Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 2 մասեր 1-2
  • Իրարու հաւատարիմ եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրարու հաւատարիմ եղէք
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՐ
  • 2 ՍԻՐՏԴ ՊԱՀԷ
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Երկրորդ ամուսնութիւն մը ինչպէ՛ս յաջողցնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 2 մասեր 1-2
Ամուսին մը հովանոց բռնած է եւ ինքնաշարժին դուռը կը բանայ, որ իր կինը ներս մտնէ

Մաս 2

Իրարու հաւատարիմ եղէք

«Զայն որ աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ» (Մարկոս 10։9)

Եհովան մեզի կը պատուիրէ. «Անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք» (Մաղաքիա 2։16)։ Ասիկա մանաւանդ կարեւոր է ամուսնութեանդ մէջ, քանի որ եթէ հաւատարմութիւն չկայ, վստահութիւն չկայ։ Եւ վստահութիւնը կարեւոր է, որպէսզի սէրը աճի։

Ներկայիս, ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւնը վտանգի տակ է։ Ամուսնութիւնդ պաշտպանելու համար, պէտք է վճռես երկու բան ընել։

1 ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։ Ամուսնութիւնդ կեանքիդ կարեւորագոյն բաներէն մէկն է։ Ուստի կ’արժէ՛ անոր նախապատուութիւն տալ։

Եհովան կ’ուզէ որ կեդրոնանաս կողակիցիդ վրայ եւ միասնաբար ‘կեանքը վայելէք’ (Ժողովող 9։9)։ Ան յստակ կերպով կ’ըսէ թէ բնա՛ւ պէտք չէ անտեսես կողակիցդ. ընդհակառակը, պէտք է զիրար երջանկացնելու կերպեր փնտռէք (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Կողակիցդ թող զգայ որ իրեն պէտք ունիս եւ զինք կը գնահատես։

Ամուսին մը իր կնոջ խմելիք տաք բան մը կը բերէ. ամուսին մը տուն մտնելով կը տեսնէ որ իր կինը ճաշ կ’եփէ

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Վստահ եղիր որ կանոնաւորաբար միասին ժամանակ կ’անցընէք, ամբողջովին կողակիցիդ վրայ կեդրոնանալով

  • Երկուքի՛դ մտածումներն ու զգացումները հաշուի առ

Ամուսին մը եւ իր կինը միասնաբար ժամանակ կ’անցընեն բնութեան գիրկը

2 ՍԻՐՏԴ ՊԱՀԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատթէոս 5։28)։ Եթէ մէկը շարունակաբար անբարոյ բաներու մասին մտածէ, առումով մը իր կողակիցին հանդէպ անհաւատարիմ կը գտնուի։

Եհովան կ’ըսէ որ պէտք է ‘սիրտդ պահես’ (Առակաց 4։23. Երեմիա 17։9)։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է աչքերդ պահպանես (Մատթէոս 5։29, 30)։ Հետեւէ Յոբ նահապետի օրինակին, որ իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ որ ուրիշ կնոջ մը ցանկութեամբ չնայի (Յոբ 31։1)։ Վճռէ բնա՛ւ պոռնկագրութիւն չդիտել։ Կողակիցէդ զատ, ոեւէ մէկուն հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ մի՛ զարգացներ։

Գործատեղիին մէջ, ամուսին մը իր սեղանին վրայ իր կնոջ նկարը դրած է

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ուրիշներուն բացայայտ դարձուր որ ամբողջովին կողակիցիդ յանձնառու ես

  • Կողակիցիդ զգացումները հաշուի առ, եւ անմիջապէս վերջ դիր որեւէ փոխյարաբերութեան, որ կրնայ զինք անհանգստացնել

ՔՈՒ ԲԱԺԻՆԴ ԲԵՐ

Դուն քեզի հանդէպ անկեղծ գտնուէ եւ տկարութիւններդ բնորոշէ (Սաղմոս 15։2)։ Մի՛ ամչնար օգնութիւն խնդրելու (Առակաց 1։5)։ Եթէ անբարոյ մտածումներ կ’ունենաս, մի՛ վհատիր. շարունակէ՛ անոնց դէմ պայքարիլ (Առակաց 24։16)։ Եհովան պիտի օրհնէ կողակիցիդ հաւատարիմ մնալու ջանքերդ։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Ինչպէ՞ս կրնամ կողակիցիս աւելի՛ ժամանակ յատկացնել։

  • Կողակիցս լաւագոյն բարեկա՞մս է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել