Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 5 մասեր 1-2
  • Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒԴ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՏՇԱՃ ՏԵՍԱԿԷՏ ՈՒՆԵՑԻՐ
  • 2 ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԱՏԵՆ ՀԱՍՏԱՏ ԵՂԻՐ
  • Իրարու հաւատարիմ եղէք
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Կողակից մը ընտրելու համար աստուածային ուղղութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 5 մասեր 1-2
Կեսուր մը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ իր հարսին ճաշ եփելու կերպին հանդէպ

Մաս 5

Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել

«Ձեր վրայ հագէ՛ք. . . քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կողոսացիս 3։12)

Երբ զոյգը կ’ամուսնանայ, նոր ընտանիք մը կը կազմուի։ Թէեւ ծնողքդ միշտ պիտի սիրես ու յարգես, բայց հիմա կողակիցդ երկրի վրայ ամէնէն կարեւոր անձն է քեզի համար։ Կրնայ ըլլալ որ հարազատներէդ ոմանք դժուար գտնեն այս մէկը ընդունիլ։ Բայց Աստուածաշունչի սկզբունքները քեզի կրնան օգնել որ հաւասարակշռուած ըլլաս, որպէսզի կարենաս խաղաղութիւն պահպանել հարազատներուդ հետ, մինչ ժրաջանօրէն կը ջանաս կողակիցիդ հետ կապդ ամրապնդել։

1 ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒԴ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՏՇԱՃ ՏԵՍԱԿԷՏ ՈՒՆԵՑԻՐ

Զոյգ մը ծնողքին հետ ժամանակ կ’անցընէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Եփեսացիս 6։2)։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ տարիքդ, պէտք է միշտ ծնողքդ պատուես ու յարգես։ Ի մտի ունեցիր որ կողակիցդ ալ իր ծնողքին պէտք է իր ուշադրութիւնը տայ։ «Սէրը չի նախանձիր». ուստի անոնց միջեւ եղող փոխյարաբերութիւնը վտանգ մի՛ սեպեր (Ա. Կորնթացիս 13։4. Գաղատացիս 5։26)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ընդհանրացած խօսքեր մի՛ ըսեր, ինչպէս՝ «Ընտանիքդ միշտ զիս կ’արհամարհէ» կամ «Մայրդ բնաւ ըրածս չի հաւնիր»

  • Փորձէ հարցերը կողակիցիդ տեսանկիւնէն դիտել

2 ՊԷՏՔ ԵՂԱԾ ԱՏԵՆ ՀԱՍՏԱՏ ԵՂԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդոց 2։24)։ Երբ ամուսնանաս, ծնողքդ թերեւս խորհի որ տակաւին քեզի համար պատասխանատու է, եւ հաւանաբար ուզէ պէտք եղածէն աւելի միջամուխ ըլլալ ամուսնութեանդ։

Դուն եւ կողակիցդ պէտք է համաձայնիք, թէ որքանո՛վ կ’ուզէք որ անոնք միջամուխ ըլլան եւ ապա սիրալիրօրէն այս մէկը իրենց փոխանցէք։ Կրնաք այս հարցին շուրջ բացէ ի բաց խօսիլ, առանց կոշտ ու կոպիտ ըլլալու (Առակաց 15։1)։ Խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ երկայնմտութիւնը քեզի պիտի օգնեն հարազատներուդ հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն կերտելու եւ «սիրով իրարու ներողամիտ» ըլլալու (Եփեսացիս 4։2)։

Ամուսին մը եւ իր կինը կը խօսակցին. ամուսին մը եւ իր կինը ծնողքին նուէր կու տան

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Եթէ մտահոգուած ես որ հարազատներդ չափէ դուրս կեանքիդ կը խառնուին, խնդիրը կողակիցիդ հետ քննարկէ՝ երբ հանդարտ մթնոլորտ կը տիրէ

  • Համաձայնեցէք թէ հարցը ինչպէ՛ս ձեռք պիտի առնէք

ՓՈՐՁԷ ՀԱՍԿՆԱԼ

Կարեւոր է որ ծնողքիդ զգացումներն ու տեսակէտը հասկնաս։ Երբ կեանքիդ միջամուխ ըլլան, ասիկա չի նշանակեր որ անոնք կ’ուզեն քեզի վնաս հասցնել։ Անոնք քեզմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած են։ Ծնողքիդ համար շատ դժուար կրնայ ըլլալ քեզ եւ կողակիցդ անկախ ընտանիք մը նկատել։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք նոյնիսկ լքուած զգան։ Բայց Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելով եւ բաց հաղորդակցութիւն ունենալով, պիտի կարենաս մի՛շտ ծնողքդ պատուել, ամուսնութեանդ մէջ առանց զիջումներ ընելու։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Ինչո՞ւ բնական է որ կողակիցիս ծնողքը մեր ամուսնութեամբ հետաքրքրուած ըլլայ։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ կողակիցիս նախապատուութիւն տալ եւ միեւնոյն ժամանակ ծնողքիս հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել