարի 5–րդ գլուխը նկատի առնել՝ «Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը»։ Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը հաստատուի, գիրքին առաջին չորս գլուխները նկատի առ։
4. Այս Յիշատակատօնի շրջանին, որո՞նց հետ կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
4 Որո՞նց հետ կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, այս մօտեցումը գործածելով։ Թերեւս գործընկերներէդ, դպրոցակիցներէդ կամ դրացիներէդ ոմանք համաձայնին ուսումնասիրել։ Եղբայրները կրնան ժողովքի քոյրերուն անհաւատ ամուսիններուն հետ հաղորդակցիլ։ Եւ մի՛ անտեսեր Վկայ չեղող ազգականներդ։ Ասկէ զատ, մասնաւոր ջանք թափենք Յիշատակատօնի հրաւիրելու զանոնք, որոնք ատեն մը ժողովքին գործունեայ մէկ անդամն էին։ (Ղուկ. 15։3-7) Թող օգնենք բոլոր այսպիսի անհատներու որ փրկանքէն օգտուին։
5. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտները եւ հետաքրքրուած անհատները քաջալերել որ ժողովքի շաբաթական հանդիպումներուն ներկայ գտնուին։
5 Ժողովքային հանդիպումներ. Յիշատակատօնը առաջին ժողովն է, որուն ներկայ կը գտնուին Աստուածաշունչի աշակերտներէն եւ հետաքրքրուած անհատներէն շատեր։ Սակայն ի՞նչպէս կրնանք զանոնք քաջալերել որ մեր միւս ժողովներէն ալ օգտուին։ Ապրիլ 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8, հետեւեալ թելադրութիւնները տուաւ. «Յաջորդ հանրային դասախօսութեան բնաբանը յիշէ։ Անոր ցոյց տուր Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան եւ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան նկատի առնուելիք նիւթերը։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը եւ Ծառայութեան Ժողովը նկարագրէ։ Թերեւս կրնաս դպրոցական բաժինդ անոր հետ փորձ ընել։ Անոր հաղորդէ ժողովներուն մէջ ներկայացուած ուշագրաւ կէտերը։ Մեր հրատարակութիւններուն բովանդակած լուսանկարները օգտագործէ։ Առաջին ուսումնասիրութենէն իսկ զինք հրաւիրէ որ ժողովներուն ներկայ գտնուի»։
6. Ի՞նչ երկու կերպերով կրնանք պարկեշտամիտ անհատներուն օգնել որ փրկանքէն օգտուին։
6 Երբ պարկեշտամիտ անհատներ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտեն ու ժողովներուն ներկայ գտնուին, յաճախ արագօրէն հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Հետեւաբար, թող ուրիշները քաջալերենք որ այս հոգեւոր կարգադրութիւնները օգտագործեն ու Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւէն՝ փրկանքէն օգտուին։