Ցո՛յց տանք մեր երախտագիտութիւնը
Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 17–ին
1. Սաղմոսերգուին ո՞ր զգացումը տեղին է յատկապէս Յիշատակատօնի շրջանին ընթացքին։
1 Եհովայի բազմաթիւ ողորմած եւ ազատարար արարքները սաղմոսերգուն մղեցին որ հարցնէ. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (Սաղ. 116։12)։ Ներկայիս՝ Աստուծոյ ծառաները ա՛լ աւելի պատճառներ ունին երախտագէտ ըլլալու։ Այդ ներշնչեալ խօսքերը արձանագրուելէն դարեր ետք, Եհովա մարդկութեան տուաւ մեծագոյն պարգեւը՝ փրկանքը։ Մինչ կը նախապատրաստուինք ապրիլ 17–ին Քրիստոսի մահը յիշատակելու, վաւերական պատճառ ունինք շնորհապարտ ըլլալու (Կող. 3։15)։
2. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով փրկանքը կը գնահատենք։
2 Փրկանքին օրհնութիւնները։ Փրկանքին միջոցով՝ կրնանք «մեղքի թողութիւն» ստանալ (Կող. 1։13, 14)։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ մաքուր խղճմտանքով Եհովան պաշտենք (Եբ. 9։13, 14)։ Կրնանք Եհովայի հետ խօսելու համարձակութիւն ունենալ, երբ իրեն կ’աղօթենք (Եբ. 4։14-16)։ Իսկ անոնք որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն, յաւիտենական կեանքի հոյակապ հեռանկարը ունին (Յովհ. 3։16)։
3. Փրկանքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցոյց տալ։
3 Երախտագիտութիւն ցուցաբերէ։ Մեր խոր երախտագիտութիւնը ցոյց տալու մէկ կերպն է՝ Յիշատակատօնին համար Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ամէն օր նկատի առնել եւ անոր վրայ խոկալ։ Դիտարան–ի 1 փետրուար 2011 թիւին մէջ (անգլերէն) լոյս տեսած յօդուածը՝ «Տարուան կարեւորագոյն օրուան համար նախապատրաստուա՞ծ ես», ծրագրուած էր մեզի օգնելու որ ասիկա ընենք։ Նաեւ, ջերմեռանդ աղօթքով կրնանք Եհովային ըսել, որ փրկանքը ո՜րքան կ’արժեւորենք (Ա. Թես. 5։17, 18)։ Յիսուսի պատուէրին հնազանդելով Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը, մեր շնորհակալ ըլլալը ցոյց կու տայ (Ա. Կոր. 11։24, 25)։ Ասկէ զատ, կրնանք Եհովայի անհուն սէրը ընդօրինակել եւ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ հրաւիրել, որ մեզի հետ ներկայ գտնուին (Եսա. 55։1-3)։
4. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր վճռականութիւնը։
4 Եհովայի երախտագէտ ծառաները Յիշատակատօնը պիտի չնկատեն պարզապէս այլ ժողով մը։ Ատիկա տարուան կարեւորագո՛յն ժողովն է։ Մինչ Յիշատակատօնը կը մօտենայ, թող մեր վճռականութիւնը սաղմոսերգուին վճռականութեան պէս ըլլայ, որ գրեց. «Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար» (Սաղ. 103։2)։