ԴԱՍ 118
Առաքեալները կը վիճին թէ ո՛վ աւելի մեծ է
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։31-35 ՄԱՐԿՈՍ 14։27-31 ՂՈՒԿԱՍ 22։24-38 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։31-38
ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՐԱՏ ԿՈՒ ՏԱՅ
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԸՍԷ ՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԶԻՆՔ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱՆԱՅ
ՍԷՐԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ
Իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին երեկոյեան, Յիսուս խոնարհութեան մասին կարեւոր դաս սորվեցուցած է՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Ատիկա ինչո՞ւ տեղին է։ Քանի որ ցոյց տուած են որ տկարութիւն մը ունին։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ նուիրուած են, դեռ մտահոգուած են թէ իրենց մէջ ո՛վ աւելի մեծ է (Մարկոս 9։32, 33. 10։35-37)։ Անոնց տկարութիւնը նորէն մէջտեղ կ’ելլէ աս երեկոյ։
Առաքեալներուն մէջ ‘վէճ մը կ’ըլլայ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի’ (Ղուկաս 22։24)։ Յիսուս որքա՜ն տխրած ըլլալու է, որ անոնք նորէ՛ն կը վիճին։ Ի՞նչ կ’ընէ։
Ան առաքեալները չի յանդիմաներ անոնց սխալ մտածելակերպին եւ վարքին համար, հապա համբերութեամբ կը տրամաբանէ անոնց հետ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք. . . Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը»։ Յետոյ իրենց կը յիշեցնէ իր օրինակը՝ ըսելով. «Սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ» (Ղուկաս 22։25-27)։
Հակառակ անոր որ առաքեալները թերութիւններ ունին, անոնք հաւատարմօրէն Յիսուսին կողմը դիրք բռնած են դժուար պարագաներու մէջ։ Անոր համար, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց» (Ղուկաս 22։29)։ Անոնք իր հաւատարիմ հետեւորդներն են։ Եւ զիրենք կը վստահեցնէ որ իր ըրած ուխտին միջոցաւ, Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլան եւ իրեն հետ պիտի թագաւորեն։
Թէեւ առաքեալները հոյակապ ապագայ ունին, բայց դեռ երկրի վրայ կ’ապրին եւ անկատար են։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ» (Ղուկաս 22։31)։ Ան նաեւ կը զգուշացնէ. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’» (Մատթէոս 26։31. Զաքարիա 13։7)։
Պետրոսը ամենայն վստահութեամբ կ’առարկէ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ» (Մատթէոս 26։33)։ Յիսուս Պետրոսին կ’ըսէ, որ այդ գիշեր աքլորը երկու անգամ չկանչած, զինք պիտի ուրանայ։ Բայց Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես» (Ղուկաս 22։32)։ Իսկ Պետրոս կը պնդէ. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26։35)։ Միւս առաքեալներն ալ նոյն բանը կ’ըսեն։
Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։33-35)։
Լսելէ ետք որ Յիսուս քիչ ժամանակ իրենց հետ պիտի մնայ, Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ Պետրոս շուարած կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ» (Յովհաննէս 13։36, 37)։
Հիմա Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ Գալիլիոյ մէջ իր առաքեալները ղրկեց քարոզելու՝ առանց դրամ կամ ուտելիքի պարկ ունենալու (Մատթէոս 10։5, 9, 10)։ Անոնց կը հարցնէ. «Բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոչ մէկ բանի»։ Յետոյ Յիսուս գալիք օրերուն նկատմամբ անոնց կ’ըսէ. «Հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է» (Ղուկաս 22։35-37)։
Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ զինք ցիցին վրայ պիտի գամեն չարագործներու, այսինքն՝ անօրէններու հետ։ Անկէ ետք, իր հետեւորդները խիստ հալածանք պիտի դիմագրաւեն։ Առաքեալները կը կարծեն որ պատրաստ են ու կ’ըսեն. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Հերիք են» (Ղուկաս 22։38)։ Իրենց հետ երկու սուր ունենալը քիչ ետք Յիսուսին առիթ պիտի տայ, որ անոնց ուրիշ կարեւոր դաս մը սորվեցնէ։