Պատեհութիւնը պիտի օգտագործե՞ս
Յիշատակատօնին երախտապարտութիւն ցուցաբերենք
1. Յիշատակատօնը ի՞նչ իւրայատուկ պատեհութիւն կու տայ։
1 Ապրիլ 14–ի Յիշատակատօնը Եհովայի բարութեան հանդէպ երախտապարտութիւն մշակելու եւ ցուցաբերելու իւրայատուկ պատեհութիւն մըն է։ Ղուկաս 17։11-18–ի մէջ նշուած դէպքը երախտագէտ գտնուելու նկատմամբ Եհովային եւ Յիսուսին տեսակէտը ցոյց կու տայ։ Ցաւօք սրտի, 10 բուժուած բորոտներէն միայն մէկ հոգի պատեհութիւնը օգտագործեց շնորհակալութիւն յայտնելու։ Ապագային, փրկանքի պարգեւը բոլո՛ր հիւանդութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ յաւիտենական կեանքը իսկական պիտի դարձնէ։ Անկասկած, այդ ատեն այսպիսի օրհնութիւններու համար Եհովային ամէն օր շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք գալիք շաբաթներուն ընթացքին երախտապարտութիւն ցուցաբերել։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք փրկանքին համար երախտապարտ ըլլալ։
2 Երախտապարտ ըլլանք։ Երախտապարտութեան զգացումը մտքէն կը բխի։ Յիշատակատօնին համար՝ մասնայատուկ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագիր մը պատրաստուած է, մեզի օգնելու որ փրկանքը աւելի գնահատենք։ Կրնանք զայն զանազան տեղեր գտնել, ինչպէս՝ վերստուգուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան Բ12 յաւելուածին մէջ, օրացոյցին մէջ եւ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ։ Այս ընթերցանութեան յայտագիրը ինչո՞ւ ընտանեօք նկատի չառնէք։ Ասիկա ընելը փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնէ։ Ինչ որ իր կարգին դրականօրէն պիտի ազդէ մեր վարքին (Բ. Կոր. 5։14, 15. Ա. Յովհ. 4։11)։
3. Յիշատակատօնին շրջանին, ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր երախտապարտութիւնը ցոյց տալ։
3 Երախտապարտութիւն ցուցաբերենք։ Գործերով ցոյց կու տանք թէ երախտապարտ ենք (Կող. 3։15)։ Երախտապարտ բորոտը ջանք թափեց Յիսուսը գտնելու եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնելու։ Անկասկած, ան նաեւ խանդավառութեամբ ուրիշներուն պատմեց իր հրաշալի բուժումին մասին (Ղուկ. 6։45)։ Փրկանքին հանդէպ մեր երախտապարտութիւնը մեզ պիտի մղէ՞ որ նախանձախնդրութեամբ մասնակցինք Յիշատակատօնը ծանուցանելու արշաւին։ Յիշատակատօնի շրջանին, օժանդակ ռահվիրայութիւնը կամ ծառայութեան մէջ մեր բաժինը աւելցնելը ուրիշ լաւ կերպ մըն է երախտագիտութիւն ցուցաբերելու։ Յիշատակատօնի երեկոյեան, մեր երախտապարտ սիրտը մեզ պիտի մղէ, որ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք եւ իրենց ուղղած հարցումներուն սիրայօժար պատասխանենք։
4. Այս տարի ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի մահը առանց ափսոսանքի յիշատակել։
4 Արդեօք ասիկա վերջի՞ն Յիշատակատօնը պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 11։26)։ Չենք գիտեր։ Բայց եթէ այո՛, անկէ ետք այլեւս երախտագիտութիւն ցուցաբերելու այս իւրայատուկ պատեհութիւնը պիտի չունենանք։ Ուրեմն, պիտի օգտագործե՞ս զայն։ Թող որ մեր գնահատական խօսքերով եւ սրտին խորհուրդով հաճեցնենք Եհովան, որ առատաձեռնութեամբ փրկանքը հայթայթեց (Սաղ. 19։14)։