Շաբաթը որ աշխարհը փոխեց
«Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 21։9
1. Ո՞ր երկու հակադիր խումբերը ազդուեցան անցեալ Օգոստոսի դէպքերէն։
«ԵՐԵՔ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻՑ ՕՐԵՐ ՈՐՈՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ՑՆՑԵՑԻՆ»։ Օգոստոս 1991–ին, մամուլի էջերուն վրայ այսպիսի խորագրեր շեշտ դրին այդ իրողութեան վրայ թէ քանի մը օրուան մէջ աշխարհը կրնայ տակնուվրայ ըլլալ։ Արդարեւ, Օգոստոսի վերջին օրերը իրադարձութիւններով լեցուն էին, ոչ միայն աշխարհի համար, այլ նաեւ՝ խմբակի մը համար, որու մասին Յիսուս ըսաւ. «[Անոնք] աշխարհէն չեն»։ Այս խմբակը ներկայիս կը ճանչցուի որպէս Եհովայի Վկաներ։—Յովհաննու 17։14
2, 3. (ա) Ազատութիւնը ինչպէ՞ս շեշտուեցաւ Զաղրէպի մէջ, հակառակ պատերազմի ամպերուն։ (բ) Օտեսայի մէջ զօրաւոր հաւատք ունենալը ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ։
2 Եուկոսլավիոյ մէջ, Եհովայի Վկաներու առաջին միջազգային համաժողովը ծրագրուած էր 16–18 Օգոստոսին։ Այնպէս պատահեցաւ որ Եհովայի ժողովուրդը իր առաջին մեծ համաժողովը ունենայ քաղաքացիական պատերազմի թեւակոխած ազգի մը մէջ։ Տեղւոյն Վկաները, դրացի երկիրներէն եկած կամաւորներուն հետ միասին, երկու ամիս աշխատած էին որպէսզի Զաղրէպի HAŠK Građanski ոտնագնդակի մարզաւանը ամբողջովին նորոգեն։ Անիկա, «Աստուածային Ազատութիւն Սիրողներ» Համաժողովին համար իտէալ, մաքուր ու կոկիկ վայր մը դարձած էր։ Շատ մը երկիրներէ հազարաւոր պատուիրակներ ծրագրած էին ներկայ գտնուիլ, ի միջի այլոց, 600 հոգի Միացեալ Նահանգներէն։ Երբ քաղաքացիական պատերազմի ամպերը կը պատէին, շշուկ մը տարածուեցաւ. «Ամերիկացիները բնաւ պիտի չգան»։ Բայց անոնք եկան, ուրիշ բազմաթիւ երկիրներէ եղող պատուիրակներ ալ։ Կ’ակընկալուէր 10,000 ներկաներ, սակայն վերջին օրը մարզաւանին մէջ կային 14,684 անհատներ։ Բոլորն ալ մեծապէս օրհնուեցան, քանի որ անոնք ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չէին թողած’։—Եբրայեցիս 10։25
3 Զաղրէպի համաժողովին յաջորդող երեք օրերու ընթացքին, Սովետական Միութեան մէջ ձախող պետական հարուած մը կատարուեցաւ։ Այդ ժամանակ, աստուածային ազատութիւն սիրողները, Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին վերջին պատրաստութիւնները կը կատարէին։ Արդեօք համաժողովը տեղի պիտի ունենա՞ր։ Եղբայրները, զօրաւոր հաւատքով մը, մարզաւանի մնացած վերջին նորոգութիւնները կ’ընէին, իսկ պատուիրակները կը շարունակէին հասնիլ։ Կարծէք թէ հրաշքով մը, Պետական հարուածը վերջ գտաւ։ Հաճելի համաժողով մը տեղի ունեցաւ 24 եւ 25 Օգոստոսին, 12,115 ներկաներով որոնց 16 տոկոսը՝ 1,943 հոգի մկրտուեցան։ Այս նոր Վկաները, տարիներ իրենց ուղղամտութիւնը պահողներուն հետ, ուրախացան որ իրենց ամբողջ վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնելով այդ համաժողովին եկած էին։—Առակաց 3։5, 6
4. Արեւելեան Եւրոպայի Վկաները Յիսուսի ձգած ո՞ր օրինակին հետեւեցան։
4 Այս հաւատարիմ Վկաները մեր Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին կը հետեւէին։ Ան բնաւ չանտեսեց Եհովայի կողմէ պատուիրուած տօներուն ներկայ գտնուիլը, նոյնիսկ երբ Հրեաները կը փորձէին զինք սպաննել։ Երբ Յիսուս իր վերջին Պասէքին համար Երուսաղէմ կ’ելլէր, անոնք տաճարին շուրջ կեցած հարց կու տային. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։ (Յովհաննու 11։56) Բայց ան եկաւ։ Ասիկա ճամբան պատրաստեց շաբաթի մը, որ իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր մարդկային պատմութեան ընթացքը փոխելով։ Արդ, այդ շաբթուան, այսինքն, Հրէական օրացոյցին վրայ Նիսան 8–14–ին ինկող շաբթուան կարգ մը աչքառու երեսակները վերաքաղ ընենք։
Նիսան 8
5. Երբ Յիսուս Հ.Դ. 33–ի Նիսան 8–ին Բեթանիա կ’երթար, ի՞նչ բանէն տեղեակ էր։
5 Այդ օրը, Յիսուս եւ իր աշակերտները Բեթանիա կ’երթան։ Հոն, Յիսուս վեց գիշեր իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսի տան մէջ պիտի անցնէ, որու վերջերս յարուցանեց։ Բեթանիան Երուսաղէմի մօտ կը գտնուի։ Յիսուս իր աշակերտներուն առանձին արդէն ըսած է. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ (Մատթէոս 20։18, 19) Յիսուս իրապէս գիտակից է որ տանջալի փորձութիւններ պէտք է դիմագրաւէ։ Ուստի, մինչ այդ գերագոյն փորձութեան ժամանակը կը մօտենայ, ան իր եղբայրներուն ծառայելու համար ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէ։ Թող որ մենք ալ միշտ ‘նոյն միտքը ունենանք որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր’։—Փիլիպպեցիս 2։1–5. Ա. Յովհաննու 3։16
Նիսան 9
6. Նիսան 9–ին երեկոյեան, Մարիամ ի՞նչ ըրաւ, եւ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ Յուդայի։
6 Արեւնամուտէն ետք, երբ Նիսան 9–ն կը սկսի, Յիսուս նախկին բորոտ Սիմոնի տունը ճաշ մը կ’ըմբոշխնէ։ Հոս է որ Ղազարոսի քոյրը՝ Մարիամ, Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն վրայ թանկագին անուշահոտ իւղ կը թափէ եւ խոնարհութեամբ անոր ոտքերը կը սրբէ իր մազերով։ Երբ Յուդա կ’առարկէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց»։ Լսելով որ շատ Հրեաներ Բեթանիա կ’երթան եւ Յիսուսի հաւատք կ’ընծայեն, Քահանայապետները կը դաւադրեն սպաննել զինք եւ Ղազարոսը։—Յովհաննու 12։1–7
7. Նիսան 9–ի առաւօտուն, Եհովայի անունը ինչպէ՞ս պատուուեցաւ, եւ Յիսուս ի՞նչ նախագուշակեց։
7 Առաւօտ կանուխ, Յիսուս ճամբայ կ’ելլէ դէպի Երուսաղէմ։ Ամբոխները արմաւենիի ոստեր առած զինք կը դիմաւորեն ու կ’աղաղակեն. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ Յիսուս այդ առիթով կը կատարէ Զաքարեայ 9։9–ի մարգարէութիւնը իշու մը վրայ նստած քաղաք մտնելով։ Երբ կը մօտենայ Երուսաղէմի, կու լայ անոր վրայ, նախագուշակելով որ Հռովմէացիները սրածայր ցիցերով պիտի շրջապատեն եւ վերջապէս պիտի բնաջնջեն զայն. մարգարէութիւն մը, որ ակնառու կատարում մը պիտի ունենայ 37 տարի ետք։ (Ասիկա ալ չարագուշակ է Քրիստոնեայ Աշխարհին համար, որ վաղեմի Երուսաղէմին նման հաւատուրաց դարձած է։) Հրեայ առաջնորդները կը մերժեն Յիսուսը որպէս իրենց թագաւորը։ Անոնք ցասումով կը բացականչեն. «Ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։—Յովհաննու 12։13, 19
Նիսան 10
8. Նիսան 10–ին, Յիսուս ինչպէ՞ս խոր յարգանք ցոյց տուաւ Եհովայի աղօթքի տանը հանդէպ, եւ անոր ի՞նչ յաջորդեց։
8 Յիսուս դարձեալ տաճարը կ’այցելէ։ Երկրորդ անգամ ըլլալով, ան տաճարէն կը վռնտէ ագահ վաճառականները եւ լումայափոխները։ Վաճառականութիւնը՝ «արծաթասիրութիւն»ը տեղ պէտք չէ՜ գրաւէ Եհովայի աղօթքի տանը մէջ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Յիսուս քիչ ետք պիտի մահանայ։ Ասիկա պատկերացնելու համար, ան ցանուած սերմի մը օրինակը կու տայ։ Ցանուած սերմը կը մեռնի, սակայն անիկա կը ծլի եւ շատ հունտեր ունեցող հասկ մը կ’արտադրէ։ Նոյն կերպով, Յիսուսի մահը յաւիտենական կեանք պիտի տայ իրեն հաւատք ընծայող շատերուն։ Իր մօտալուտ մահուան համար խռոված, Յիսուս կ’աղօթէ որ անով իր Հօրը անունը փառաւորուի։ Այդ պահուն, բոլոր ներկաներուն լսելի, Աստուծոյ ձայնը կ’որոտայ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։—Յովհաննու 12։27, 28
Նիսան 11. Գործունէութեան Օր մը
9. (ա) Նիսան 11–ին առաւօտ կանուխ, Յիսուս հաւատուրաց Հրեաները դատապարտելով ի՞նչպիսի առակներ գործածեց։ (բ) Յիսուսի առակին հետ զուգահեռ, ո՞վ հոյակապ առիթ մը կորսնցուց։
9 Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Բեթանիայէն կը մեկնին գործունէութեամբ լի օր մը ունենալու համար։ Յիսուս երեք առակներ կը գործածէ ցոյց տալու համար թէ հաւատուրաց Հրեաները ի՛նչու կը դատապարտուին։ Ճամբուն վրայ, ան կ’անիծէ անպտուղ թզենի մը, այսպիսով պատկերացնելով անհաւատ, անպտուղ Հրեայ ազգին դատապարտութիւնը։ Տաճար մտնելով, ան կը նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս իրենց տիրոջ այգիին անարժան մշակները վերջապէս կը սպաննեն նոյնիսկ անոր Որդին եւ ժառանգորդը՝ պատկերացնելով Հրեաներուն անվստահութիւնը Եհովայի հանդէպ, որ գագաթնակէտին պիտի հասնի Յիսուսը սպաննելով։ Ան կը նկարագրէ հարսանեկան խնճոյք մը, սարքուած թագաւորի մը՝ Եհովայի կողմէ, որու հրաւիրուած հիւրերը (Հրեաները) անձնասիրաբար պատրուակներ գտնելով ներկայ չեն գտնուիր։ Հետեւաբար, հրաւէրը դրսեցիներուն՝ հեթանոսներուն կը տրուի, որոնցմէ ոմանք կ’ընդունին զայն։ Բայց հարսանիքի հանդերձ չունեցող մարդ մը դուրս կը ձգուի։ Ան կը ներկայացնէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծ Քրիստոնեաները։ Յիսուսի օրերուն, շատ մը Հրեաներ հրաւիրուեցան, բայց ‘քիչեր ընտրուեցան’ երկնային Թագաւորութիւնը ժառանգող 144,000 կնքուածներէ ըլլալու համար։—Մատթէոս 22։14. Յայտնութիւն 7։4
10–12. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ դատապարտեց Հրեայ կղերները, եւ ի՞նչ աւերիչ կերպով բորբոքեցաւ այդ կեղծաւորներուն վրայ։ (բ) Դատաստանը վերջապէս ինչպէ՞ս գործադրուեցաւ հաւատուրաց Հրեաներուն վրայ։
10 Հրեայ կեղծաւոր կղերները առիթ կը փնտռեն Յիսուսը բռնելու, բայց ան ծուղակը ձգելու նպատակաւ անոնց ուղղած շատ մը հարցումներուն կը պատասխանէ, զանոնք շփոթեցնելով ժողովուրդին դիմաց։ Ո՜հ, Յիսուս առանց իր խօսքերը խնայելու կը յանդիմանէ այս դասալիք Հրեայ կրօնականները։ Անոնք կը տենչան կարկառուն ըլլալ, զատորոշիչ երեւոյթ ունենալ եւ բարձրահնչիւն տիտղոսներ կրել, ինչպէս «Ռաբբի» եւ «Հայր», մերօրեայ շատ մը կղերներու նման։ Յիսուս կու տայ հետեւեալ կանոնը. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։—Մատթէոս 23։12
11 Յիսուս աւերիչ կերպով կը բորբոքի կրօնական այս առաջնորդներուն վրայ։ Եօթը անգամ ան կը բացագանչէ. «Վա՜յ ձեզի», զանոնք կոչելով կոյր առաջնորդներ եւ կեղծաւորներ, իւրաքանչիւր անգամ պատճառն ալ տալով իր դատապարտութեան։ Անոնք երկնքի Թագաւորութեան մուտքը կը գոցեն։ Երբ նորահաւատ մը որսան, ան կրկին անգամ Գեհենի ենթակայ կը դառնայ, հաւանաբար իր նախկին մեծ մեղքերու կամ մոլեռանդութեան համար արդէն կործանումի արժանի ըլլալով։ «Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր», կ’ըսէ Յիսուս, քանի որ Փարիսեցիներուն հետաքրքրութիւնը աւելի տաճարին ոսկիին վրայ կը կեդրոնանայ քան թէ հոն մաքուր պաշտամունք պահելուն վրայ։ Անոնք իրաւունքը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կ’անտեսեն եւ անանուխին, սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարեն, բայց կ’անտեսեն Օրէնքին կարեւոր բաները։ Արարողական լուացումները բնաւ չեն կրնար մաքրել անոնց ներքին պղծութիւնը, միայն Յիսուսի մօտալուտ զոհագործութեան հաւատալով մաքրուած սրտով մը կարելի է ատիկա։ Անոնց ներքին կեղծաւորութիւնը եւ անօրէնութիւնը կը հերքեն որեւէ «ծեփած» կամ ճերմակ դրսերեւոյթ։—Մատթէոս 23։13–29
12 Այո, արդարեւ վա՜յ Փարիսեցիներուն որոնք իրապէս անցեալին ‘մարգարէները սպաննողներուն զաւակնե՜րն’ են։ Անոնք Գեհենի դատապարտուած օձեր, իժերու ծնունդներ են, քանի որ ոչ միայն Յիսուսը պիտի սպաննեն, այլ նաեւ՝ այն անհատները զորոնք ան պիտի ղրկէ։ Ասիկա դատաստան մըն է, որ «այս ազգին [սերունդին (ՆԱ)] վրայ» պիտի գայ։ Այս խօսքերը կատարուեցան 37 տարի ետք, Երուսաղէմի ամբողջական կործանումով։—Մատթէոս 23։30–36
13. Տաճարի նուիրատուութիւններու նկատմամբ Յիսուսի ակնարկութիւնները ներկայ ո՞ր վիճակներուն վրայ լոյս կը սփռեն։
13 Տաճարէն դուրս ելլելէ առաջ, Յիսուս կը գովէ տնանկ որբեւարի մը, որ գանձանակին մէջ երկու պզտիկ լումայ կը ձգէ՝ «իր բոլոր ունեցած ապրուստը»։ Ճիշդ հակառակը ագահ հարուստներուն որոնք միայն ձեւական նուիրատուութիւններ կը ձգեն։ Այդ տնանկ որբեւարիին նման, ներկայիս Եհովայի Վկաները երկրածաւալ Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելու եւ զայն ընդլայնելու համար իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթականը յօժարակամօրէն կը զոհեն։ Անոնք որքա՜ն տարբեր են հեռատեսիլի անբարոյ կղերներէն որոնք իրենց հօտերը կը կողոպտեն անձնական հսկայական հարստութիւն դիզելով։—Ղուկաս 20։45–21։4
Մինչ Նիսան 11–ը Իր Վախճանին կը Մօտենայ
14. Յիսուս ի՞նչ վիշտ յայտնեց, եւ ան իր աշակերտներուն յաւելեալ հարցումներուն ինչպէ՞ս պատասխանեց։
14 Յիսուս կու լայ Երուսաղէմի եւ անոր ժողովուրդին վրայ ու կ’ըսէ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ (Մատթէոս 23։37–39) Հետագային, երբ անոնք Ձիթենեաց լերան վրայ նստած են, Յիսուսի մտերիմ աշակերտները այս մասին կը հարցնեն, իսկ իր պատասխանով, Յիսուս կը նկարագրէ այն նշանը որ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութիւնը եւ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանը պիտի նշէ։—Մատթէոս 24։1–25։46. Մարկոս 13։1–37. Ղուկաս 21։5–36
15. Դատաստանի համար իր ներկայութեան մասին Յիսուս ի՞նչ նշան տուաւ, եւ անիկա երբէ՞ն ի վեր կը կատարուի։
15 Տաճարին վրայ Եհովայի մօտալուտ դատաստանին ակնարկելով, Յիսուս կը մատնանշէ որ ասիկա իրերու համայն դրութեան վախճանին ապագայ աղիտալի դէպքերու տիպն է։ Իր ներկայութեան ժամանակը պիտի նշուի աննախընթաց տարողութիւն ունեցող պատերազմներով, ինչպէս նաեւ սովերով, երկրաշարժներով եւ մահտարաժամներով, որոնց պիտի ընկերակցին սիրոյ երթալով պակսիլը եւ անօրէնութիւնը։ Այս բոլորը որքա՛ն ճշմարիտ եղած են մեր Ի. դարուն աշխարհին մէջ 1914–էն ի վեր։
16, 17. Յիսուս աշխարհի ի՞նչ վիճակներ նկարագրեց, եւ Քրիստոնեաները այս մարգարէութեան դիմաց ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն։
16 Այս վիճակը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի ‘մեծ նեղութեան մը’ մէջ, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ Քանի որ ասիկա Նոյի օրուան Ջրհեղեղին նման կործանարար պիտի ըլլայ, Յիսուս կ’ազդարարէ աշխարհային հետապնդումներով ծանրաբեռնուելու դէմ։ «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Տէրը նշանակած է օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը այս ազդարարութիւնը հնչեցնելու եւ հոգեւոր ճոխ կերակուր հայթայթելու, իր ներկայութեան այս օրուանը համար։—Մատթէոս 24։21, 42, 45–47
17 Մեր Ի. դարուն, տեսած ենք որ «երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ [կը տագնապին] եւ մարդոց սրտերը [կը նուաղին] իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ Բայց Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասնզի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ Նաեւ ան կը զգուշացնէ մեզ. «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի»։ Միայն արթուն մնալով կրնանք ընդունելի կերպով կայնիլ Յիսուսի՝ «Որդին մարդոյ» առջեւ, իր ներկայութեան ատեն։—Ղուկաս 21։25–28, 34–36
18. Տասը կոյսերու եւ տաղանդներու Յիսուսի առակներէն ի՞նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել։
18 Արդի օրերու դէպքերուն իր տիրական նախատեսումը եզրակացնելով, Յիսուս երեք առակներ կու տայ։ Նախ տասը կոյսերուն առակին մէջ, ան դարձեալ կը շեշտէ ‘արթուն կենալ’ու կարիքը։ Ապա, ծառաներուն եւ տաղանդներուն առակին մէջ, ան ցոյց կու տայ թէ ջանադրութիւնը կը վարձատրուի ‘Տիրոջ ուրախութեանը մէջ մտնել’ու հրաւէրով։ Այս առակներուն մէջ պատկերացուած օծեալ Քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ ուրիշ ոչխարները կրնան մեծապէս քաջալերուիլ այս պատկերացումներէն։—Մատթէոս 25։1–30
19, 20. Ոչխարներու եւ այծերու Յիսուսի առակին մէջ մերօրեայ ի՞նչ հաճելի յարաբերութիւն կը պարզուի։
19 Երրորդ առակը կ’ակնարկէ Թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի ներկայութեան իր երկնային փառաւոր աթոռին վրայ նստելու գալէն ետք։ Ժամանակ մըն է ազգերը դատելու եւ երկրի ժողովուրդները երկու խումբերու զատելու. մէկը ոչխարանման անհատներէ բաղկացած, իսկ միւսը՝ յամառ այծանման անհատներէ։ Ոչխարները կը ջանան թիկունք կանգնիլ Թագաւորին եղբայրներուն՝ օծեալ մնացորդին, որոնք աշխարհի վախճանին այս վերջին ժամանակին ընթացքին երկրի վրայ են։ Այս ոչխարները կը վարձատրուին կեանքով, մինչդեռ ապերախտ այծերը յաւիտենական կործանումի կ’երթան։—Մատթէոս 25։31–46
20 Իրերու դրութեան վախճանին ընթացքին, ի՜նչ հոյակապ յարաբերութիւն մը կը տեսնենք ուրիշ ոչխարներուն եւ Թագաւորին եղբայրներուն միջեւ։ Թէեւ օծեալ մնացորդին ուսերուն վրայ կը ծանրանայ Թագաւորին ներկայութեան սկսուելիք գործը, սակայն ներկայիս միլիոնաւոր նախանձախնդիր ուրիշ ոչխարներ երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաներուն 99.8 տոկոսը կը կազմեն։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք ալ, իրենց կարգին, կը հանդուրժեն ‘անօթութեան, ծարաւի, մերկութեան, հիւանդութեան եւ բանտարկութեան’, որպէս ուղղամտութիւն պահող օծեալներուն ընկերակիցները։a
Նիսան 12
21. Ի՞նչ բան յաջողելու վրայ է Նիսան 12–ին եւ ինչպէ՞ս։
21 Յիսուսը սպաննելու դաւը յաջողելու վրայ է։ Յուդա տաճար կ’երթայ քահանայապետներուն եւ անոնց հետ կը համաձայնի Յիսուսը մատնել 30 կտոր արծաթի փոխարէն։ Նոյնիսկ ասիկա մարգարէացուած էր։—Զաքարեայ 11։12
Նիսան 13
22. Ի՞նչ պատրաստութիւններ տեսնուեցան Նիսան 13–ին։
22 Յիսուս, որ Բեթանիա կը մնայ, հաւանաբար աղօթելու եւ խոկալու համար, իր աշակերտները Երուսաղէմ կը ղրկէ «այս ինչ մարդուն»։ Այս մարդուն տունը, մեծ վերնատան մը մէջ, անոնք Պասէքը տօնելու պատրաստութիւններ կը տեսնեն։ (Մատթէոս 26։17–19) Մինչ Նիսան 13–ին արեւը մար կը մտնէ, Յիսուս անոնց կը միանայ հոն ամբողջ պատմութեան մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող տօնակատարութեան համար։ Արդ ի՞նչ կը սպասէ Նիսան 14–ին։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի ըսէ։
[Ստորանիշ էջ14]
a Յաջորդ յօդուածը աւելի լաւ կերպով պիտի օգնէ մեզի գնահատելու օծեալ պզտիկ հօտին եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ եղող սերտ յարաբերութիւնը։
Ինչպէ՞ս Պիտի Ամփոփէիք
◻ Ոմանք ինչպի՞սի հիւրասիրութիւն ցոյց տուին եւ բարի գալուստ մաղթեցին Յիսուսի Նիսան 8–10–ի ընթացքին։
◻ Յիսուս ինչպէ՞ս քօղազերծեց կեղծաւոր կղերները Նիսան 11–ին։
◻ Յիսուս ո՞ր մեծ մարգարէութիւնը տուաւ, եւ անիկա ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի։
◻ Դէպքերը ինչպէ՞ս դէպի իրենց գագաթնակէտը ընթացան Նիսան 12–ին եւ 13–ին։
[Նկար՝ էջ 11]
Յիսուս կը գովէ տնանկ որբեւարին որ նուիրեց եկու լումայ՝ իր ամբողջ ունեցած ապրուստը