Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւին համար երախտագիտութիւն յայտնել
1. Ինչո՞ւ յատկապէս երախտապարտ ենք Եհովայի։
1 Եհովա բազմաթիւ ‘բարի պարգեւներ’ շնորհած է, իսկ մեծագոյնը՝ իր սիրելի Որդիին հայթայթած փրկանքն է (Յակ. 1։17)։ Անիկա բազմաթիւ օրհնութիւններ կարելի կը դարձնէ, ի ներառեալ՝ մեր մեղքերուն ներումը, որուն համար միշտ երախտապարտ ենք (Եփ. 1։7)։ Յիշատակատօնի շրջանին, յատկապէս ժամանակ կը տրամադրենք այս թանկարժէք պարգեւին մասին խոկալու։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք փրկանքին հանդէպ գնահատութիւն կերտել մեր եւ մեր ընտանիքին մէջ։
2 Գնահատութիւն կերտէ։ 30 մարտին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, ընտանիքիդ գնահատութիւնը կերտելու համար, Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոները ինչո՞ւ չօգտագործես փրկանքի շուրջ տեղեկութիւններ նկատի առնելու համար։ Նաեւ ամէն օր ընտանեօք նկատի առէք Յիշատակատօնին վերաբերող Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը։ Անհատապէս խորհրդածէ թէ փրկանքը քեզի ինչպէ՛ս օգտած է, եւ Եհովայի, անձիդ, ուրիշներու եւ ապագայի նկատմամբ տեսակէտիդ ինչպէ՛ս ազդած է։ Նաեւ օգտակար պիտի գտնես Յիշատակատօնին գործածուելիք երկու երգերը փորձ ընել (Սաղ. 77։12)։
3. Մեր երախտագիտութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք արտայայտել։
3 Երախտագիտութեան արտայայտութիւններ։ Փրկանքը գնահատելը մեզ կը մղէ ուրիշներուն խօսելու Եհովայի եւ իր մեծ սիրոյն մասին, որ իր Որդին ղրկելով դրսեւորուեցաւ (Սաղ. 145։2-7)։ Մարտ, ապրիլ ու մայիս ամիսներուն, կարգ մը ընտանիքներ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն, առնուազն ընտանիքին մէկ անդամը օժանդակ ռահվիրայ ըլլալով։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, կրնա՞ս ‘ժամանակը ծախու առնել’, որպէսզի ծառայութեան մէջ մասնակցութիւնդ աւելցնես (Եփ. 5։16)։ Երախտագիտութիւնը նաեւ մեզ պիտի մղէ ուրիշներուն օգնելու, որ մեզի հետ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին (Յայտ. 22։17)։ Սկսէ ցանկ մը պատրաստել վերայցելութիւններուդ, Աստուածաշունչի աշակերտներուդ, ազգականներուդ, գործակիցներուդ եւ դրացիներուդ անուններով, զիրենք հրաւիրելու համար, ապա Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ներկայացնելու մասնայատուկ արշաւին մէջ լիակատար բաժին բեր։
4. Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիշատակատօնի շրջանը խոհեմօրէն գործածել։
4 Յիշատակատօնի շրջանը նոր պատեհութիւններ կու տայ, որ Եհովայի ցոյց տանք թէ մարդկութեան շնորհած իր պարգեւը ո՜րքան կը գնահատենք։ Այս ժամանակը գործածենք, փրկանքին եւ ‘Քրիստոսին անքննելի ճոխութեան’ համար մեր երախտագիտութիւնը կերտելու եւ արտայայտելու (Եփ. 3։8)։