ԴԱՍ 131
Անմեղ Թագաւոր մը կը տառապի ցիցին վրայ
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։33-44 ՄԱՐԿՈՍ 15։22-32 ՂՈՒԿԱՍ 23։32-43 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։17-24
ՅԻՍՈՒՍԸ ՏԱՆՋԱՆՔԻ ՑԻՑԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԳԱՄԵՆ
ՅԻՍՈՒՍԻ ԳԼԽՈՒՆ ՎԵՐԵՒ ԴՐՈՒԱԾ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԶԻՆՔ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏԻ ՄԷՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ՅՈՅՍԸ ԿՈՒ ՏԱՅ
Յիսուսը կը տանին քաղաքին մօտ գտնուող վայր մը, ուր ան եւ երկու աւազակներ մահապատիժի պիտի ենթարկուին։ Այդ վայրը կը կոչուի՝ «Գողգոթա» կամ «Գանկի տեղ»։ Անիկա նոյնիսկ «հեռուէն» կը տեսնուի (Մարկոս 15։40)։
Զինուորները երեք դատապարտեալներուն վրայէն հագուստները կը հանեն եւ զմուռսով խառնուած գինի կու տան անոնց։ Այնպէս կ’երեւի որ Երուսաղէմի կիները այս խառնուրդը պատրաստած են եւ հռոմայեցիները խնդիր չունին ատիկա դատապարտեալներուն տալու, որ անոնց ցաւը թեթեւնայ։ Բայց Յիսուս ատիկա համտեսելէ ետք, կը մերժէ խմել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ուզէ այս մեծ փորձութեան ժամանակ արթուն եւ հաւատարիմ մնալ՝ մինչեւ մահ։
Յիսուսը կ’երկնցնեն ցիցին վրայ (Մարկոս 15։25)։ Զինուորները անոր ձեռքերը եւ ոտքերը ցիցին վրայ կը գամեն։ Գամերը անոր միսը եւ յօդակապերը կը պատռեն, ինչ որ շա՛տ ցաւ կը պատճառէ։ Իսկ երբ զինուորները ցիցը կը կանգնեցնեն, Յիսուսին ցաւերը անտանելի կը դառնան, քանի որ անոր մարմինին ծանրութենէն՝ վէրքերը կը մեծնան։ Բայց Յիսուս զինուորները չի յանդիմաներ, հապա կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկաս 23։34)։
Հռոմայեցիները սովորութիւն ունին ոճրագործին գլխուն վերեւ գրութիւն մը դնելու, որ ցոյց կու տայ անոր յանցանքը։ Պիղատոս Յիսուսին համար հետեւեալը գրել տուած է. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ Ատիկա գրուած է եբրայերէնով, լատիներէնով եւ յունարէնով, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ կարդալ։ Պիղատոսին այս քայլը ցոյց կու տայ իր արհամարհանքը հրեաներուն հանդէպ, որոնք պնդեցին որ Յիսուս սպաննուի։ Քահանայապետները Պիղատոսին կը գանգատին՝ ըսելով. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ Բայց Պիղատոս չ’ուզեր նորէն օգտագործուիլ անոնց կողմէ. անոր համար կը պատասխանէ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի» (Յովհաննէս 19։19-22)։
Խիստ բարկացած քահանաները կը կրկնեն այն սուտ վկայութիւնը, որ նախապէս տրուեցաւ Սենետրիոնի դատաքննութիւններուն ժամանակ։ Զարմանալի չէ որ անցորդները իրենց գլուխը ծաղրանքով կը շարժեն եւ անարգելով կ’ըսեն. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։ Իսկ քահանայապետները եւ դպիրները իրարու կ’ըսեն. «Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք» (Մարկոս 15։29-32)։ Նոյնիսկ երկու աւազակները, որոնք Յիսուսին աջ ու ձախ կողմն են, զինք կը նախատեն, հակառակ անոր որ ինք միակն է որ իրապէս անմեղ է։
Հռոմայեցի չորս զինուորներն ալ Յիսուսը ծաղր կ’ընեն։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք գինի խմած են եւ հիմա ծաղրանքով ատիկա Յիսուսին կը հրամցնեն, թէեւ գիտեն որ չի կրնար ձեռքը երկարել եւ առնել։ Անոնք Յիսուսի գլխուն վրայի գրութեան ակնարկելով՝ ծաղրական ոճով կ’ըսեն. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ» (Ղուկաս 23։36, 37)։ Պահ մը մտածէ։ Այն մարդը, որ փաստած է որ ինքն է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, անարդարօրէն ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ։ Բայց Յիսուս քաջաբար այս բոլորին կը տոկայ, առանց յանդիմանելու հրեաները, զինք ծաղրող հռոմայեցի զինուորները կամ իր կողքին եղող երկու չարագործները։
Չորս զինուորները Յիսուսին վերնազգեստները կ’առնեն եւ չորսի կը բաժնեն։ Անոնց վրայ վիճակ կը ձգեն, որպէսզի նային թէ ո՛վ որ մասը պիտի առնէ։ Իսկ Յիսուսին զգեստը շատ լաւ որակ ունի։ Անիկա ‘առանց կարի է, վերէն վար հիւսուած’։ Զինուորները կ’ըսեն. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ»։ Այսպէս անոնք կը կատարեն այն համարը, որ կ’ըսէ թէ Մեսիային հագուստները պիտի բաժնուէին եւ անոնց վրայ վիճակ ձգուէր (Յովհաննէս 19։23, 24. Սաղմոս 22։18)։
Որոշ ժամանակ ետք, չարագործներէն մէկը կ’անդրադառնայ որ Յիսուս իրապէս թագաւոր է։ Ան միւս յանցագործը կը յանդիմանէ՝ ըսելով. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ Ետքը Յիսուսէն կը խնդրէ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկաս 23։40-42)։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Յիսուս անոր չ’ըսեր, որ Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլայ, հապա կ’ըսէ՝ «դրախտին մէջ»։ Իր այս խոստումը տարբեր է այն խոստումէն, որուն մասին խօսեցաւ իր առաքեալներուն, երբ ըսաւ որ Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ պիտի նստին գահերու վրայ (Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 22։29, 30)։ Բայց այս հրեայ չարագործը կրնայ ըլլալ որ լսած է այն երկրային Դրախտին մասին, որ Եհովան սկիզբը տուած էր Ադամին եւ Եւային, որպէսզի թէ՛ անոնք եւ թէ անոնց սերունդը հոն բնակին։ Անոր համար Յիսուսին այս խօսքերը շատ գեղեցիկ յոյս կու տան չարագործին։