ԴԱՍ 127
Սենետրիոնը Յիսուսը կը հարցաքննէ եւ ետքը կ’ուղարկէ Պիղատոսին
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։1-11 ՄԱՐԿՈՍ 15։1 ՂՈՒԿԱՍ 22։66–23։3 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։28-35
ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՌՏՈՒՆ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ ՅԻՍՈՒՍԸ
ՅՈՒԴԱ ԻՍԿԱՐԻՈՎՏԱՑԻՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԱԽԵԼ
ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
Պետրոս Յիսուսը երեք անգամ ուրացած է եւ հիմա արդէն ուշ գիշեր է։ Սենետրիոնի անդամները արդէն իրենց դատավարութիւնը վերջացուցած են եւ ձգած–գացած են։ Բայց առտու կանուխ, անոնք նորէն կը հաւաքուին, թերեւս իրենց գիշերուան ապօրինի դատավարութեան օրինական բնոյթ տալու համար։ Յիսուս անոնց առջեւ կը բերուի։
Անոնք նորէն Յիսուսին կ’ըսեն. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք. եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք»։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս քաջաբար իր ինքնութիւնը կը յայտնէ, որ ինք ան է՝ որուն մասին մարգարէացուած է Դանիէլ 7։13–ին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի» (Ղուկաս 22։67-69. Մատթէոս 26։63)։
Անոնք կը պնդեն. «Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ»։ Իրենց համար, Յիսուսին խօսքերը արդէն իսկ բաւարար են, որ մեղադրուի որպէս Աստուծոյ հայհոյիչ եւ մահապատիժի ենթարկուի։ Անոնք կը հարցնեն. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն» (Ղուկաս 22։70, 71. Մարկոս 14։64)։ Անկէ ետք, անոնք Յիսուսը կը կապեն եւ հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին կը տանին։
Հաւանաբար Յուդա Իսկարիովտացին կը տեսնէ, որ Յիսուս Պիղատոսին կը տարուի։ Երբ Յուդան կ’անդրադառնայ, որ Յիսուսը դատապարտուեցաւ, խղճի խայթ կ’ունենայ եւ կը յուսահատի։ Բայց փոխանակ Աստուծոյ դիմելու եւ անկեղծօրէն զղջալու, ան կ’երթայ 30 կտոր արծաթը վերադարձնելու, եւ կ’ըսէ քահանայապետներուն. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Բայց անոնք անգթօրէն կը պատասխանեն. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ» (Մատթէոս 27։4)։
Յուդան 30 կտոր արծաթը տաճարին մէջ կը նետէ եւ կ’երթայ ուրիշ լուրջ սխալ մը կ’ընէ. ան կը փորձէ անձնասպան ըլլալ։ Մինչ ան կը փորձէ ինքզինք կախել, այնպէս կ’երեւի որ ճիւղը՝ որուն վրայ պարանը կապած է, կը կոտրուի եւ անոր մարմինը ժայռերուն վրայ կ’իյնայ եւ ‘մէջտեղէն կը ճեղքուի’ (Գործք 1։17, 18)։
Դեռ առտուն կանուխ է, երբ Յիսուս կը տարուի Պոնտացի Պիղատոսին պալատը։ Բայց զինք հոն տանող հրեաները կը մերժեն պալատը մտնել։ Անոնց կարծիքով, հեթանոսներուն հետ կապի մէջ մտնելը զիրենք պիտի պղծէ եւ այսպիսով պիտի չկարենան նիսան 15–ի ընթրիքը ուտել (նիսան 15–ին կը սկսի Բաղարջակերաց տօնը, որ Պասեքի շրջանին մէկ մասն է)։
Պիղատոս դուրս գալով՝ անոնց կը հարցնէ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։ Պիղատոս թերեւս կը զգայ, որ անոնք իր վրայ կը ճնշեն, անոր համար անոնց կ’ըսէ. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները կ’ըսեն. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։ Այս խօսքերով անոնք յստակ կը դարձնեն, որ իրենք կ’ուզե՛ն որ Յիսուս մեռնի եւ ճիշդ անոր համար է, որ Յիսուսը Պիղատոսին բերած են (Յովհաննէս 18։29-31)։
Իրականութեան մէջ, եթէ անոնք Յիսուսը սպաննեն Պասեքի ընթացքին, մեծ հաւանականութիւն կայ որ ժողովուրդը տակնուվրայ ըլլայ։ Բայց եթէ անոնք հռոմայեցիները մղեն Յիսուսը մահապատիժի ենթարկելու՝ զինք ամբաստանելով քաղաքական գետնի վրայ (ինչ որ հռոմայեցիները հեղինակութիւն ունին ընելու), կ’ազատին այդ պատասխանատուութենէն ժողովուրդին առջեւ։
Կրօնական առաջնորդները չեն ըսեր Պիղատոսին, որ իրենք Յիսուսը որպէս հայհոյիչ դատապարտած են։ Անոնք նոր ամբաստանութիւններ կ’ընեն. «Ասիկա գտանք, որ [1] մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու [2] Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ [3] իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է» (Ղուկաս 23։2)։
Որպէս Հռոմի ներկայացուցիչ, Պիղատոսը կը մտահոգուի այն ամբաստանութեամբ, թէ Յիսուս ինքզինք թագաւոր կը սեպէ։ Անոր համար, երբ ան պալատ կը մտնէ, իր քով կը կանչէ Յիսուսը եւ կը հարցնէ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։ Ուրիշ խօսքով, ան կարծես կը հարցնէ. ‘Արդեօք կայսերական օրէնքը խախտա՞ծ ես եւ կայսրին դէմ ելլելով՝ դուն քեզ թագաւոր հռչակա՞ծ ես’։ Յիսուս, թերեւս փափաքելով գիտնալ թէ Պիղատոս ինչ լսած է իր մասին, կը հարցնէ. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին» (Յովհաննէս 18։33, 34)։
Պիղատոսն ալ ցոյց տալու համար, որ Յիսուսի մասին տեղեկութիւններ չունի, բայց կ’ուզէ ունենալ, կ’ըսէ. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն» (Յովհաննէս 18։35)։
Յիսուս չի փորձեր փախուստ տալ իր թագաւոր ըլլալուն նիւթէն։ Ան այնպիսի պատասխան մը կու տայ, որ անկասկած շատ կը զարմացնէ Պիղատոսը։