ԴԱՍ 110
Յիսուսին վերջին օրը տաճարին մէջ
ՄԱՏԹԷՈՍ 23։25–24։2 ՄԱՐԿՈՍ 12։41–13։2 ՂՈՒԿԱՍ 21։1-6
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ
ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ
ԱՂՔԱՏ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՆ ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՄԱՅ ԿԸ ՁԳԷ
Յիսուս տաճարին մէջ է վերջին անգամ ըլլալով եւ կը շարունակէ դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը քօղազերծել, զանոնք բացէ ի բաց կոչելով կեղծաւորներ։ Ան պատկերաւոր արտայայտութիւններ կը գործածէ՝ ըսելով. «Գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ» (Մատթէոս 23։25, 26)։ Թէեւ փարիսեցիները բծախնդրօրէն հոգ կը տանին ծիսական մաքրութեան եւ իրենց արտաքին տեսքին, բայց ուշադրութիւն չեն դարձներ իրենց ներքին անձին եւ չեն մաքրեր իրենց այլաբանական սիրտը։
Անոնց կեղծաւորութիւնը նաեւ կ’երեւի այն բանէն, որ անոնք մարգարէներու համար գերեզմաններ կը շինեն եւ կը զարդարեն։ Մինչդեռ, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘անոնք զաւակներն են անոնց՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին’ (Մատթէոս 23։31)։ Եւ քանի՛ որ կը փորձեն Յիսուսը սպաննել, ցոյց կու տան որ ճիշդ իրենց հայրերուն պէս են (Յովհաննէս 5։18. 7։1, 25)։
Ետքը Յիսուս կ’ըսէ, թէ ի՛նչ կը սպասէ այս կրօնական առաջնորդներուն, եթէ չզղջան. «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն» (Մատթէոս 23։33)։ Գեհենը այն մօտակայ Ենովմի ձորն է, որ կը գործածուի աղբերը այրելու համար։ Անիկա յարմար կերպով կը խորհրդանշէ վերջնական բնաջնջումը, որ կը սպասէ այդ չար դպիրներուն ու փարիսեցիներուն։
Յիսուսի աշակերտները պիտի ըլլան «մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ»։ Անոնք ի՞նչ վերաբերմունքի պիտի հանդիպին։ Յիսուս իր խօսքը կրօնական առաջնորդներուն ուղղելով կ’ըսէ. «[Իմ աշակերտներէս] մէկ քանիները պիտի սպաննէք. . . մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ. . . Զաքարիային արիւնը, որ. . . սպաննեցիք»։ Ան կը զգուշացնէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ» (Մատթէոս 23։34-36)։ Յիսուսին այս խօսքերը կ’իրականանան Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմէական զօրքը կը կործանէ Երուսաղէմը եւ հարիւր հազարաւոր հրեաներ կը սպաննուին։
Այս վախնալիք կործանման մասին մտածելով՝ Յիսուս կը տառապի եւ խոր տխրութեամբ կ’ըսէ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոնք՝ որոնք իր խօսքերը կը լսեն, թերեւս հարց կու տան որ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ «տուն» բառով։ Արդեօք ան կ’ակնարկէ Երուսաղէմի փառաւոր տաճարի՞ն, որ այնպէս կ’երեւի թէ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունի։
Ետքը Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’» (Մատթէոս 23։39)։ Ան կը մէջբերէ Սաղմոս 118։26–ի մարգարէական խօսքը. «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն»։ Մարդիկ այսպէս պիտի արտայայտուին, բայց ոչ թէ աս բառացի տաճարին մէջ, քանի որ ատիկա պիտի կործանի։
Յիսուս հիմա կ’ուղղուի տաճարին այն մասը, ուր դրուած են գանձանակները։ Գանձանակները վերէն փոքր բացուածք մը ունին, ուրկէ մարդիկ կրնան նուիրատուութիւններ դնել։ Յիսուս կը տեսնէ հրեաներ նուիրատուութիւն կ’ընեն եւ հարուստները ‘շատ բան կը ձգեն’։ Ետքը կը տեսնէ աղքատ որբեւայրի մը ‘երկու լումայ կը ձգէ, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ’ (Մարկոս 12։41, 42)։ Անկասկած Յիսուս գիտէ թէ անոր նուիրատուութիւնը որքա՜ն հաճելի է Աստուծոյ։
Իր աշակերտները կանչելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը բացատրէ. «Ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը» (Մարկոս 12։43, 44)։ Այս որբեւայրին թէ՛ իր մտածելակերպով եւ թէ իր գործերով որքա՜ն տարբեր է կրօնական առաջնորդներէն։
Մինչ տակաւին նիսան 11–ն է, Յիսուս տաճարէն կ’ելլէ վերջին անգամ ըլլալով։ Իր աշակերտներէն մէկը իրեն կ’ըսէ. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր» (Մարկոս 13։1)։ Իրապէս տաճարի պատերուն կարգ մը քարերը շատ մեծ են, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն կու տայ որ այդ շինութիւնը ամուր եւ հաստատ է։ Անոր համար թերեւս Յիսուսին խօսքը տարօրինակ կը թուի. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի» (Մարկոս 13։2)։
Այս խօսքերը ըսելէ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները Կեդրոն հեղեղատը կը կտրեն եւ կը բարձրանան Ձիթենեաց լեռը։ Պահ մը, ան առանձին կը մնայ չորս առաքեալներու հետ. Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս։ Իրենց տեղէն կրնան տեսնել փառաւոր տաճարը։