Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զս դաս 14 էջ 30-31
  • Թագաւորութիւն մը որ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութիւն մը որ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ
  • Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ բարեկամները դրախտին մէջ պիտի ապրին
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • «Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Զաւակներուդ սորվեցուր
զս դաս 14 էջ 30-31
Յիսուս Քրիստոս կը թագաւորէ դրախտային երկրին վրայ

ԴԱՍ 14

Թագաւորութիւն մը որ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ

Գիտե՞ս ո՛ր Թագաւորութեան մասին կը խօսինք։— Աստուծո՛յ Թագաւորութեան մասին։ Երբ այս Թագաւորութիւնը գայ, երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։ Կ’ուզե՞ս այս Թագաւորութեան մասին աւելի սորվիլ։—

Ամէն թագաւորութիւն թագաւոր մը ունի։ Եւ թագաւորը իր ժողովուրդին վրայ կ’իշխէ։ Գիտե՞ս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ո՛վ է։— Յիսուս Քրիստո՛ս։ Հիմա ան երկինքի մէջ Թագաւոր է։ Մօտ ատենէն, հոս երկրի վրա՛յ ալ Թագաւոր պիտի ըլլայ ամէն մարդու վրայ։ Ի՞նչ կ’ըսես. երբ Յիսուս ամբողջ երկրի վրայ Թագաւոր ըլլայ, մենք ուրախ պիտի ըլլա՞նք։—

Ի՞նչ կ’ուզես տեսնել Դրախտին մէջ

Այո, շա՜տ ուրախ պիտի ըլլանք։ Դրախտին մէջ, մարդիկ իրարու հետ պիտի չկռուին։ Ամէն մարդ իրար պիտի սիրէ։ Մէկը պիտի չհիւանդանայ եւ չմեռնի։ Կոյրը որ չի տեսներ՝ պիտի տեսնէ, խուլը որ չի լսեր՝ պիտի լսէ, եւ ան որ չի կրնար քալել՝ պիտի կրնայ վազել ու ցատկել։ Ամէն մարդ լեցուն ուտելիք պիտի ունենայ։ Կենդանիները իրարու հետ պիտի խաղան, մենք ալ իրենց հետ պիտի խաղանք։ Անոնք որ մեռած են, յարութիւն պիտի առնեն, այսինքն ե՛տ պիտի ապրին։ Այս գիրքին մէջ կարգ մը մարդոց եւ կիներու մասին սորվեցար։ Անոնցմէ շատեր երկրի վրայ ե՛տ պիտի ապրին, ինչպէս՝ Ռեբեկան, Ռախաբը, Դաւիթը եւ Եղիան։ Կ’ուզե՞ս իրենց տեսնել երբ յարութիւն առնեն։—

Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Եթէ միշտ Եհովային մասին սորվիս եւ միշտ իրեն հնազանդիս, գեղեցիկ դրախտի մը մէջ յաւիտեա՛ն պիտի ապրիս։ Կ’ուզե՞ս Դրախտին մէջ ապրիլ։—

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛

  • Եսայի 2։4. 11։6-9. 25։8. 33։24. 35։5, 6

  • Յովհաննէս 5։28, 29. 17։3

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

  • Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

  • Յիսուս որո՞նց վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ։

  • Ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ Յիսուս երկրի վրայ Թագաւոր ըլլայ։

  • Եթէ կ’ուզես Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ, ի՞նչ պէտք է ընես։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել